Jump to content

Հէնրիկ Հիւպշման

Հէնրիկ Հիւպշման
գերմաներէն՝ Heinrich Hübschmann
Ծնած է 1 Յուլիս 1848(1848-07-01)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Էրֆուրտ, Պրուսիոյ թագաւորութիւն
Մահացած է 21 Յունուար 1908(1908-01-21)[1] (59 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆրայբուրգ իմ Բրայսգաու
Քաղաքացիութիւն  Պրուսիոյ թագաւորութիւն
Ուսումնավայր Ենայի Համալսարան
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, հայագէտ, համալսարանի դասախօս, բանասէր, արեւելագէտ
Աշխատավայր Լայփցիկի Համալսարան
Անդամութիւն Jenaische Burschenschaft Germania?

Հէնրիկ Հիւպշման (1 Յուլիս 1848(1848-07-01)[1][2][3][…], Էրֆուրտ, Պրուսիոյ թագաւորութիւն - 21 Յունուար 1908(1908-01-21)[1], Ֆրայբուրգ իմ Բրայսգաու) (Եոհան Հէնրիկ), գերմանացի Լեզուաբան, հայագէտ, իրանագէտ։ Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր (1872)։

Ծնած է Փրուսիոյ Էրֆուրթ քաղաքը։ 1868 թուականին Ենայի համալսարանին մէջ աշակերտած է Անտրէաս Շլայխըրի, ապա՝ հայագիտական բնագաւառէն ներս Ենայի եւ Թիւպինկէնի համալսարաններու փրոֆէսոր Ա. Մերքսին։

Աւարտած է Միւնիխի համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինը (1872) եւ ստացած դոկտորի աստիճան։ Նոյն տարին Միւնիխի մէջ հրատարակած է «Հոլովումներու վարդապետութիւնը», որուն մէջ հայ լեզուին վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ կան։ «Զրադաշտական երգ մը» (1872) ուսումնասիրութեան մէջ անոր ուշադրութիւնը գրաւած է նաեւ հայերէնը։ 1873-ին հրատարակած է քանի մը ուսումնասիրութիւններ Ավիստայի մասին։ 1873-1875 թուականներուն Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ ուսումնասիրած է այն եւ յետագային հիմնականօրէն զբաղած միայն հայերէնով։ 1875 թուականին Լայփցիկ համալսարանին մէջ դասախօսի պաշտօն ստանալուն համար ներկայացուցած է յիշատակագիր մը, արաբական տիրապետութեան շրջանին Հայաստանի վիճակի մասին քաղելով Սեփիոսէն, զոր գերմաներէնի թարգմանած է։ Հայոց լեզուի զարգացման մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է ոչ լեզուական երեւոյթներուն՝ մշակոյթին, մշակութային փոխազդեցութիւններուն, տարածքային նուաճումներուն։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեզուներու համեմատական ուսումնասիրութեան համար կարեւոր համարած է բացառութիւններ չճանաչող հնչիւնական օրէնքներու, ինչպէս նաեւ լեզուի պատմութեան մէջ համաբանութեան գործօնի ազդեցութեան բացայայտումը։ Հնդեւրոպական լեզուներու փոխյարաբերութեան հարցը Հիւպշման ընդունած է Եոհան Շմիտթի «ալիքներու տեսութիւնը»։ 1875-ին կը հրատարակէ հայագիտութեան մասին շատ նշանակելի աշխատութիւն մը, որ ցոյց կու տար թէ՝ «ո՜ր տեղը կը գաւէ հայ լեզուն հնդեւրոպական լեզուներուն մէջ», հայերէնը համեմատական քննութեան ենթարկելով միւս հնդեւրոպական լեզուներու հետ, Հիւպշման ապացուցածէ, որ հայերէնին իրանական բնոյթ տուող բառերը պարսկական փոխառութիւններ են, իսկ հայերէնը իր բնիկ բառապաշարով, հնչիւնական եւ քերականական կառուցուածքով անկախ դիրք կը գրաւէ հնդեւրոպական լեզուաընտանիքին մէջ։ Յետագային ան աւելի մանրամասն քննութեան ենթարկած է հայերէնի հնչիւնական, քերականական համակարգերը եւ բառապաշարը։

1876-ին «Գերման-արեւելեան ընկերութեան» հանդէսին մէջ նշանակութեան արժանի յօդուած մը հրատարակած է հին հայերէն լեզուի արտասանութեան եւ տարադարձութեան մասին։

1877 Մայիս 18-ին, Լոնտոնի մէջ գումարուած Բարեսիրական ընկերութեան ներկայացուցած է խիստ հետաքրքրական տեղեկութիւն մը հայոց լեզուի ուսման կարեւորութեան մասին, բանասիրական տեսակէտով։ Այս նշանակելի աշխատութենէն ետք 1877-ին, Սթրազպուրկի համալսարանին համեմատական բանասիրութեան ուսուցչապետ անուանուեցաւ։ 1881-էն սկսեալ հայ լեզուի եւ պատմութեան վերաբերեալ հատորներու շարք մը հրատարակած է։

Սակայն ինչ որ Հիւպշմանի անունը անմոռանալի պիտի դարձնէր եւ իրեն պիտի սեփականացնէր հայագէտներու միջեւ, որոնց շատ բան կը պարտի հայ բանասիրութիւնը, այն մեծ աշխատութեանց շարքն է, զոր սկսաւ հրատարակել «Հայերէն քերականութիւն» անունին տակ։ Ասոնցմէ երկուքը հին հայերէնի մէջ պարսկերէն եւ արաբերէն բառեր – 1895, Լայփցիկ – եւ հին հայերէնի մէջ արաբերէն եւ յունարէն փոխառեալ բառեր եւ բնիկ հայերէն բառեր - 1897, որոնք կը կազմէին հայերէն քերականութեան ստուգաբանական մասը, հրատարակուած են, իսկ մնացեալ երկու մասերը չէ կրցած աւարտել Հիւպշման[4]:

Հիմնական Աշխատութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Zur Casuslehre», Münch., 1875
  • Über die Stellung des Armenischen im Kreise der indogermanischen Sprachen, «Zeitschrift fur vergleichende Sprachforschung der indogermanischen Sprachen», 1877, Bd 23
  • Iranische Studien, 1879, Bd 24
  • «Armenische Studien», 1883
    «Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններ»
  • «Das indogermanische Vokalsystem», Stras., 1885
  • «Etymologie und Lautlehre der ossetischen Sprache», Stras., 1887
  • «Persische Studien», Stras., 1895
  • «Armenische Grammatik», 2 Aufl., Lpz., 1897
    «հայերէնի քերականությունը»
  • «Altarmenische Ortsnamen», 1904
    «Հին հայկական տեղանուններ»

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։