Jump to content

Հանրագիտակ

Հանրագիտակ
Հանրագիտակ եւ Encyclopédie
Տեսակ թերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 23 Դեկտեմբեր 1896[1]
Երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս

«Հանրագիտակ», գրականութեան, արուեստի, գիտութեան եւ հասարակական-քաղաքական պատկերազարդ շաբաթաթերթ (1901-1902 թուականներուն՝ տասնօրեայ)։ Լոյս տեսած է 1896-1908 թուականներուն, Կ.Պոլսոյ մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ղ. Բոլատ, Ա. Լուսինեան, Վ. Փափազեան, Մ. Պապոյեան։ Սկզբնական շրջանին ունեցած է առաւելապէս մանկական բնոյթ, այնուհետեւ՝ 1905 թուականէն, գրական-երգիծական։ Հանրագիտական յամառօտ տեղեկութիւններ հաղորդած է գիտութեան տարբեր բնագաւառներու, հասարակական ֊քաղաքական կեանքի իրադարձութիւններու, պատմութեան վերաբերեալ։ «Նորութիւններ գիտական աշխարհէն» բաժնին մէջ ներկայացուցած է ժամանակի գիտական յայտնագործութիւնները, նիւթեր տպագրած բանասիրութեան, աշխարհագրութեան, տնտեսագիտութեան, մանկավարժութեան եւ այլ բնագաւառներէ։ Զետեղած է նաեւ պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ։ Աշխատակցածեն Ալփասլանը, Թէոդիկը, Հ. Ասատուրը, Սիպիլը եւ ուրիշներ։ 1908 թուականին լոյս ընծայած է «Հանրագիտակ-ալպոմ» երգիծական հաւաքածօն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
  1. http://tert.nla.am/archive/NLA%20AMSAGIR/Hanragitak/1896/1896(1).pdf