Հանդէս Հայագիտութեան
Արտաքին տեսք
«Հանդես Հայագիտութեան» («Zeit-schrift fur armenische Philologie»), գիտական հանդէս։ Հրատարակուած է 1901-1902 թուականներուն, երկու գիրք (տպագրութիւնը Մարպուրկի մէջ՝ Գերմանիա, խմբագրավայրը՝ Թիֆլիս)։ Պատասխանատու խմբագիր՝ Ֆրանց Նիկոլաուս Ֆինկ, ընկերակցութեամբ՝ Ե. Գէանշեցեանի եւ Հ. Մանանդեանի։ Տպագրած է նիւթեր պատմութեան, լեզուաբանութեան, ազգագրութեան վերաբերեալ։
Ուշագրաւ համարուած են հայագէտ խմբագրի «Հայ միջնադարեան մանրապատումներ», Հրաչեայ Աճառեանի «Վանի բարբառի հնչիւնաբանութիւնը» ուսումնասիրութիւնները, Ս. Մալխասեանի մենագրութիւնը Փաւստոս Բուզանդի պատմութեան վերաբերեալ, Ա. Մեյէի, Հ. Գելցերի եւ այլոց գործերը։ Ներկայացուցած է նաեւ գեղարուեստական աշխատանքներ։ Պարբերագիրքի յօդուածներու մէկ մասը գերմաներէն է։