Հայ սիրտ (պարբերաթերթ)
Արտաքին տեսք
Հայ սիրտ | |
---|---|
Տեսակ | պարբերաթերթ |
Ժանր | գիտական, հասարակական, գրական, առողջապահական եւ մանկական |
Լեզու | հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն |
Երկիր | Պոսթոն |
«Հայ սիրտ» (Պոսթոն), գիտական, հասարակական, գրական, առողջապահական եւ մանկական եռամսեայ պարբերաթերթ:
Հրատարակուած է առաջին անգամ 1939-ին Պոսթոն եւ կը շարունակէ հրատարակուիլ մինչեւ օրս: Տարիներու ընթացքին հրատարակուած է տարբեր անունով, ինչպէս՝ «Հայ կարմիր խաչ» (1939-1946 ) եւ «Հայ օգնութեան միութիւն» (1946-1956): Հրատարակուած է հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաթերթն է: Հոն տեղ գտած են ՀՕՄ-ի տեղեկագիրները, միութեան մասնաճիւղերուն գործունէութեան նիւթեր եւ յօդուածներ, առողջապահական եւ բժշկական գրութիւններ, հայրենասիրական եւ բարոյագիտական յօդուածներ[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐ ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ 1850-1980»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2019-12-27։ արտագրուած է՝ 2022-01-24