Հայ Յեղափոխական Բանակ
Հայ Յեղափոխական Բանակ (յապաւումը՝ ՀՅԲ, անգլերէն անուանումը՝ Armenian Revolutionary Army, ARA), հայ քաղաքական ընդյատակեայ կազմակերպութիւն։ Ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ հայկական նոր զինուած կազմակերպութիւն մը, որ իր պայքարը կը կեդրոնացնէ միայն թրքական պետութեան դէմ՝ ի նպաստ Հայ դատին, եւ այլ շահեր չի հետապնդեր։
Հակաթրքական զինուած գործողութիւններով հանդէս եկած է 1983-1985 թուականներուն։
ՀՅԲ գործողութիւններէն են.
- 27 Յուլիս 1983-ին Լիզպոնի թրքական դեսպանատան (մասնակիցները՝ Սեդրակ Աճէմեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Սիմոն Եահնէեանը, Սարգիս Աբրահամեանը եւ Արա Գրճըլեանը ինքնաողջակիզուեցան գործողութեան ընթացքին):
1983 թուականի Յուլիս 27-ին հայ հինգ երիտասարդները կը ժամանեն Փորթուկալի թրքական դեսպանատան մօտ՝ պայթուցիկներով լեցուած երկու մեքենաներով։ Երիտասարդները նախօրօք ծրագրած էին գրաւել դեսպանատան շէնքը, գերեվարել թուրք դեսպանը՝ այդ քայլով կարողանալով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռել Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ այդ փաստի ժխտման վրայ։ Սակայն հայ վրիժառուները չեն յաջողիր մտնել դեսպանատան շէնք։ Շէնք ներխուժելու փորձի ժամանակ սկսած փոխհրաձգութեան ընթացքին կը սպաննուի Սիմոն Եահնէեանը։
Ողջ մնացած 4 հայ երիտասարդները կը շտապեն դեսպանութեան շէնքի յարակից դեսպանի նստավայր, կը ներխուժեն շէնք եւ կը գերեվարեն շէնքին մէջ գտնուող գործերու հաւատարմատարի կինը եւ տղան։ Այն սենեակը, ուր կը պահուէին գերիները, գրոհայինները կը շրջապատեն պայթուցիկներով։ Անոնք կը սպառնային պայթեցնել շէնքը, եթէ ոստիկանութիւնը փորձի գրոհել զայն։
Շուրջ 170 հոգիէ բաղկացած ոստիկանական ուժերը կը շրջափակեն շէնքը։ Փորթուկալի կառավարութիւնը վարչապետ Մարիօ Սուարեսի գլխաւորութեամբ արտակարգ նիստ մը կը գումարէ, որու ընթացքին կ'որոշուի առաջին անգամ օգտագործել նոր կազմաւորված ոստիկանական էլիթար ջոկատը։
Նախքան յատուկ ջոկատայիննեու գրոհը սկսիլը, շէնքին մէջ հրդեհ կը բռնկի։ Ապա կը լսուին պայթիւնի ձայներ։ Հայ վրիժառուները գերիները ազատ արձակելէ ետք, կը պայթեցնեն իրենք զիրենք։
Կատարուածի համար պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ Հայ Յեղափոխական Բանակը (ՀՅԲ)։ ՀՅԲ-ի կողմէ ստորագրուած ԶԼՄ-ներուն ուղարկուած տպագիր հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուէր.
«Իմացէք` մենք ինչ կ'ընենք։ Ազատասէր հայ երիտասարդները որոշած են անգործ չսպասել։ Մենք ամէն ինչ կորսնցուցած ենք եւ այդ պատճառով որոշած ենք օդը բարձրացնել այդ շէնքն ու մնալ փլատակներուն տակ։ Սա ինքնասպանութիւն ու խելագարութիւն չէ, այլ բարձրագոյն նուիրատուութիւն ազատագրական պայքարին։ Թող միջազգային հանրութիւնը մեզ արկածախնդիր անուանէ կամ ահաբեկիչ ու դահիճ՝ հարց չէ։ Մենք որոշած ենք ուժի դիմել, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնն ու այլ երկիրներ, որոնք կը պաշտպանեն այդ իշխանութիւնը, կ'ոտնահարեն հայ ժողովուրդի իրաւունքները։ Հայ ժողովուրդը երկար սպասած է, որ միջազգային դատարանը գտնէ հայկական հարցի լուծումը։ Հայ ժողովուրդի ինքնակողմնորոշման միակ ելքը զինուած պայքարն է։ Նախնիներու ազատ եւ անկախ հայրենիքին մէջ ապրիլն ու զարգանալը հայ ժողովուրդի իրաւունքն է»։
Տղոց մարմինները ամփոփուած են Պէյրութի հայկական գերեզմանատան մէջ[1]։
- 18 Մարտ 1985-ին՝ Օթաուայի թրքական դեսպանատան գրաւումը (գործողութեան մասնակիցները՝ Յովիկ Նուպարեանը, Գէորգ Մարաշլեանը եւ Ռաֆֆի Թիթիզեանը դատապարտուեցան ցմահ բանտարկութեան)։
ՀՅԲ գործունէութիւնը լայնօրէն լուսաբանուած է է ՀՅԴ մամուլին մէջ: Ձերբակալուած անդամի պաշտպանութիւնը ստանձնած է տեղական Դաշնակցական կազմակերպութիւնները, բայց ՀՅԴ-ն ժխտած է որեւէ կազմակերպչական կապ ՀՅԲ հետ։
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ |
- ↑ «Հայ հեղափոխական բանակ | armeniansgenocide.am»։ www.armeniansgenocide-am.armin.am։ արտագրուած է՝ 2024-12-04