Հայ Կեդրոն
Արտաքին տեսք
«Հայ Կեդրոն», ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1932—1970 թուականներուն, Պույնէս Այրեսի մէջ՝ հայերէն։ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան պաշտօնաթերթ։ Խմբագիրներ՝ Իսրայէլ Արսլան, Գարեգին արքեպիսկոպոս Խաչատուրեան, Յարութիւն վարդապետ Մուշեան, Սիոն արքեպիսկոպոս Մանուկեան, Բաբգէն արքեպիսկոպոս Ապատեան։ Հրատարակած է կրօնաբարոյական, մշակութային նիւթեր, անդրադարձած թեմական անցուդարձերուն։ Հրատարակած է հոգաբարձութեան հաշուէտուութիւնները, գաղութի պատմութեան մասին նիւթեր։ 1991—1992 թուականներուն «Հայ Կեդրոն» երեք անթուակիր համարներ լոյս տեսած են սպաներէն՝ նուիրուած Հայաստանին եւ անոր հետ կապուած իրադարձութիւններուն։ 1997 թուականին սկսած է վերահրատարակուիլ՝ հիմնականին սպաներէն։