Jump to content

Իսրայէլ Ասլան

Իսրայէլ Ասլան
Ծնած է 15 Օգոստոս 1870(1870-08-15)
Ծննդավայր Մունճուսուն (Կեսարիա)
Մահացած է անհայտ
Մասնագիտութիւն ճարտարապետ

Ասլան (Արսլան) Իսրայէլ (15 Օգոստոս 1870, Մունճուսուն (Կեսարիա) - ․․․), հայ ճարտարապետ։

Նախնական ուսումը կը ստանայ ծննդավայրին Մծբնեան վարժարանին մէջ, ուրկէ կ'անցնի Կեսարիա, Ս. Կարապետ վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանը եւ շրջանաւարտ ըլլալէ ըտք 5 տարի ուսուցիչ-տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ Կեսարիոյ Հայկեան վարժարանին մէջ ու յետոյ 4 տարի ընդ. Տնօրէնի պաշտօն կը վարէ Մէրզուֆունի (Մարզուան) եւ Օրտուի Ազգային երկսեռ վարժարաններուն մէջ։

Ուսում եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի. Ասլան 1905-ին կը մտնէ Փարիզի ճարտարապետական վարժարանը եւ 1909-ին վկայականը ստանալով Պուէնոս Այրէս կը մեկնի, նեցուկ ու պաշտպան հանդիսանալով վերջերս հոն գաղթող աղքատներուն։ Ի. Արսլան իր ճարտարապետական ասպարէզին մէջ անտեսած չէ ազգային կեանքը եւ իր մտահոգութեան գլխաւոր առարկան ըրած է Արժանթինի եւ մանաւանդ Պ. Այրէսի հայ գաղութի ազգապահպանման կարեւոր հարցը ու ջանացած է անոր մէջ ազգային ոգին վառ պահելու միջոցներ ձեռք առնել։

1918-ին ընդհանուր պատերազմի ընթացքին, Պ. Այրէսի մէջ հիմնած է «Հայ Ազգային Միութիւն» մը (Union Nacional Armenia), զոր տեղական կառավարութեան եւ դաշնակից պետութեանց ներկայացուցիչներուն պաշտօնապէս ճանչցնել տալէ ետք, հայ գաղութին մէջ հիւպատոսարանի պակասը լրացուցած է անցագիրներ, ինքնութեան վկայագրեր եւ այլ պաշտօնական գրութիւններ յանձնելով։

1920-ին Պուէնոս Այրէսի մէջ հաստատած է «Հայ Գաղութային Կեդրոն» անուան տակ (Centro Colonial Armenia) նոր կազմակերպութիւն մը, որ յաջողութեամբ գլուխ հանած է՝ Պոլիսէն, Սուրիայէն եւ Յունաստանէն այդտեղ հասնող հազարաւոր գաղթական հայերու տեղաւորման դժուարին հարցը, առանց տեղական իշխանութեանց եւ օտար գաղութներու աջակցութեան դիմելու։ Սոյն կազմակերպութիւնը նոյնպէս նախաձեռնութիւնը ունեցած է կարգ մը դպրոցներ եւ մատուռ մը բանալու։

Ի. Արսլան 1930-ին նոր ծրագիր-կանոնագիր մը պատրաստելով տեղական կառավարութեան վաւերացնել տուած է՝ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւն» (Institucion Administrativa Iglesia Armenia) անուան տակ եւ ի՛ր իսկ նախաձեռնութեամբ ի գլուխ հանած է Հայ Կեղրոնի շինութիւնը, թատրոն — սրահով եւ յարակից բաժիններով, որոնք յատկացուած են Արսլանեան երկսեռ վարժարանի, գրադարանի եւ հաստատութեան գրասենեակի։ Հ. Ա. Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան գանձապահն եղած է։

Ի. Արսլան 1932 Հոկտեմբերին հիմնած է «Հայ Կեդրոն» ամսաթերթը եւ զայն կը խմբագրած՝ մինչեւ 1938 թուական։ Ի. Ասլան իբր անհատականութիւն գրաւած է Հարաւային Ամերիկայի գաղութին մէջ պատուաւոր դիրք մը եւ իբրեւ արժանաւոր զաւակը իր հայրենիքին։

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ․ Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Բ․ հատոր, էջ 223-224։