Հայ Աշխարհ

Հայ Աշխարհ, պատմութեան եւ մշակոյթի ամսաթերթ։ Պելճիքայի հայ կաթողիկէներու հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1937–1939 թուականներուն, Պրիւքսէլի մէջ, հայերէն եւ ֆրանսերէն (վերջը՝ միայն ֆրանսերէն)։ Տնօրէն-խմբագիր՝ Հ. Նալպանտեան։ Ծանօթացուած է հայ եկեղեցւոյ պատմութեանը, անոր նշանաւոր գործիչներուն, ֆրանսերէն ներկայացուցած հայոց պատմութիւնը, աւանդոյթները եւն։ Ինքնուսոյց վարժութիւններով օգնած է սորվիլ հայերէն։ Հատուածներ տպագրած է նաեւ Հոլանտայի եւ Պելճիքայի հայ գաղութներու մասին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։