Jump to content

Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան (Պիքֆայա)

Յուշատախտակին բովանդակութիւնը․ «Կառուցաւ յուշարձանս յիսնամեակի Ապրիլեան Եղեռնի, միասնական գործակցութեամբ համայն հայ ժողովրդեանն Լիբանանու, ի պանծացումն վերածննդեան ազգիս Հայոց եւ յերախտագիտութիւն երկրիս մերոյ Լիբանանու, 24 ապրիլ 1970»[1]:

Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանք-հովոցի շուքին, Խորէն Ա. վեհափառին նախաձեռնութեամբ, Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշարձան։ Հեղինակն է քանդակագործ Զաւէն Խտըշեան:

Յուշարձանը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին։ Պաշտօնական բացումը կատարուած է 24 Ապրիլ 1970-ին[1]:

Որպէս յիսնամեակի աւարտ, Ապրիլ 1966-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա. կը յայտարարէր, թէ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ յիսնամեակին նուիրուած յուշարձան մը պիտի կառուցուէր։ Ս. Աստուածածնի մատրան մօտ գտնուող ժայռի մը վրայ կառուցուելիք յուշարձանը յայտնի քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի (1932-2018) գործը պիտի ըլլար։

Հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի ունեցած է 23 Ապրիլ, 1967-ին, ձեռամբ երեք հայ հոգեւոր պետերուն՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոս, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Պատրիարք եւ Վեր. Յովհաննէս Ահարոնեան։ Դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան (ապագայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ապագայ Գարեգին Բ. եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոս) յուշարձանի յանձնախումբին անունով ուղերձ մը կարդած է, ուր ի մասնաւորի յայտնեց.

Ձեր մարմնոյ աչքերը միայն խարիսխը կը տեսնեն, ամրակուռ ժայռ-պատուանդանը: Բայց կ՚ուզեմ, որ ձեր հոգւոյ աչքերը նոյնքան իրաւութեամբ եւ առաւել եւս հրճուանքով տեսնեն աւելի քան տասներկու մեթր բարձրութեամբ դէպի երկինք կոթողացող պրոնզեայ այն թռիչք-արձանը, որ մարդկային մարմնի մը վերականգնումի պատկերին մէջէն կը խորհրդանշէ ամբողջ ժողովուրդի մը յաղթ վերականգնումը աւազներու եւ աւերակներու, ցնցոտիներու եւ վէրքերու, տանջանքներու եւ խոշտանգումներու մահասարսուռ աշխարհէն դէպի առողջ վերակենդանութեան, տենդոտ ստեղծագործութեան, անյագ շինարարութեան աշխարհը։

Պրոնզէ յուշարձանը՝ երկինք ուղղուած ձեռքերով ոտքի կեցող կնոջ մը վերացական պատկերը, շինուած է ժողովրդային հանգականութեան շնորհիւ։ Արձանը կանգնած է հինգ մեթր բարձրութեամբ ժայռին վրայ։

Յուշարձանի բացումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բացումը նախատեսուած էր 24 Ապրիլ, 1969-ին, բայց լիբանանեան հերթական քաղաքական տագնապը կանխած է Մեծ Եղեռնի հրապարակային ոգեկոչումը այդ տարի․ յետաձգուած է 24 Ապրիլ 1970-ին, երբ պիտի դառնար ցեղասպանութեան 55ամեակի գլխաւոր ձեռնարկներէն մէկը։

Հսկայ բազմութիւնը, որ ըստ կարգ մը գնահատումներու՝ աւելի քան 20.000 հոգի կը հաշուէր, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Պատարագէն ետք փութացած էր Պիքֆայա։

Հոգեհանգստեան արարողութենէ մը ետք, առաջին բանախօսը եղած է Պօղոս Տուզճեան՝ յուշարձանի յանձնախումբի անունով, որուն հետեւած են Վեր. Ահարոնեան, Մեսրոպ եպս. Թէրզեան (Պաթանեան պատրիարքի անունով) եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոս։ Բացումը հովանաւորած է Լիբանանի նախագահ Շառլ Հելուի անունով՝ Զբօսաշրջութեան նախարար Խաչիկ Պապիկեան, որ նաեւ գլխաւոր բանախօսը եղած է։

Վերանորոգումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, յուշարձանը ենթարկուած է ռմբահարումի՝ փաղանգաւորներու կողմէ, իսկ անոր ստորին մասը ծանրօրէն տուժած է։ Սակայն, յուշարձանը դիմացած է անարգ ոճիրին ու յետագային՝ վերանորոգուած[2]։

Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով, յուշարձանը կրկին վերանորոգուած է, իսկ նահատակաց նուիրուած խորան մը շինուած՝ մօտակայքը։ Դէպի յուշարձան տանող ժայռերն ու պատերը զարդարուած են հայոց պատմութեան, Հայ Եկեղեցւոյ ու Մեծ Եղեռնի նուիրուած խորհրդանշաններով, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան քարտէս մը աւելցուած է՝ յուշարձանին մօտերը[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 ««Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պիքֆայայի Նահատակաց Յուշարձանին Բացման Փառաշուք Հանդիսութիւնը - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2024-04-22 
  2. «This Week In Armenian History: Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին բացումը (24 Ապրիլ, 1970)»։ This Week In Armenian History։ 2019-04-24։ արտագրուած է՝ 2024-04-22 
  3. «Պիքֆայայի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Կողքին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2024-04-22