Jump to content

Հայկ Գ. Մելքոնեան

Հայկ Գ. Մելքոնեան
Ծնած է 25 Դեկտեմբեր 1923
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 1 Յունուար 1983
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մասնագիտութիւն Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր, Ասորագէտ
Հայկ Գ. Մելքոնեան, Ադիաբենի պետութիւնը եւ Հայաստանը, Երեւան, 1980

Հայկ Գ. Մելքոնեան (25 Դեկտեմբեր 1923, Հալէպ - 1 Յունուար 1983, Երեւան), Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր, հմուտ պատմաբան եւ ասորագէտ: Էջմիածինի գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ:

Ծնած է Հալէպ (Սուրիա), 25 Դեկտեմբեր 1923-ին: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ բնակավայրի Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ, զոր կ'աւարտէ 1936-ին:

1937-1942 թուականներուն ան իր ուսումը կը շարունակէ Երուսաղէմի Ժառանգաւորացին մէջ, իսկ 1943-ին, մուտք կը գործէ Երուսաղէմի հոգեւոր ճեմարանը, որուն ուսման ընթացքը կ'աւարտէ 1945-ին: 1946-ին՝ ծնողներուն հետ կը գաղթէ Հայաստան, ուր առաջին երեք տարիներուն՝ 1946-1949 թուականներուն իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Երեւանի Յակոբ Յակոբեանի անուան դպրոցին մէջ, դասաւանդելով անգլերէն: 1946-ին, միաժամանակ կը սկսի հետեւիլ համալսարանական ուսման, արձանագրուելով Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական Բաժանմունքի դասընթացքներուն:

Համալսարանի ընթացքը աւարտելէ ետք՝ 1959-1962 թուականներուն, Հայկ Մելքոնեան մուտք կը գործէ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի յետ-ընթացաւարտի բաժինը ու ժամանակի մը համար կը մեկնի Լենինկրատ, (այժմ Սան Փեթերսպուրկ), նշանաւոր ասորագէտ Ն.Վ. Պիգուլեւսկայայի ղեկավարութեամբ կատարելագործելու իր մասնագիտութիւնը: 1964-ին պաշտպանելէ ետք «Հայ-Ասորական Յարաբերութիւնները Գ-Ե դարերուն» խորագրուած իր թէզը, ան կը ստանայ Պատմական Գիտութիւններու Թեկնածուի աստիճանը:

1962-էն Հայկ Մելքոնեան կը սկսի պաշտօնավարել ԳԱ Պատմութեան հիմնարկին մէջ, նախ իբրեւ կրտսեր գիտաշխատող: Իսկ 1964-էն մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը՝ իբրեւ աւագ գիտաշխատող: 1981-ին «Ադիաբենի Պետութիւնը եւ Հայաստանը» վերնագրուած աւարտաճառը պաշտպանելէ ետք, կ'արժանանայ Պատմական Գիտութիւններու Դոկտորական աստիճանին:

Ան կը մահանայ 1 Յունուար, 1983-ին Երեւան:

Էջմիածինի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Անդամ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիտական Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին մէջ իր վարած աշխատանքին զուգահեռ, 1976-էն սկսած, Հայկ Մելքոնեան՝ իբրեւ անդամ Էջմիածինի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Էջմիածինի բոլոր ձեռնարկներուն:

«Էջմիածին» ամսագիրի խմբագրական աշխատանքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1981-ին, ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրին, ան մաս կը կազմէ Էջմիածինի Մայր Աթոռին կողմէ հրատարակութեան պատրաստուող Աստուածաշունչի Արեւելահայերէն նոր թարգմանութեան խմբագրական մարմնին, իսկ 1982-էն սկսած, ան նաեւ կը հրաւիրուի իր մասնակցութիւնը բերելու «Էջմիածին» ամսագիրի խմբագրական աշխատանքներուն:

Գիտական թարգմանական ուսումնասիրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հմուտ պատմաբան եւ ասորագէտ, Հ. Մելքոնեան իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ հայ-ասորական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան: Ան նաեւ իր ներդրումը կը կատարէ ասորական սկզբնաղբիւրներու գիտական թարգմանութեան գործին: Անոր մեծ ու փոքր շուրջ քսան ուսումնասիրութիւնները, գրուած՝ հայերէն ու ռուսերէն լեզուներով, ընդհանրապէս կը մնան հայագիտական մամուլի էջերուն մէջ:

Իսկ առանձին հատորներով լոյս տեսած են ՀԱՅ-ԱՍՈՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԻՑ, Գ-Ե ԴԱՐԵՐ (Երեւան, 1970),

ՕՏԱՐ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԵՐԻ ՄԱՍԻՆ, ՀՏՐ.Ը - ԱՍՈՐԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ, ԳԻՐՔ Ա. (Երեւան,1976),

ԱԴԻԱԲԵՆԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ (Երեւան, 1980):

Առաջին մասի երրորդ գլուխը ակնարկ մը նուիրուած է Ադիաբենից- Հայաստան գաղթած քանի մը նախարարական ընտանիքներու, որոնք պարթեւա֊հայկական զինակցութեան ժամանակ օգնած էին հայերուն եւ հանգամանքներու բերումով մնացած են Հայաստան: Անոնց մէջ կային նաեւ Ադիաբէնի մէջ բնակուող հայեր [2] Հայկ Գ. Մելքոնեան:
Հեղինակը անոնցմէ կը համարէ Մովսէս Խորենացիի յիշատակած Շամբատ Բագարատին, որ Տրդատ 1-ի արքունիքին մէջ ստանձնեց թագակապ-թագադիր ասպետի պարտականութիւնները , ապա եւ Խորխոռոնիներուն, Գնթունիներուն եւ այլոց [2] Հայկ Գ. Մելքոնեան։

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր Ժ., Պէյրութ, 1984, էջ 370

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Արևմտահայերեն Վիքիպեդիա — 2019.
  2. 1 2 Գրախօսութիւն