Jump to content

Հայկական Հարցի Եւ Հայերու Ցեղասպանութեան Արտացոլումը Գրականութեան Մէջ

Հայկական հարցի եւ հայերու ցեղասպանութեան թեման իր արձագանգը գտած է հայ եւ համաշխարհային գրականութեան մէջ։

Հայ գրականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկփեղկուած ազգային կացութիւնը ուրոյն երանգ տուած է հայ գաղափարաբանութեան։ Ազգային ազատագրական շարժման առանցք՝ արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը ազգային ճնշման կամայականութիւններու, տեղահանութեան, ցեղասպանութեան, բռնի ձուլման պատկերները դարձած են 19-րդ դարու հայ գեղարուեստական գրականութեան գլխաւոր թեմաները։

Խաչատուր Աբովեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խաչատուր Աբովեան

Իր ուղեգրութիւններուն, պատմական ակնարկներուն, հայրենասիրական խոհերուն մէջ Արաքսէն անդին գտնուող երկիրը Խաչատուր Աբովեանին (1809-1848) կը ներկայացնէ որպէս մութ, խաւար ու դժոխային աշխարհ մը, ուր լենկթեմուրներու, թաթար մոնկոլներու եւ այլ վայրենի հորդաներու հետնորդը՝ «բարբարոս թուրքը», բռնութեան ու սարսափի ուրուականը կախած է հայոց երկնակամարին վրայ, եւ ուր հայ ժողովուրդը «ինքնայորդոր զոհաբերութեամբ» իր լինելիութիւնը կը պահպանէ «բարբարոսներու» վրիժարկներու մէջ»:

Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1862 թուականի Զէյթունի ապստամբութիւնը բռնադատուած ժողոուրդի բողոքի ու ցասման ելոյթ էր օսմանեան Թուրքիոյ հայահալած քաղաքականութեան դէմ, որ սակայն, ճնշուած է արիւնոտ հաշուեյարդարով։ «Քնար Եւ Շիրիմ», «Մերձ Ի Մահ» եղերերգութիւններուն մէջ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան (1828-1868) հայրենի երկիրը կը պատկերէ որպէս «աւերակուած ամայութիւն», ուր «սեւ գիշերներու» մղձաւանջին մէջ կը լսուի միայն բուի «չարագուշակ կռինչը»։

Պետրոս Դուրեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Նոր սեւ օրեր», «Աչերս տեսան արցունքներու լոկ երկինք», «Մոխիր հագած, արիւն ծծած սեւ հողեր», «Ուր կը տիրեն սոսկում, տխուր յիշատակը», «Մառախուղ են հագեր ղաշտքն ու լերինք», «Ահ, ոտնակոխ Հայուն սիրտը եւ տաճար», «Աշխարհ մը կայ արցունք թափող սարերը. Արեամբ պղտոր դեռ գետերուն ափունքը», այսպէս ընկալեց Պետրոս Դուրեան (1851-75) Հայաստան աշխարհի վրայ կախուած մղձաւանջը։

Ապտուլ Համիտի բռնապետութեան շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բռնութիւններն ու ֆիզիքական ոչնչացման աղէտները առաւել բացայայտ ու համատարած բնոյթ կը ստանան յատկապէս ռուս-թրքական պատերազմէն ետք։ Կը սկսի սուլթան Ապտլ Համիտի արիւնոտ բռնապետութեան շրջանը, երբ հայերու տեղահանութիւնն ու բոնի մահմեդականացումը, սովը, թալանը, կողոպուտը, ֆիզիքական հաշուեհարդարը կը դառնան պետական քաղաքականութիւն, որու նպատակն էր հայերուն ոչնչացնելով ի չիք դարձնել հայկական հարցը եւրոպական դիւանագիտութեան օրակարգին մէջ յայտարարելով, թէ «Հայաստանի մէջ հայ չկայ»։

Միքայէլ Կիւրճեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Պանդուխտին կեանքէն» վաւերագրութեան մէջ, պանդխտութիւնը ներկայացնելով որպէս չարիք, Միքայէլ Կիւրճեանը կը գրէ. «Պանդխտութիւնը եթէ այսպէս շարունակուի, մեր գաւառները անմարդի կ'ընէ այսօր կամ վաղը, այս համոզումը ունեցէք, ահաւոր ճշմարտութիւն է» (Կիւրճեան Մ., Ամբողջական Երկեր, 1931, էջ 121)։

Գարեգին Սրուանձտեանց

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գարեգին Սրուանձտեան

Ցեղասպանութեան այլ իրողութիւն մը կը ներկայացնէ Գարեգին Սրուանձտեանցը (1840-1892) «Թորոս Աղբար» գիրքին մէջ. «Թրքաց հին բռնութեան արդիւնք է, որ Զիլէի հայք ամբողջ թրքերէն կը խօսին, երբեք հայերէն չեն գիտեր։ Այնքան կը զարհուրէն տաճկերէն եւ կատարելապէս ստրուկ են անոնց առջեւ... Ազգութեան ոգին մեռած է, եւ ժամանակ չէր կ՛ըրցեր զարթուցանել ասոնք, կեանքի ճառագայթ երբեք ծագած չէր հոս... (Սրուանձտեան Գ., Թորոս Աղբար, 1879, էջ 73-74)։

Մատթէոս Մամուրեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ականաւոր հրապարակախօս Մատթէոս Մամուրեանի (1830-1901) բնորոշմամբ, ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ իրական է միայն «գերեզմանի մէջ»։ Անիրաւութիւններու համատարած դժոխքին մէջ իշխող բարբարոսը «առաջնորդը, կուսակալը, քննիչը, դիւանագէտը, քիւրտը ու չերքեզը խօսքը մէկ ըրեր են Փոքր Ասիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդները կեղեքելու, խուզելու եւ անոր կործանումը փութացնելու համար...», «...ջուրի տեղ արիւն կը խմեն, հացի տեղ մարդու միս կ'ուտեն, անկողնի տեղ արիւնալի դիակներու վրայ կը պառկին եւ ժողովուրդը կը սպասէ. ինչպէս կը սպասեն գառնուկներ սպանդարանին դուռն...» («Արեւելեան մամուլ», 1879, №202)։

Յակոբ Պարոնեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թրքական ժանտախտի սարսափները այլաբանական դիպուկ ու խորիմաստ բնութագրումներ ձեւակերպած են Յակոբ Պարոնեանի (1843-91) երգիծական առածներուն մէջ, արժանիքներու եւ լուրերուն մէջ։ Յատկապէս նշանակալից են «Կսմիթները» (1875), «Հոսհոսին ձեռատետրը» (1880), «Ծիծաղը» (1883)։ Թուրքիոյ մէջ «ճշմարտութիւնը դագաղի մէջ դրուած է», իսկ ողջամտութիւնը, անաչառութիւնը, անկեղծութիւնը արձանագրուած են «յանցանքներուն ցանկին մէջ»։ «Գաւառներուն մէջ հայերը ապահովութիւն չունին, ոչ ստացուածքի, ոչ կեանքի եւ ոչ պատուի։ Խեղճերը կը կողոպտուին, կը սպանուին, կ'ոանպատւուին եւ այս վիճակին մեջ բազկատարած գթութիւն կը հայցեն։ ...Տաճկաստանի մէջ բանտ... բանտի էջ բանտ» (Պարոնեան Յ., Երկեր ժող., հ. 4, 1965, էջ 476)։

Ռափայէլ Պատկանեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերու հանդէպ թուրք, ոճրագործութիւնները ամբողջական բներգ կը կազմեն Ռափայէլ Պատկանեանի (1830-92) բանաստեղծութեան մէջ։ «Մշեցու հեկեկանքը», «Ղարիբ մշեցի», «Ծերուկ վանեցի», «Հազարէն մէկը», «Հայի արիւն», «Թալանած գեղ», «Երկու պատկեր» եւ այլ բանաստեղծութիւններու մէջ, ազատագրական պայքարի կոչերով նահատակ ժողովուրդին, բանաստեղծը արեւմտեան Հայաստանը կը նեկայացնէ որպէս ոճիրներու, մահուան ու ողբի երկիր, ուր թուրքը «հաճոյքի համար» իր սուրը կը լուայ հայու արիւնով, «սուլթանի տռփոտ պասքը կը հագենայ» պարկեշտասուն հայ աղջիկներով, որդեկորոյս ու տնանկ ծերունին ծովու ալիքներու մէջ կը գտնուի իր գերեզմանը, «տուն, եկեղեցի, պարտէզ ու այգի Անսիրտ, անհոգի մատնած են կրակի», եւ դեռ Երէկ ճոխ ու վաստակած նահապետական գերդաստանը այսօր կը մխէ «թշուառներու անթաղ դիերով»։

Րաֆֆի

Թուրքիոյ պետ-քաղաքական կառուցուածքի եւ արեւմտահայերու ողբերգական կացութեան հիրաւի գեղարուեստական հանրագիտարան մըն է Րաֆֆիի (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան, 1835-1888) ստեղծագործութիւնը։ Ուղեգրութիւններուն, նամականիներուն, վէպերուն ու հրապարակախօսական աշխատութիւններուն մէջ, վերլուծելով XIX դ. Թուրքիոյ սոցիալական, իրաւական ու տնտեսական կեանքը, գրողը բացայայտած է աւատականութիւնն ու կրօնը, մոլեռանդութեան ուռճացած բռնապետութեան այլանդակութիւնը, քաղաքակրթութեան ողբերգական բախումը բարբարոսութեան արշաւին։

«Խենթը» (1881) վէպին մէջ արդէն ցեղասպանութեան իրական սպառնալիքի հանգամանքներուն մէջ Րաֆֆին կ'առաջադրէ ագգ-ագատագրութեան գաղափարը. «Կրօնական մոլեռանդութիւնը խառնուած զինուորական անգթութեան հետ, կ'անցնէր բարբարոսութեան ամէն չափէն ու սահմանէն։ Մարդը, գազան դարձած, կը կեղեքէր. կը մահացնէր իր նմանին»։

Ցեղասպանութեան գաղափարը որոշակի ընդգիծին մէջ ունի «Կայծեր» (հ. 1-2, 1883-87) վէպի նիւթերուն մէջ։ «Ի՞նչ է պարսիկը», «Ինչ է քիւրտը եւ ի՞նչ է թուրքը» ակնարկներուն մէջ Րաֆֆին պատասխան կու տայ որոշակի հարցերու, ցոյց կու տայ էթնիկական այն միջավայրը, որուն մէջ դրուած էր հայ ժողովուրդը։ Եւ բարբարոս ցեղախումբերու ասպատակութիւններուն հանդէպ միանգամայն նպատակային կը գործէ պետութիւն ներկայացնող թուրքը։ Որպէսզի ոչինչ թոյլ չտայ ուրիշին, ան կը հրդեհէ ամբողջ գիւղեր, կ'աւերէ քաղաքները. կրակ կու տայ հասունացած հունձքերը եւ բոլորովին անապատ կը դարձնէ երկիրը։

1890-1900-ական թուականներ[1]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1890-1900-ական թուականներուն Հայաստանի ազգային-քաղաքական կացութիւնը կը մթագնի։ Վարչական ու իրաւական սահմանափակումներէն ետք, սուլթան Ապտիւլ Համիտը կ'անցնի բացայայտ յարձակման։ 1894-96-ին թրքական սատրապները ջարդեր կը կազմակերպեն Հայաստանի գրեթէ բոլոր գաւառներուն մէջ՝ Սասուն, Էրզրում, Տրապիզոն, Մարաշ, Սեբաստիա, Երզնկա, Վան, Բաղէշ, Խարբերդ եւ այլուր, որոնց զոհ կ'երթան աւելի քան 300 հազար հայեր։

Ազգային-ազատագրական շարժումը նոր շրջան կը թեւակոխէ։ Կը ձեւաւորուին ազգային-յեղափոխական կուսակցութիւններ, որոնք Թուրքիոյ տիրապետութենէն Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան հարցը կը հռչակեն որպէս ազգային ծրագիր։ Հայոց լեռնաշխարհին մէջ կը յայտնուի ֆետային՝ ժողովրդական վրիժառուն, որ անձնազոհութեան ու հերոսութեան սխրանքի անկրկնելի դրուագներ կը հիւսէ մարդկութեան բարոյականութեան պատմութեան մէջ։

Այս իրադարձութիւնները որոշակի ուղղութիւն կու տան ազգային գաղափարաբանութեան. մամուլն ու գրականութիւնը կը հագենան թրքական բռնութիւններու մերկացման, հայոց դիմադրական շարժման վաւերագրական ու գեղարուեստական պատկերներով։ Գրականութեան մէջ (Լեւոն Շանթ, Երուանդ Օտեան, Աւետիս Ահարոնեան) կը յայտնուի հայ յեղափոխականի կերպարը. ֆետային ուրոյն երանգ մը կը մտցնէ հայ երգի եւ բանաստեղծութեան մէջ (Աւետիք Իսահակեան, Սիամանթօ), իսկ քերթողութեան մէջ կը հնչեն ռոմանթիկական իղձերու փլուզման եւ ազգային վիշտի արձագանգները (Յ. Թումանեան, Յ. Յովհաննիսեան)։

Վրթանէս Փափազեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմտահայ իրականութեան թեման լայն տեղ կը գրաւէ Վրթանէս Փափազեանի (1864-1920) վաղ շրջանի ստեղծագործութիւններուն մէջ։ «Պատկերներ թրքահայերու կեանքէն» (1904) եւ «Նամակներ թրքաց Հայաստանէն» (1889) պատմուածքներու ու ակնարկներու շարքին մէջ, ան կ'արտացոլէ արեւմտահայ իրականութեան ու ազգային կացութեան հիւանդագին ջղաձգումներն ու բարոյական անկման աղէտները («Ենիչերի», «Ճգնաւոր Եղօ»), ինչպէս նաեւ թրքական բռնակալներու սանձարձակութիւնն ու աւազակային ինքնիշխանութիւնը («Շահնա», «Արտար դատաստան», «Հաճի աղան»)։

Հայ ազատագրական գաղափարի արտայայտութիւն է Պերճ Պռոշեանի (1837-1907) «Սկիզբն երկանց» (1892) վէպը։ Առաջադրելով զինուած ինքնապաշտպանութեան ծրագիրը՝ գրողը կը ներկայացնէ արեւմտահայերու տրոհման ու փոշիացման իրողութիւնը Խիզան գաւառի Պէյթում գիւղի աւերման ցնցող պատկերով։ Ուրուականի կերպարանք առած թափառական Մուրատի՝ նահապետական տոհմիկ ազնուականութեան վերջին մոհիկանի կերպարին մէջ ան կը խորհրդանշէ ամբողջ ժողովուրդի մը կործանումը։

Աւետիս Ահարոնեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայոց եղեռնապատումի սարսուռներով թաթախուած է Աւետիս Ահարոնեանի (1866-1948) գեղարուեստական աշխարհը։ Ահարոնեան իր «Պուտ մը կաթ», «Փշուր մը հաց», «Պաշօն», «Բախտի խաղեր», «Խաւարեցաւ լուսինը», «Դարաւոր կաղնին», «Մայրեր» պատկերներուն, ինչպէս նաեւ «Սեւ օրեր», «Ռաշիտը», «Մրրիկի սապրը», «Կեանքի դասը», «Կոյրերը» վիպակներուն մէջ կը ներկայացնէ ոչ այնքան թրքական բարբարոսութիւններու առարկայական գործողութիւնը, որքան անոնց զոհերուն տառապանքն ու ցաւը, կորուստի մորմոքը եւ կործանման սարսափի աղեկտուր ճիչը։

Ահարոնեանի պատկերները համաշխարհային գրականութիւն կը բերեն միանգամայն անկրկնելի աշխարհ մը՝ հայկական իրականութիւնը, հայոց ճակատագիրը քաղաքակրթութեան ու բարբարոսութեան բախման ողբերգական հանգոյցին մէջ։ Անոնք բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն չարիքի երեւոյթի (ֆենոմեն), ցեղային (էթնիք) գենի մարդաբանական եւ կենսահոգեբանական իմացութեան տեսակէտէն։

Վրէժի եւ պայքարի թեմա[2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազգային վիշտի, ողբի ու հառաչանքի արձագանգներու ոլորտին մէջ գրականութիւն կը թափանցէ նաեւ վրէժի թեման։ Վրթանէս Փափազեանի, Աւետիս Ահարոնեանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ այլոց պատմուածքներուն մէջ հերոսները, անձնական կորուստի ու վիրաւորուած ինքնասիրութեան եւ արժանապատուութեան սրբազան երդումով, դէպի նահատակութիւն կ'երթան՝ պատժի ու դատաստանի ենթարկելու համար թուրք ոճրագործը։

Սուլթան Ապտիւլ Համիտի հակահայկական քաղաքականութիւնը այլեւս երկմտութեան որեւէ պատրանք չէր թողուր։ Հայ մտաւորականութեան համար միանգամայն յստակ կը դառնայ, թէ ոչնչացնելու բնազդով արթնցած թրքական բռնապետութեան մէջ ո՛ւր կ'առաջնորդուի ազգին ճակատագիրը։ Գաւառական աշխարհը կը դառնայ ազգային մտաւորականութեան մտահոգութեան առարկան, որովհետեւ հոն է ժողովուրդը, եւ հոն կը կատարուին ազգային մաքառման (պայքարի) գործողութիւնները։

Կը ձեւաւորուի նոր ուղղութիւն մը՝ «Գաւառի գրականութիւն» հասկացութեամբ։ Թլկատինցիի (1860-1915), Ռուբէն Զարդարեանի (1874-1915), Արտաշէս Յարութիւնեանի (1873-1915) եւ այլ գրողներու գեղարուեստական պատկերներուն մէջ կը յայտնուի նոր աշխարհ մը՝ հինաւուրց ու աւանդական, սակայն վերահաս չարիքներէն տրոհուող, փոշիացող ու անհետացող իրականութիւն մը։ Հոն բռնութեամբ յափշտակուած հայրենի եզերքը կ'օտարանայ, կը կորսնցնէ իր բնօրրանը, որ գոյութեան ապաստան էր։ Այդ իրականութեան մէջ չկայ անձի ու գոյքի ապահովութիւն, օրէնք ու իրաւունք, եւ լկտի կամայականութիւններու ու ծաղրուծանակի համատարած մթնոլորտին մէջ կը քայքայուին բարոյական արժէքները։ Աւանդակեցութեան դարաւոր սկզբունքները տեղի կու տան լքումի, հեռացման ու ապաշխարանքի համաճարակին։

Հայրենի Ակնէն հասնող չարագուշակ լուրերու «զարհուրանքով» ձեւաւորուեցան Սիամանթոյի (Ատոմ Եարճանեան, 1878-1915) բանաստեղծական մտապատկերները։ Մղձաւանջային տեսիլքներուն մէջ կը յառնէ հոշոտուած ծննդավայրը եւ զարհուրելի ճիչը կը փոխակերպուի բանաստեղծութեան.

«Կոտորած, կոտորած, կոտորած... Եւ բարբարոսներն աւարով եւ արիւնով կը դառնան...»

Մտնելով Հ.Յ.Դ. շարքերը՝ ան կուսակցութեան գաղափարներով կը կազմաւորէ ազգային-ազատագրական իր ըմբռնումները եւ հանդէս կու գայ որպէս գաղափարի բանաստեղծ։ «Դիւցազնօրէն» (1902) շարքին մէջ պատգամելով վրէժի, ըմբոստացման, յաղթանակի ու խաղաղութեան արշալոյսներու ծագումը՝ Սիամանթօ «Հայորդիներ» (1905, 1906, 1908) շարքով կը ներբողէ հայ յեղափոխութիւնն ու անոր հերոսները։ Ան վրէժի, մաքառման եւ ազատութեան բարոյականը կը խորհրդանշէ Գաղափարի ու Կամքի հզօր «Ես»-ով մը, որուն անունը Պայքար է, իսկ վախճանը՝ Յաղթանակ։

Սիամանթօն այն բացառիկներէն էր, որ զգաց երիտթուրքերու ազգայնական տրամադրութիւններու ընդերքին մէջ թաքնուած մութ դիտաւորութիւնները հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Այդ նախազգացումներու մտապատկերներէն ան կառուցեց «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» (1909) շարքը, զոր Դանիէլ Վարուժանը անուանեց «Տաղանդաւոր ոճրերգութիւն»։

Դանիէլ Վարուժան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայոց ազգային ճակատագրի խոհերով կազմաւորուեցան Դանիէլ Վարուժանի (1884-1915) բանաստեղծական նախասիրութիւնները։ Տակաւին Կանտի (Ghent) համալսարանի ուսանող՝ հաւաստելով, թէ «համոզումով յեղափոխական եմ» եւ «պաշտումով կը վերաբերուիմ կռուողներուն հանդէպ», ան այսպէս կը մեկնաբանէ «Ցեղին սիրտը» (1909) բանաստեղծական շարքին գաղափարը.

Սակայն 1904-1907 շրջանն էր, երբ հայութիւնը կը խեղդուէր սուրի եւ սովի մղձաւանջին մէջ ու ես չուզեցի տեղ տալ իմ անհատական ցաւերուս... Հայութիւնը կու լար եւ կը մռնչէր իմ մէջս...»
- Վարուժան Դ., ԵԼԺ, հ. 3, 1987, էջ 464

Հայոց եղեռնապատումի ամէնաարտայայտիչ դրուագներէն են «Ջարդը» եւ «Կիլիկեան մոխիրներուն» քերթուածները։ Եթէ առաջինը կը վերաբերի 1895-1896 թուականներու հայկական կոտորածներուն, ապա երկրորդը կը պատմէ երիտթուրքերու սանձազերծած Ատանայի ոճրագործութեան մասին (1909)։ «Կիլիկիոյ ջարդը ճմլեց աղիքներս։ Ցեղին հոգին արիւն կու լայ մէջս, հրդեհուած քաղաքներէն եկած ամէն լուր տաք մոխիրի պէս կը թափի գլխիս եւ սրտիս վրայ»,- կը գրէ Վարուժանը՝ բացառելով այն անբարոյական տեսակէտը, թէ «թուրքը ի բնէ բարի է», իսկ վայրագութիւններու սկզբնապատճառը «հայուն անխոհեմութիւնն է»։

Յովհաննէս Թումանեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցեղասպանութեան արհաւիրքը եւ ազատագրական մաքառումը (պայքարը) կը մղեն հայ գաղափարաբանութիւնը որոնելու ազգապահպանութեան ուղիներ։ Հայոց ոգիի ինքնութեան ճանաչումը կը դառնայ ազգային մտածողութեան գլխաւոր ուղղութիւններէն մէկը։ Յովհաննէս Թումանեանը կը գրէ.

Ո՞րն է էս ժողովրդի պատմական ճանապարհը, նրա գոյութեան խորհուրդը, ի՞նչ է կամենում սա, սրա ոգին... Եւ ու՞ր որոնենք էդ ոգին...» եւ դարերով երկնած մեր խորունկ հոգիի անգին ու ծով գանձերու յաւերժութիւնը կը խորհրդանշէ հայոց լեռներուն մէջ ծագող առաւօտներու սպասումով:
- «Հայոց լեռներում»

Լեւոն Բաշալեանի (1868-1943), Ռուբէն Զարդարեանի, Տիգրան Չէօկիւրեանի (1884-1915), Չիֆթէ Սարաֆի (1874-1922) եւ այլ գրողներու արձակին մէջ փիլիսոփայական իմաստ կը ստանայ հայոց տոհմիկ ինքնութեան ու հայկական ստեղծագործ ոգիի գաղափարը։

Ազգային ոգիի նորակերտման գեղարուեստական արտայայտութիւնն էր հեթանոսական շարժումը, որուն միտումն էր հայ արիւնը վերածնել հեթանոս աստուածներու ֆիզիքական հզօրութեամբ, վերադարձնել անոր ուժի ու գեղեցկութեան նախնական պաշտամունքը։ Գրականութեան այդ հոսանքի բարձրագոյն արտայայտութիւնը հանդիսացաւ Դանիէլ Վարուժանի «Հեթանոս երգեր» (1912) շարքը։

Դէպքերու ընթացքը աստիճանաբար կը ցրէ պատրանքները երիտթուրքերու խոստացած ժողովրդավարական ազատութիւններուն վերաբերեալ։ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրէի քաղաքական լարուած հանգամանքներուն մէջ Գրիգոր Զօհրապը կը գրէ.

«Վա՜յ հայ ժողովուրդին, եթէ համաեւրոպական պատերազմ ծագի. թուրքերը՝ Իթթիհատէն ղեկավարուած, անպատճառ պիտի միանան Գերմանիոյ, եւ թրքահայութեան համար մահացու վտանգ կայ այն ատեն»։

Եւ կը կատարուի անխուսափելին։ Օգտուելով պատերազմական վիճակէն՝ երիտթուրքերու կառավարութիւնը կը սանձազերծէ Մեծ Եղեռնը... Մարդկութեան պատմութեան մէջ այդ աննախադէպ ոճրագործութեան զոհ կ'երթան նաեւ հայ գրողներ ու մտաւորականներ՝ Գրիգոր Զօհրապը, Սիամանթօն, Դանիէլ Վարուժանը, Ռուբէն Զարդարեանը, Թլկատինցին, Ռուբէն Սեւակը, Արտաշէս Յարութիւնեանը, Երուխանը, Տիգրան Չէօկիւրեանը, Սմբատ Բիւրատը, Միքայէլ Կիւրճեանը եւ ուրիշներ։

Հայոց մուսաները անհուն կսկիծով արտաբերեցին ազգային աղէտի եղերերգը։ «Հայրենիքում իմ արնաներկ», «Չարերի կոխան, խաչուած իմ երկիր», «Իմ ժողովուրդը անել վշտի մէջ, Երկիրն իմ անբախտ եւ աղէտաւոր»․ այսպէս վերապրեց ազգային ցաւը Վահան Տէրեանը (1885-1920) եւ, հաւատալով անոր վերածնունդին, դարերու հեռաւորութենէն վկայակոչեց «Երկիր Նայիրին» որպէս յաւերժական գոյութեան խորհրդանիշ.

Եգիպտական բուրգերը Փոշի կը դառնան,
Արնի պէս երկիր իմ, կը վառուես վասման։
Որպէս փիւնիկ կրակից կ'ելնես, կելնես նոր գեղեցկութեամբ
Ու փառքով վառ ու լուսաւոր։

Յովհաննէս Թումանեանը հոգեհանգիստ կարդաց նահատակուած զոհերուն՝ «Հանգչեցէ՛ք, իմ որբեր... Իզուր են յուզմունք, իզուր եւ անշահ... Մարդակեր գազանը՝ մարդը, դեռ երկար այսպէս պիտի մնայ...», եւ ի լուր աշխարհի ազդարարեց պատգամը, թէ.

Հայաստանը պէտք է խօսի»։ «Եւ պէտք է խօսին էնքան լուրջ ու զգաստ, ինչքան լուրջ ու զգաստ է լինելու ամէնից մեծ վշտաւորն ու ամէնից շատ վտանգուածը ժողովուրդների մէջ, այլեւ էնքան հաստատուն ու բաց ճակատով կարող է խօսել մի ժողովուրդ, որ ապրել է մարդկային լաւագոյն ձգտումներով եւ ամէն ինչ տուել է ու կը տայ ազատ կեանքի համար»
- Հ. Թումանյան, Երկեր ժող., հ. 4, 1951, Էջ 396

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ (հայերեն) Հայկական հարցի և հայերի ցեղասպանության արտացոլումը գրականության մեջ, 2025-08-24, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D5%AB_%D6%87_%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D6%80%D5%AB_%D6%81%D5%A5%D5%B2%D5%A1%D5%BD%D5%BA%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%A1%D6%80%D5%BF%D5%A1%D6%81%D5%B8%D5%AC%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%A8_%D5%A3%D6%80%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%B4%D5%A5%D5%BB&oldid=10442014, վերցված է 2026-04-30
  2. ↑ (հայերեն) Հայկական հարցի և հայերի ցեղասպանության արտացոլումը գրականության մեջ, 2025-08-24, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%AF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D5%AB_%D6%87_%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D6%80%D5%AB_%D6%81%D5%A5%D5%B2%D5%A1%D5%BD%D5%BA%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%A1%D6%80%D5%BF%D5%A1%D6%81%D5%B8%D5%AC%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%A8_%D5%A3%D6%80%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%B4%D5%A5%D5%BB&oldid=10442014, վերցված է 2026-04-30