Հայկական Ժառանգութեան Այգի (Պոսթըն)
Հայկական ժառանգութեան այգի, յուշարձան ԱՄՆ-ի Մասաչուսեց նահանգի Պոսթըն քաղաքին մէջ։ Հայկական ժառանգութեան զբօսայգին հայ համայնքին նուէրն է Մասաչուսեցի քաղաքացիներուն եւ Պոսթըն քաղաքին։
Հայկական ժառանգութեան այգին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 22 Մայիս 2012-ին։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Հայկական ժառանգութեան այգին» Պոսթընի սիրտին մէջ առաջին յուշարձանն է, որ հիմնուած է Մասաչուսեցի պետական սեփականութիւն հանդիսացող տարածքին վրայ եւ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին. անիկա նաեւ կը խորհրդանշէ հայ համայնքին ներդրումը ամերիկեան մշակութային կեանքին մէջ[1]։
Հայկական ժառանգութեան զբօսայգիին բացման արարողութեան մեծ ներդրում ունեցած են Մասաչուսեցի նահանգապետ Տուալ Փաթրիքը, քաղաքապետ Թովմաս Մ. Մենինոն, քոնկրեսական Էտուարտ Ճ. Մարկէյը եւ Միտլսեքս շրջանի ոստիկանապետ Փիթըր Ճի Քութուճեանը։ Զբօսայգիին բացման միջոցառման Հայաստանէն ներկայ եղած են ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը։ Այգիին օրհնութիւնը կատարած է Խաժակ Արք. Պարսամեանը, ընկերակցութեամբ՝ Օշական Արք. Չօլոյեանին եւ Վիգէն Արք. Հայկազեանին։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Մասաչուսեցի նահանգապետը[2]։
Տուեալներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զբօսայգին ունի ջրաւազան, ներգաղթողներուն ի պատիւ կանգնած յուշարձան մը, ինչպէս նաեւ քարերէն ու խոտէն կազմուած լաբիւրինթոս մը։
Ողջ զբօսայգին խորհրդանշական մեծ նշանակութիւն ունի։
Քանդակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զբօսայգիին մէջ տեղադրուած քանդակը իւրաքանչիւր տարի վերանորգուած է՝ խորհրդանշելով բոլոր անոնք, որոնք բաժնուած են իրենց ծննդավայրէն եւ նոր կեանք սկսած՝ Մասաչուսեցի ափամերձ այս շրջանին մէջ[3]։
Լաբիրինթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զբօսայգիին շրջանաձեւ ոլորուն ճանապարհը՝ պատուած խոտով ու քարերով, կը խորհրդանշէ կեանքի ուղին եւ ընթացքը։ Կեդրոնին մէջ զետեղուած յաւերժութեան նշանին[4] կեդրոնէն բարձրացող շատրուանը կը խորհրդանշէ յոյս եւ վերածնունդ։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Լաբիւրինթոսը
-
Զբօսնող մարդիկ
-
«Պոսթընի լաբիւրինթոս» յուշադրամի դիմերես, 2016, 5000 դրամ, արծաթ-925
-
«Պոսթընի լաբիւրինթոս» յուշադրամի դարձերես, 2016, 5000 դրամ, արծաթ-925
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Պոսթընին մէջ բացուած է Հայկական ժառանգութեան այգին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յուշարձանը
- ↑ Պոսթընի մէջ բացուած է հայկական ժառանգութեան զբօսայգին
- ↑ Պոսթընի հայ ներգաղթեալներուն նուիրուած քանդակը վերանորոգումէն յետոյ նոր տեսք ստացած է
- ↑ Հայկական ժառանգութեան այգին կը մասնակցի Լաբիւրինթոսին նուիրուած միջազգային օրուան, Պոսթըն, 29 Ապրիլ, 2013
- "A single jet of water and the symbol of eternity mark its center, representing hope and rebirth."
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական ժառանգութեան այգիին պաշտօնական կայքը Archived 2014-11-09 at the Wayback Machine.