Հայերը Ռիօ տը Ժաներոյի մէջ
Հայերը Ռիօ տը Ժաներոյի (փորթ.՝ Armênios no Rio de Janeiro), հայկական համայնք Պրազիլիոյ Ռիօ տը Ժաներօ քաղաքին մէջ։ Պրազիլիոյ երկրորդ հայաշատ քաղաքը կը համարուի՝ Սան Փաուլոյէն ետք[1]:
Ներկայիս Ռիօ տը Ժաներոյի մէջ կ'ապրի 2.000 հայ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայերը Պրազիլիոյ մէջ հաստատուած են Ժթ. դարու երկրորդ կէսէն, սակայն 1920-ական թուականներուն Ռիօ տը Ժաներօն աւելի մեծ թիւով հայերով բնակուած է :
Ռիոյի համայնքը ներկայիս կը գտնուի հասարակամշակութային կազմաւորման շրջանի մը մէջ եւ աշխուժօրէն կը մասնակցի Ռիօ տը Ժաներոյի քաղաքական կեանքին: Ստեղծուած են հասարակական-քաղաքական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ, եկեղեցական եւ կրթական հաստատութիւններ, հայրենակցական, երիտասարդական եւ տիկնանց միութիւններ։
Ռիօ տը Ժաներոյի մէջ կը գործէ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին եւ Պրազիլիոյ թեմը, որ կազմաւորուած է 1983-ին:
Ռիօ տը Ժաներօ քաղաքի փոխնախագահ Ստեփան Ներսիսեանի նախաձեռնութեամբ, Ռիօ տը Ժաներոյի մէջ 24 Ապրիլը հռչակուած է «Եղեռնի յիշատակին հայ ժողովուրդին յարգանքի տուրքի եւ զօրակցութեան օր»։
Ռիօ տը Ժաներոյի եւ ամբողջ Պրազիլիոյ Դաշնային Հանրապետութեան հայ համայնքի շահերը կը ներկայացնէ Պրազիլիոյ Հայաստանի դեսպանութիւնը[2], որ հիմնուած է 2011-ին: Ռիոյի հայերը կը խօսին հայերէն եւ փորթուկալերէն:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Նաճարեան Թամար (2012-05-25)։ «Հայերը Պրազիլիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մէջ»։ արտագրուած է՝ 2017-02-07
- ↑ «Պրազիլիոյ Հայաստանի դեսպանութիւն»։ brazil.mfa.am (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2017-02-07