Jump to content

Հայելի (թերթ)

«Հայելի», երգիծական շաբաթաթերթ, որ լոյս տեսած է 1897-1903 թուականներուն, Վառնայի մէջմ (Պուլկարիա), 1903-1904-ին՝ Աղեքսանտրիոյ մէջ (Եգիպտոս)։ Խմբագիր՝ Տ․ Փափազեան։

Տպագրած է լուրեր հայ գաղթավայրերէն, կարեւորած դպրոցի դերը, քննադատած եկեղեցական երկպառակութիւնները։ Մտահոգուած է եւրոպական երկիրներ արտագաղթող արեւմտահայերու ճակատագրով, լուսաբանած Վառնայի աղքատախնամ ընկերութեան գործունէութիւնը։ Ծանօթացուցած է հայկական ճարտարապետական յուշարձաններուն, անդրադարձած գրական ու թատերական կեանքի նորութիւններուն։ Ունեցած է հայատառ թրքերէնի բաժին։

1906-1907 թուականներուն այդ անունով լոյս տեսած է Թիֆլիսի մէջ՝ Վ․ Պետրոսեանի խմբագրութեամբ։

Հանդէս եկած է դաշնակցութեան եւ կադէտներու դէմ, քննադատած Պետական դումայի գործունէութիւնը, ծաղրած կենցաղի արատաւոր բարքերը, եկեղեցւոյ սպասաւորներու կեղծ բարեպաշտութիւնը։ Անդրադարձած է ժամանակի քաղաքական իրադարձութիւններուն, լուսաբանած գաւառի կեանքը։ Տպագրած է Շուշանիկ Կուրղինեանի, Արամ Չարըգի, Ս․ Սաֆարեանի, Վ․ Տիրացեանի, Մ․ Տէր-Սիմոնեանի եւ այլոց երգիծական ստեղծագործութիւնները։

Հրատարակուած է նաեւ «Հայելի Խաբարդա», «Հայելի Սատանայ», «Հայելի Հոպ-Հոպ» անուններով։ 1906 թուականին լոյս ընծայած է «Հոպ-հոպ» յաւելուածը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։