Jump to content

Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ Ժողովուրդներու Բարեկամութեան Յուշարձան

Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ ժողովուրդներու բարեկամութեան յուշարձան, կը գտնուի Էսթոնիոյ Թարթու քաղաքին Ազատութեան այգիին մէջ։ Յուշարձանի հեղինակն է հայ ազգի քանդակագործ Յակոբ Ճիւանեանը։ Յուշարձանը բացուած է 23 Հոկտեմբեր 1978-ին այն ժամանակուան Խաչատուր Աբովեանի անունը կրող փողոցին մէջ։ Խաչատուր Աբովեանի մահուան 130-րդ տարելիցի առիթով Կիւմրիի քաղաքացիները այս յուշարձանը նուիրած են Թարթու քաղաքին[1]։

Բարեկամութեան յուշարձանը կառուցուած է վարդագոյն հրաբխային տուֆով։ Սիւներուն վրայ էսթոներէն, հայերէն եւ ռուսէրէն գրուած է. «Էսթոնացի եւ հայ ժողովուրդներու բարեկամութեան պատուին, որուն հիմքը կանգնած է մեծ լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեանը։ Լենինական - Թարթու, 1978 թ.»[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]