Jump to content

Հայաստանի Երկրաբանական Կառուցուածք

Հայաստանի տարածքը կը գտնուի Ալպ-հիմալայեան ծալքաւոր մարզի Տաւրոս-կովկասեան հատուածին ներքին խոշոր կերտուածական կառոյցի՝ Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ եւ կը բնորոշուի բարդ երկրաբանական առանձնայատկութիւններով (particularaties) (special featrures)։ Վաղ անցեալին Լաւրասիա (Lavrasia), Կոնտուանա (Gondwana) ընդարձակ մայր ցամաքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցած է Թեթիս (The Tethys Ocean - Greek: Τηθύς) ովկիանոսը՝ Ալպ-հիմալայեան կամարաեայ ծալքերով իջուածքը։ Յետագային, բազմիցս անգամ կրկնուող լեռնակազմական շարժընթացներուն հետեւանքով, Կոնտուանայի արաբական ելուստի եւ Լաւրասիոյ արեւելա-եւրոպական սալի միջեւ ձեւաւորուած են մարզի ծալքաւոր եւ բեկորային համակարգերը։ Երկրակեղեւի հաստութիւնը այստեղ կը կազմէ 38-40 քմ-էն (իջուածքները) մինչեւ 52-53 քմ (բարձրացումները), հրաբուխանստուածքային շերտի հաստութիւնը 3-8 քմ է, որձաքարային («կրանիթ» անգլ.՝ granite) շերտինը՝ 20-30 քմ սեւակուճային (պազալթային անգլ.՝ basaltic) շերտինը՝ 20-25 քմ։

Լեռնակազմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիսային թեւը կը կազմէ Փոքր Կովկասի, Կարատաղի, Թալիշի բեմակողմնային տեսքով զուգորդուող կամարածալքերու շարքը, իսկ հարաւային եւ կենդրոնական թեւերը՝ Հայկական Տաւրոսի եւ Զագրոշի լեռնաշղթաները։ Ասոնք, որպէս ծալքաւոր համակարգեր, ձեւաւորուած են մասամբ «պալէոլիթ»ի եւ «մեզոլիթ»ի՝ հիմնականօրէն «Բէյլէօզոյիքի» (The Paleozoic (or Palaeozoic) Era) լեռնակազմական շարժումներու հետեւանքով։

Հայկական լեռնաշխարհի տարածքը «Քայնոզոյիք» վերջաւորութեան կերտուած շարժումներու հետեւանքով ենթարկուած է տարբերակուած խոշոր կամարաձեւ բարձրացումներուն։

Հայկական լեռնաշխարհով կ՝անցնին կամ կերկարաձգուին Երզնկա-Կարս-Ամասիա-Սեւան-Հաքարիի, Հանքաւան-Զանգեզուրի եւ մերձերեւանեան ուղղութեամբ երկարող խորքային խորտակումներու համակարգերը եւ անոնց յարող «օֆիոլիթային» (Ophiolite) գօտիները։ Շատ տեղեր ապառաժ շերտերը կերտուածական լարումներու ազդեցութեամբ խզուած են եւ երկրակեղեւի կոտրուածքներու ուղղութեամբ առաջացած է ծալքերու ճզմում եւ տեղաշարժ, խզումները ու կոտրուածքները ծալքաւոր լեռներու մեծ մասը բեկորահատելով առաջացրած են ծալքաբեկորաւոր լեռներ։

Հայկական լեռնաշխարհի ձեւաւորման գործին չափազանց կարեւոր դեր խաղցած են ալպեան լեռնակազմական շարժումները, որոնց հետ կապուած «նէոկենեան» (neogenini) եւ «անթրոբոկենեան» (anthropogenic) մարդոց ձեռքով բնութեան վրայ ներգործող փոփոխութիւններ հրաբխային ոյժը ընդգրկած է լեռնաշխարհի ողջ կեդրոնական մասը՝ գոյացնելով հրաբուխային բարձր լեռներ ու լեռնավահաններ եւ լաւային սարաւանդներ։

Երկրաբանական կառուցուածքի առումով Հայկական լեռնաշխարհը մայր ցամաքի անզուգական տարածքներէն է։ Այստեղ կան գրեթէ բոլոր երկրաբանական ժամանակաշրջաններու գոյացումները՝ սկսած մինչքեմպրի հնագոյն փոխակերպային համալիրներէն մինչեւ «անթրոբոկենի» հրաբուխային ու լճագետային առաջացումները։ Մինչքեմպրի փոխակերպային ապարները Հայաստանի տարածքին կը բացայայտուին տեսանելի դառնալով Ծաղկունեաց, Լոռի, Տաւուշի կամարածալքերու միջուկներուն մէջ։

Վերին «Փալէոզոյիք» ապարները առաւել տարածութիւն ունին Մերձարաքսեան կերտուածական գօտիին մէջ եւ Զանգեզուրի հարաւ արեւմուտքը․ ներկայացուած են աւազաքարերով, քաւարզիդներով, կաւերով, աւազակաւային թերթաքարերով, կրաքարերով, հնամիացած կենդանիներու մնացորդներով։ Փերմի կրաքարերը վերին Դեւոնի եւ ստորին քարպոնի վրայ տեղադրուած են աններդաշնակ։ Տրիասը Վետի գետի աւազանին մէջ կը պարունակէ ածուխներ։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։