Jump to content

Հայաստանի Անկախութեան Վերականգումը՝ Բագրատունեաց Թագաւորութիւնը


Հայաստանի արաբներու տիրապետութեան տակ գտնուող ժամանակաշրջան, է. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ Հայաստան արաբներու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջան, երբ երկիրը կը կառավարուէր ոստիկաններով:

Ոստիկաններու իշխանութիւնը տեւած է մինչեւ Թ. դարու կէսը:

Հայ ժողովուրդի իրավիճակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերը չեն կրնար հաշտուիլ օտար լուծի տակ մնալու գաղափարին հետ. երբեմն բանակցութեամբ, երբեմն ըմբոստութեամբ անոնք կ'աշխատին վերականգնել հայրենի անկախութիւնը: Թ. դարու առաջին տասնամեակէն սկսեալ, Աշոտ Մսակերի օրով, անկախութեան համար տարուած պայքարը կը դրուի աւելի ամուր հիմերու վրայ, մանաւանդ որ արտաքին եւ ներքին պայմանները կը նպաստէին հայերուն:

Ներքին ճակատի վրայ իշխանները, մանաւանդ Բագրատունիները, իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած էին ռազմական ուժ եւ նիւթական հարստութիւն:

Արտաքին ճակատի վրայ վերսկսած էին կռիւները բիւզանդական կայսրութեան եւ արաբական խալիֆայութեան միջեւ, որ նաեւ կը գտնուէր ներքին պառակտումի եւ անկայուն վիճակի մէջ:

852-ին, Բուղայի արշաւանքը վերջին եւ անօգուտ փորձ մը կ'ըլլայ արաբներուն կողմէ՝ Հայաստանը իրենց տիրապետութեան տակ պահելու համար:

Բագրատունիները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաբական տիրապետութեան շրջանին, Հայաստանի նախարարական կազմին մէջ տեղի ունեցած էին քանի մը կարեւոր փոփոխութիւններ: Ներքին մրցակցութեան հետեւանքով նախարարական բազմաթիւ տուներ կորսնցուցած էին իրենց կալուածները յօգուտ աւելի մեծ տուներու, որոնք օգտուելով կեդրոնական իշխանութեան բացակայութենէն, աւելի ընդարձակած էին աւատապետական իրենց իրաւունքները:

Միւս կողմէ, Արշակունեաց Հայաստանի կարգ մը ռազմական նախարարութիւնները՝ Մամիկոնեան, Կամսարական, Գնունի, Ռշտունի, Խորխոռունի եւ այլն, դադրած էին առաջնակարգ դեր խաղալէ Հայաստանի զինուորական եւ քաղաքական կեանքին մէջ: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ բոլորովին կորսուած ու մոռցուած էին:

Արաբական արշաւանքներու եւ բռնատիրութեան առաջին շրջանին մեծ պայքար կը մղուի մանաւանդ Մամիկոնեաններուն եւ Բագրատունիներուն միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հետեւէր տարբեր քաղաքականութեան:

Մամիկոնեանները կը փորձէին ամէն գնով թօթափել պարսկական լուծը ու այդ պատճառով իսկ անոնք կը սպառեն իրենց ուժը, յաճախ անօգուտ կռիւներու եւ ապստամբութիւններու մէջ: Բնական է, որ այս պայմաններուն մէջ, արաբական խալիֆայութիւնը կասկածանքով վերաբերէր իրենց հետ ու անխնայ հալածէր զանոնք:

Բագրատունիները կը հետեւին Թէոդորոս Ռշտունիի գծած ուղիին: Անոնք կ'ըլլան աւելի դիւանագէտ եւ ճկուն ու կը շահին խալիֆայութեան վստահութիւնը: Այս խոհեմ քաղաքականութեան զուգահեռ, անոնք հը փորձեն ընդարձակել իրենց կալուածները եւ զօրացնել իրենց զինուորական ուժը: Արաբներուն շնորհիւ անոնք կը գրաւեն ո՛չ միայն գերագահ դիրք, այլ նաեւ՝ քաղաքական ու տնտեսական հեղինակութիւն կը դառնան Վասպուրականի, Սիւնիքի եւ Արցախի հայ իշխաններուն համար: 855-ին, արաբները Հայաստանի կառավարիչ կը նշանակեն Պաղտատ գերեվարուած Սմբատ Բագրատունիի 35ամեայ որդին՝ Աշոտ Բագրատունին:

Թ. Դարու կիսուն, Բագրատունիներու սեփականութիւնը կը կազմէին արդէն կեդրոնական Հայաստանը, Բագրեւանդը եւ այլ հողամասեր: Այս շրջանին անոնց գերագահութիւնը անառարկելի կերպով ընդունուած էր գրեթէ բոլոր իշխաններուն եւ նոյնիսկ խալիֆային կողմէ, որ 862-ին Իշխանաց Իշխան տիտղոսը շնորհած էր անոնց նահապետին՝ Աշոտ Բագրատունիին:

Անկախութեան Ճամբուն Վրայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իշխանաց Իշխան Աշոտ Բագրատունի կը յաջողի իր շուրջ հաւաքել հայ նախարարները: Իր երկու աղջիկները կնութեան տալով Վասպուրականի Գրիգոր Դերենիկ եւ Սիւնեաց Վասակ Իշխաններուն, ան իրեն կը կապէ նախարարական այս երկու տուները: Միւս կողմէ, ան կը յաջողի խալիֆայէն ապահովել աքսորական իշխաններուն հայրենադարձի իրաւունքը: Այս ձեւով Աշոտ կը ներկայանայ իբրեւ Հայաստանի ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւնը: Ազատագրելու համար ամբողջ երկիրը, անհրաժեշտ էր ձերբազատիլ Հայաստանի մէջ հաստատուած էմիրներու սպառնալիքէն: Այս նպատակին համար, Աշոտ կը կազմէ 40 հազարնոց բանակ մը, որուն հրամանատարութիւնը կը յանձնէ իր Աբբաս եղբօր, որ որոշ ժամանակ մը ետք կը դառնայ հայկական բանակին սպարապետը: Հայկական բանակը իր առաջին յաղթանակը կը տանի Մանազկերտի էմիրին դէմ, որ ապստամբած էր Պաղտատի դէմ: Այս յաղթանակով Աշոտ Բագրատունի միաժամանակ ծանր հարուած կը հասցնէր Հայաստանի մէջ գտնուող արաբական զօրքերուն եւ մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէր խալիֆային՝ պատժելով իր դէմ ապստամբած էմիրը: Օր ըստ օրէ կը մեծնար Աշոտ Բագրատունիի հեղինակութիւնը: Գրեթէ բոլոր հայ իշխանները եւ Հայաստանի արաբ էմիրները ընդունած էին անոր գերագահութիւնը. նոյնը ըրած էին նաեւ Աղուանից աշխարհի եւ Վրաստանի իշխանները:

Աշոտ Բագրատունի Թագաւոր (885-890)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ Աշոտ Բագրատունի կը հասնի իր զօրութեան գագաթնակէտին, ամէն կողմէ փափաք կը յայտնուի զայն թագաւորութեան բարձրացնելու: Նախարարները կը դիմեն Պաղտատի խալիֆային եւ կը խնդրեն թագ ուղարկել Աշոտին համար: Խալիֆան կը ստիպուի ընդունիլ կատարուած իրողութիւնը, այլապէս հզօր իշխանը կրնար ապստամբիլ եւ հակիլ դէպի Բիւզանդական կայսրութիւն:

885-ին Պաղտատէն կը հասնի արքայական թագը եւ աթոռանիստ Բագարան քաղաքին մէջ Աշոտ հանդիսաւոր կերպով կ'օծուի Գէորգ Բ. կաթողիկոսին կողմէ, ներկայութեամբ բոլոր հայ իշխաններուն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն, դառնալով Աշոտ Ա. Թագաւոր Հայոց:

Այս իմանալով, Բիւզանդիոնի ծագումով հայ կայսրը՝ Բարսեղ Ա., որ հիմնած էր Մակեդոնական կոչուած հարստութիւնը, կը փութայ ինք եւս թագ ուղարկել Աշոտին, ապահովելու համար անոր բարեկամութիւնը: Ընդունելով այս թագը եւս, Աշոտ բարեկամական դաշինք կը կնքէ Բիւզադիոնի հետ, ցոյց տալու համար իր անկախութիւնը արաբական խալիֆայութենէն: Թագաւոր դառնալէ ետք, Աշոտի գլխաւոր նպատակը կ'ըլլայ Հայաստանը ընդարձակել, զայն հասցնելու համար Արշակունեաց շրջանի սահմաներուն: Երբեմն զէնքի ուժով, երբեմն ալ խաղաղ միջոցներով ան կը յաջողի իրեն հպատակեցնել հայ իշխանները եւ նոյնիսկ արաբ էմիրները: Յաճախ սակայն ան կը ստիպուի զէնքի դիմել՝ ճնշելու համար զանազան շրջաններու մէջ ծայր տուող ըմբոստութիւնները: Այսպէս, օրինակ, սպարապետ Աբբաս կը ճզմէ Վանանդի եւ Գուգարքի իշխաններուն ապստամբութիւնը եւ անոնց երկիրը՝ Կարս բերդաքաղաքով կը միացնէ թագաւորութեան:

Աշոտ նաեւ օգնութեան կը հասնի Կովկասեան լեռնականներու յարձակումներուն թիրախ՝ վրացիներուն եւ աղուաններուն:Ատիկա պատճառ կ'ըլլայ, որ այլ իշխաններ եւս ընդունին իր վեհապետութիւնը:

Ընդհանուր գիծերու մէջ, Աշոտ Ա.-ի իշխանապետութիւնը եւ ապա՝ թագաւորութիւնը Հայաստանի համար կ'ըլլան նախախնամական: Երկարատեւ աւերումներէ եւ թշուառութենէ դուրս գալով, բազմաթիւ քաղաքներ եւ գիւղեր կը վերաշինուին, մայրաքաղաք Բագարանը կը ծաղկի, երկիրը կը բարգաւաճի ու ժողովուրդը վերստին կը լծուի խաղաղ եւ շինարար աշխատանքի:

Աշոտ կը մահանայ 890-ին, գահը ձգելով իր Սմբատ որդիին:

Իր գահակալութեան առաջին իսկ օրէն, Սմբատ կը բախի դժուարութիւններու: Օգտուելով անոր անփորձութենէն սպարապետ Աբբաս կ'ուզէ գահը խլել իրմէ: Իր հրամայած բանակով ան կը քալէ իր եղբօրորդիին դէմ, բայց իր կարգին դժուարութեան հանդիպելով՝ հաշտութիւն կը խնդրէ:

Այս դէպքերուն ընթացքին Աբխազիոյ Ատրներսեհ իշխանը զօրավիգ կը կանգնի Սմբատին: Յետագային հայոց թագաւորը թագով մը կը յայտնէ իր երախտագիտութիւնը Ատրներսեհին, որ այս ձեւով կը դառնայ Բագրատունի երկրորդ թագաւորը:

Իր հօրը Աշոտի նման, Սմբատ կ'ուզէ զօրացնել կեդրոնական իշխանութիւնը: Ան մայրաքաղաքը Բագարանէն կը փոխադրէ Երազխաւորս եւ բանակին թիւը կը բարձրացնէ 60 հազարի:

Արտաքին քաղաքականութեան մէջ եւս Սմբատ կը հետեւի իր հօրը օրինակին եւ լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէ դրացի երկիրներուն հետ: Ան նոյնիսկ բարեկամական դաշինք կը կնքէ Բիւզանդիոնի կայսեր հետ, ինչ որ սակայն իր դէմ կը գրգռէ արաբները:

Ամբողջացնելու համար Արշակունեաց շրջանի սահմանները, Սմբատ Ա. կը նուաճէ հարաւային Հայաստանի կարգ մը գաւառները, ապա կը պաշարէ եւ կը գրաւէ Դուինը, ուր արաբական էմիրութիւն մը հաստատուած էր:

Հայաստանի հզօրացումը եւ Սմբատի հեղինակութեան աճը լաւ աչքով չէր դիտուեր Ատրպատականի էմիրին կողմէ: Նախիջեւանէն գալով, ան կը պաշարէ Դուինը: Անակնկալի եկած Սմբատ կը ստիպուի քաշուիլ եւ սպասել նախարարական զօրքերը: Երկու բանակները իրարու կը հանդիպին Արագածի ստորոտը՝ Դողս գիւղը: Չարաչար պարտուելով, ատրպատականցին կը նահանջէ եւ հաշտութիւն կը խնդրէ: Անոր այս պարտութիւնը սակայն վերջնական չ'ըլլար, մեծամեծ խոստումներով ան կը յաջողի իրեն կողմնակից դարձնել Վասպուրականի իշխանները եւ զանոնք գրգռել Սմբատի դէմ:

807-ին, հիւսիսային Միջագետքի էմիրը մեծ բանակով կը մտնէ հարաւային Հայաստան եւ կը գրաւէ Տարօն գաւառը: Անոր նպատակն էր տէր դառնալ ամբողջ Հայաստանին: Հայկական բանակով Սմբատ կը քալէ անոր դէմ. ճակատամարտը կ'ընթանայ հայերու յաջողութեամբ, երբ անակնկալ կերպով Արծրունիները իրենց զօրքը կը քաշեն կռիւէն: Մեծ թիւով զոհեր տալով, Սմբատ կը ստիպուի նահանջել, սակայն թշնամին, որ իր կարգին արդէն ծանր հարուած ստացած էր, չի հետապնդեր հայերը:

Սմբատի այս պարտութիւնը կը քաջալերէ Ատրպատականի էմիրը, որ մտնելով Հայաստան կը պաշտպանէ Կարսը, որուն պաշտպան Հասան Գնունի իշխանը, հերոսական դիմադրութենէ ետք, կը ստիպուի յանձնել բերդը:

Հայոց Պատմութիւն Հայաստանն ու Հայութիւնը Գ.-Ժգ. Դարերուն էջ 89 ------> 98, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, Ա. տպագրութիւն, Պէյրութ, 2009: