Համալսարան (ամսագիր)

Համալսարան
Համալսարան եւ Hamalsaran
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է Նոյեմբեր 1899
Երկիր  Ֆրանսա
Հրատարակման վայր Փարիզ

Համալսարան, գիտական եւ գրական ամսաթերթ։ Լոյս տեսած է 1899-1902 թուականներուն, Փարիզի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Մ. Պաղտասարեան, Հ. Շաւարշ (Սիւզմէճեան)։ Նպաստած է երիտասարդութեան ընդհանուր մակարդակի բարձրացման, հրապարակած նիւթեր միջազգային ճանաչում ունեցող գիտնականներու եւ անոնց յայտնագործութիւններուն մասին։ Գրականութեան բաժնին մէջ տպագրած է գեղարուեստական գործեր, բանասիրական եւ լեզուաբանական նիւթեր։ Անդրադարձած է նաեւ առողջապահութեան, կրթութեան հարցերուն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։