Հալէպի Պետական Թանգարան

Հալէպի Պետական Թանգարան, Սուրիոյ կարեւորագոյն թանգարաններէն մէկն է:

Հիմնուած է 1931-ին Հալէպի մէջ, ցուցադրելու համար Թէլ-Հալաֆի եւ Րաս Էլ-Այնի մէջ գտնուած հնութիւնները:

Այդ օրերուն Օսմանեան կայսրութեան պատկանող պալատը օգտագործուած է որպէս թանգարան, հետագային հնութիւններու բազմապատկուելուն պատճառով որոշուած է փլել յիշեալ շէնքը եւ անոր փոխարէն նոր թանգարան մը կառուցել` 1966-ին:

Անոր իւրայատկութիւնն այն է, որ կը ցուցադրէ միայն Սուրիոյ յատուկ հնութիւններ եւ ոչ թէ զանազան երկիրներէ հաւաքուած իրեր, այս իսկ պատճառով ան կը ցոլացնէ Սուրիոյ հազարաւոր տարիներու մշակութային արժէքներն ու պատմութիւնը:

Թանգարանն ունի հինգ բաժիններ, որոնք նուիրուսծ են նախապատմական դարաշրջանին, հին Սուրիոյ, դասական արուեստին, իսլամական դարաշրջանին եւ ժամանակակից արուեստին:

Թանգարանի մուտքին զետեղուած են 3 մեթր բարձրութեամբ 3 արձաններ հետեւեալ անուանումներով, Թէշուպ (հայր), Խէբաթ (մայր), Շարումմա (զաւակ), որոնք կը ներկայացնեն Նախքան Քրիստոս 10-րդ եւ 9-րդ դարերու Թէլ-Հալաֆի չաստուածները:

Սուրիոյ պատերազմի թէժ շրջանին թանգարանի պահոցներուն մէջ գտնուած առնուազն 50 հազար ցուցանմուշ տեղափոխուած է Դամասկոսի Ազգային թանգարանը, որ այցելուներուն համար վերաբացուած է 2018 Հոկտեմբեր 28-ին:

24 Հոկտեմբեր 2019-ին թանգարանը վերակառուցուելէ ետք վերսկսած է իր աշխատանքը, որ իրականացած է ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագրի եւ Ճափոնի կառավարութեան աջակցութեամբ:

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Սուրիոյ տեսարժան վայրեր Ա․Հատոր։
  • Հալէպի պետական թանգարան էջ 1։