Կրզէն

Գիւղ
Կրզէն
ազրպ.՝ Hunanlar
Երկիր  Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Բնակչութիւն 1919 մարդ (2009)[1]
Ժամային գօտի UTC+4։00
Փոստային ցուցանիշ AZ6031[2]

Կրզէն, գիւղ՝ Կուր եւ Տաւուշ գետերու միախառնման վայրին մօտ, 170-էն 185 մեթր բարձրութեան վրայ, հարուստ ու բարեշէն մելիքութիւն էր: գիւղ ներկայիս կը գտնուի Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ բռնազաւթուած Թովուզ (Տաւուշ) շրջանին մէջ։

Աւանդութեան համաձայն կրզէնցիք ծագումով անեցիներ են եւ ունին իրենց բարբառը: Եկեղեցիներ`Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Յովհաննէս: Կրզէնցիք զբաղած են գինեգործութեամբ, շերամապահութեամբ եւ մետաքսագործութեամբ եւ իրենց արտադրութիւնները արտահանած են տարբեր երկիրներ: Կրզեն առեւտրական աշխուժ կեդրոն մը եղած է[3]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին ժամանակ գիւղը գտնուած է ներկայ վայրէն 1քմ արեւելք՝ Կուր գետի աջ ափին եւ քանի մը անգամ ենթարկուած է տեղափոխութիւններու։ Գիւղին մերձակայքը պահպանուած հին գիւղատեղիներու առկայութիւնը։

1998 թուականին արդէն Արեւմտեան Հայաստանի հայոց հինաւուրց Կրզէնը անուանափոխուած է եւ դարձած Կիւնաշլի։

19-րդ դարուն լեզկիներու յաճախ կրկնուող արշաւանքներուն հետեւանքով Կրզէն հարուստ ու բարեշէն բնակավայրէ վերածուած է սակաւամարդ ու աղքատիկ գիւղակի։

Կրզէնի համար առանձնապէս կորստաբեր էր Պուլղատարի գլխաւորած հրոսակախումբի անակնկալ յարձակումը (Շամիլի օրերուն՝ 1797-1871) եկեղեցական տօնակատարութեան պահուն։ Սպանդն ու աւարառութիւնը ուղեկցած էին գերեվարութեամբ։ Տեղահանուածներու մնացորդները սփռուած են Հայաստանի ու Վրաստանի զանազան վայրերը, հաստատուած Գանձակ, հիմնած Գանձակի Սարով եւ Արէշի Խանդակ գիւղերը։

Կրզէնի վերաբերեալ մատենագրական տեղեկութիւններ յայտնի չեն։ Գիւղի պատմութեան՝ հնարաւորինս ամբողջական ուսումնասիրութեան առումով առանձնակի կարեւորութիւն եւ արժէք ունին գերեզմանոցին մէջ պահպանուած տապանագիրերը։

Կրզէն գիւղի տարածքին պահպանուած են գիւղատեղիի, գերեզմանոցի եւ հիմնաւէր եկեղեցւոյ մնացորդներ[4]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. http://web2.anl.az:81/read/page.php?bibid=149514&pno=108
  2. http://tovuz-ih.gov.az/page/25.html
  3. «Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուսական Բանակի Իրերայաջորդ Յաղթանակներ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-24 
  4. Armenia Western (2023-03-22)։ «Արցախի մանրատեղանունները․Կրզէն»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ արտագրուած է՝ 2023-03-24