Jump to content

Կորսուած Երեխաներու Միջազգային Օր

Կորսուած երեխաներու միջազգային օր (անգլ.՝ International Missing Children Day), կը նշուի իւրաքանչիւր տարուայ 25 Մայիսին, ի յիշատակ անհետ կորած երեխաներու։

Օր սահմանելու գաղափարը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կորսուած երեխաներու յիշատակին նուիրուած միջազգային օր սահմանելու գաղափարը ծագած է Ամերիկայի մէջ 25 Մայիս 1979-ին։ Այդ օրը դպրոցէն տուն գացած ճանապարհին անհետացած է 6-ամեայ ամերիկացի Էթան Փէթսը (անգլ.՝ Etan Patz), որուն յետագային այդպէս ալ չգտան։ Միայն 33 տարի ետք, 2012-ին New Jersey-ի բնակիչ Փետրօ Էրնանտէսը խոստովանած է, որ ինք առեւանգած եւ սպաննած է երեխան[1]։

Պաշտպան կառոյցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեխայի անհետացումէն չորս տարի ետք՝ Մայիս 1983-ին, ԱՄՆ նախագահ Ռոնալտ Ռէկընը Միացեալ Նահանգներուն մէջ 25 Մայիսը յայտարարեց կորսուած երեխաներու ազգային օր։ Յաջորդ տարի՝ 1984-ին, ԱՄՆ-ի մէջ հիմնադրուեցաւ կորսուած ու շահագործման ենթարկուած երեխաներու որոնումներու ազգային կեդրոնը (անգլ.՝ National Center for Missing and Exploited Children, NCMEC)[2]։ Մայիս 1997-ին ամերիկեան նախաձեռնութեան օրինակով հիմնադրուեցաւ կորսուած ու շահագործման ենթարկուած երեխաներու որոնման միջազգային կեդրոնը (ICMEC), որու պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 1999-ին Ուաշինկթընի Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանութեան մէջ[3][4]։

2010-ին որոշուեցաւ հռչակել կորսուած երեխաներու միջազգային օր, որու նպատակն է հասարակութեան ուշադրութիւնը սեւեռել առեւանգումներէն երեխաներու պաշտպանուածութեան, կենսական դժուարութիւններուն ու հակաիրաւական շահագործման խնդիրներուն։ Առ այժմ օրը միջազգային օրուան պաշտօնական հաստատում չէ ստացած[5]։

  • Կորսուած երեխաներու օրուան խորհրդանիշն է անմոռուկը։
  • 25 Մայիսին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ի յիշատակ կորսուած երեխաներու երկինք բաց կը թողնեն փուչիկներ։
  • Ամէն օր աշխարհի մէջ անհետ կը կորսուին շուրջ 22 հազար, իսկ տարեկան 8 միլիոն երեխայ։
  • Եւրոպայի մէջ տարեկան միջին հաշուով անհետ կը կորսուին 70000 տղայ եւ աղջիկ։
  • Դեկտեմբեր 2008-էն կը գործեն Insafe ծրագրի «թէժ գիծեր» Եւրախորհուրդի Safer Internet Programme ծրագրի շրջագիծին մէջ, որոնց նպատակը կորսուած անչափահասներու որոնման խթանելն ու երեխաներու հետ դաժան վերաբերմունքի եւ շահագործման փաստերու լոյս հանելն ու կանխարգիլելն է[4]։
  • 1984-էն կորսուած ու շահագործման ենթարկուած երեխաներու որոնումներու ազգային կեդրոնի օգնութեամբ 250000 երեխայ գտնուած է։ Գտնուող երեխաներու քանակի յաւելման կը նպաստեն մարդոց լայն զանգուածներու իրազեկութիւնը եւ նորագոյն արհեստագիտութեան օգտագործումը որոնման աշխատանքներու ժամանակ[5]։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Etan Patz biography»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-20
  2. National Center for Missing & Exploited Children (անգլերէն)
  3. The Creation of ICMEC Archived 2014-12-05 at the Wayback Machine. (անգլերէն)
  4. 1 2 Международный день пропавших детей (ռուս.)
  5. 1 2 Missing Children (անգլերէն)