Կոնիոյի Բերդ

Ամրոցի հռոմէական բաղնիքի հիմքը

Կոնիոյի Բերդ (վրաց.՝ გონიოს ციხე, նախկին՝ Ապսարէ կամ Ասպարունտ), եղած է հռոմէական առաջաւոր ամրութիւն Աջարիայի մէջ՝ Սեւ ծովու ափին։

Դիրք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեղակայուած է Պաթումէն 15 քմ դէպի հարաւ՝ Ճորոխ գետի ափին։Այս գիւղը կը գտնուի Թուրքիոյ հետ սահմանէն 5 քմ դէպի հիւսիս։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բերդնը առաջին անգամ կը յիշուի Պլինիոս Կրտսերը (մ.թ. I դար): Մ.թ. II դարուն ան լաւ ամրացուած հռոմէական քաղաք էր Կոլխիդայոի մէջ։ Յետագային ինկած է Բիւզանդիոնի տիրապետութեան տակ։ «Գոնիօ» անուանումը առաջին անգամ յիշուած է Տրապիզոնի պատմաբան Միքայէլ Պանարետի կողմէն XIV դարուն: Որոշ ժամանակ այդտեղ եղած է ջենովացիներու առեւտուրի վայր։ 1547 թուականին Գոնիոն դարձած է Օսմանեան կայսրութեան մաս եւ անոր տիրապետութեան տակ մնացած է մինչեւ 1878 թուականը, երբ Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրով Աջարիան կ՛անցնի Ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ։

Տեսարժան վայրեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքը յայտնի էր նաեւ իր թատրոնով ու ձիարշաւարանով։ Բացի այդ, Յիսուսի տասներկու աշակերտներէն մէկուն՝ Մատթէոս առաքեալի գերեզմանը, ըստ ենթադրութեան, կ՛րնայ ըլլալ կը գտնուի Գոնիոյի բերդին մէջ։ Սակայն Վրաստանի կառավարութիւնը ներկայիս կ՛արգիլէ պեղումներ իրականացնել գերեզմանի տարածքին։ Բերդին մէջկ՛անցկացուի հնէաբանական այլ պեղումներ՝ ուշադրութիւն դարձնելով հատկապէս հռոմէական ժամանակներու հնագիտական նիւթերուն։

Գոնիոն զբոսաշրջային բաւական սիրուած վայր է։ Ամրան ամիսներուն Թիֆլիսէն բազմաթիւ զբոսաշրջիկներ հանգստանալու կ՛երթան Գոնիոյի ծովափ, որ կը համարուի աւելի մաքուր, քան Պաթումի (տեղակայուած է բերդէն 15 քմ դէպի հիւսիս) ծովափը։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

41°34′23″N 41°34′25″E / 41.5731°N 41.5736°E / 41.5731; 41.5736