Կոհակ (թերթ)

«Կոհակ», գրական, քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական շաբաթաթերթ, 1913 թուականին՝ եռօրեայ։ Լոյս տեսած է 1909-1913 թուականներուն, Կ.Պոլսոյ մէջ։ Տնօրէն-խմբագիր՝ Հ. Արամեան, խմբագիր՝ Գ. Եղիկեան։ Ունեցած է հնչակեան ուղղութիւն։

Լուսաբանած է հասարակական կեանքը, հնչակեան կուսակցութեան գործունէութիւնը, անդրադարձած ժամանակի մամուլի նիւթերուն, թղթակցութիւններ տպագրած Թիֆլիսէն, Պաքուէն, Սոֆիայէն, Պուրկասէն, Իրանէն եւ այլ վայրերէն։ Գովազդած է ընդհանուր, պարտադիր, աշխարհիկ կրթութիւնը։ «Կոհակը» ներկայացուցած է Ն.Տաղաւարեանի Օսմանեան խորհրդարանին մէջ արտասանած ճառը երկրագործութեան եւ բնական հանածոներու օգտագործման ուղիներու մասին, վիճակագրական տուեալներ Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերեալ։ Տպագրած է Հ. Արամեանի «Անմահ Ժիրայր կամ Մեծ յեղափոխականը» վէպը, Մ. Մնակեանի «Դերասանը» յօդուածաշարը, Գ. Օզանեանի «Դրուագներ Փոքր Հայքի յեղափոխական կեանքէն», «Հայ յեղափոխութիւնը եւ ազգային մեծ վիպասանը» (Րաֆֆի, Շ. Կուրղինեանի, Հ. Մարքի, Ե. Օտեանի, Ա. Թէոդիկի յօդուածներն ու գեղարուեստական գործերը։ 1913-1914 թուականներուն (Դեկտեմբեր- Յունուար) լոյս տեսած «Դայլայլիկ» անուամբ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։