Կիրակոս Թիթիզեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Կիրակոս Թիթիզեան | |
---|---|
Ծնած է | 3 Յունուար 1922 (102 տարեկան) |
Ծննդավայր | Քեսապի շրջան, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա |
Կիրակոս Թիթիզեան ծնած է 3 Յունուարին, 1922, Քեսապի Գարատուրան աւանին մէջ, Կարապետ եւ Ֆերիտա Թիթիզեան ընտանեկան երդիքին ներքեւ։ Ունէր մէկ եղբայր՝ Անդրանիկը։ Կիրակոս իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի ազգային վարժարանին մէջ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան 13 տարեկան պատանի էր երբ իր հայրը՝ Կարապետը կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը։ Նոյն տարին եւ ծնողաց նիւթական բեռը թեթեւցնելու մտօք՝ Կիրակոս կ'որոշէ իր ուսումը շարունակել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորաբաց դպրեվանքէն ներս եւ ձգելով իր գիւղն ու հարազատները հաստատ քայլերով կը մեկնի Անթիլիաս։
Վեց տարիներու դպրեվանքեան ուսումով զինուած, 19 տարեկան Կիրակոս ստիպուած կ'ըլլայ ձգել դպրեվանքը եւ երթալ Սուրիոյ Ազազ շրջանը՝ հոն դպրոցի մը մէջ անգլերէն լեզու դասաւանդելու եւ նիւթապէս օգտակար ըլլալու իր ծնողաց։
21 տարեկան էր Կիրակոս Թիթիզեանը երբ Քեսապի պատասխանատուները զինք կը նշանակեն ուսուցիչ իր ծննդավայրի վարժարանին։ Այս նշանակումէն ու պաշտօնավարութենէն կը ծնի ուրիշ բարիք մը՝ երբ Կիրակոս կը հանդիպի իր կեանքի ընկերոջ Մարթա Աբէլեանին, որ նոյն վարժարանին մէջ ուսուցչուհի էր։
1943 թուականին Կիրակոսն ու Մարթան կը պսակուին եւ կը կազմեն ընտանիք մը եւ կը մնան միասին 68 տարիներ։ Անոնք կը հաստատուին Պէյրութ, Լիբանանի մէջ։
Պէյրութի մէջ Կիրակոս կ'աշխատի որպէս պահեստարանի պատասխանատու անգլիական բանակին մէջ, սակայն 1945-ին, համաշխարհային պատերազմի աւարտով, կ'աւարտի նաեւ իր գործը։
Թիթիզեան ընտանիքը բախտաւորուեցաւ երեք զաւակներով. այսպէս 1946-ին ծնաւ իր անդրանիկը՝ Ժանը, 1951-ին Կարպիսը, իսկ 1956-ին՝ Սիլվան եկաւ ամբողջացնելու ընտանիքը։
Ան որպէս դպիր եւ ուրարակիր կը մասնակցէր սրբազան արարողութեանց Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ, աւելի ուշ, որպէս բանկալի պատասխանատու՝ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ։
1969-ին Կիրակոս եւ Մարթա Թիթիզեանները իրենց դստեր Սիլվային հետ եկան ԱՄՆ ուր արդէն բնակութիւն հաստատած էին Ժանն ու Կարպիսը։ 11 անգամ անոր խանութը կողոպուտի ենթարկուեցաւ որոնցմէ մէկուն ընթացքին, 1980-ին, Կիրակոս փամփուշտով մը վիրաւորուեցաւ գլխէն։
2010 թուականի [Սեպտեմբերին անկումի մը հետեւանքով կոնքի բեկում ունեցաւ եւ այդ օրէն անոր առողջութիւնը վայրէջք արձանագրեց։ Հետզհետէ տկարացաւ։ Առողջական վիճակին մէջ բարդութիւններ յառաջացան։ Պայքարեցաւ, յատուկ խնամք ստացաւ ոչ միայն բժիշկներէն կամ բուժքոյրերէն, այլ իր հարազատներէն։ Կինը՝ Մարթան միշտ կողքին էր, դուստրը՝ Սիլվան պահապան հրեշտակ մը եղաւ իրեն համար, զաւակները, հարսը, թոռները համակ օգնութիւն եղան։ Աւա՜ղ, սակայն, հողածին էր Կիրակոսը եւ հողին դառնալու դատապարտուած եւ այսպէս հակառակ բոլոր ջանքերուն եւ ի գործ դրուած ճիգերուն ան իր աչքերը յաւիտեան փակեց այս կեանքին համար Մարտ 3, 2011-ին։ Կիրակոս Թիթիզեան աշխատեցաւ ու գործեց մինչեւ վերջին շաբաթները իր կեանքին։ Ցաւեցաւ ու տագնապեցաւ հայ արժէքներու կորուստով այս ափերուն վրայ։ Երբեք չստեց, խարդախութիւն չկար իր բառարանին մէջ, ոչ մէկուն ցաւ պատճառեց։ Օգտակար եղաւ բազում անձերու։ Արժանապատուութիւն ունէր ան։ Բայց այս բոլորէն վեր եւ անդին հաւատացեալ մըն էր հանգուցեալը, բառին իսկական եւ վաւերական զոյգ իմաստներով։ æատագով մըն էր Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ։ Սերտ կապեր ունէր բարձրաստիճան եկեղեցականներու եւ զոյգ կաթողիկոսներուն հետ եւ շատ ու շատ եկեղեցականներ զինք կը կոչէին «Քեռի»։ Թող լոյս իջնէ իր շիրիմին եւ յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։