Jump to content

Կիրակոս Ադամեան

Կիրակոս Ադամեան
Ծնած է 20-րդ դար
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Երեխաներ երկու

Կիրակոս Ադամեան, (20-րդ դար, Հալէպ, Սուրիա

Կիրակոս Ադամեան, ծնած՝ Հալէպ, խարբերդցի ծնողներէ։ Աւարտած է քաղաքին Խարբերդի Կիլիկեան վարժարանը: 1950-ին, արհեստի հետեւելով դարձած է ինքնաշարժի մեքենագէտ։ 1962-66 ուսանած է Սոֆիայի թէքնիք քոլէճը, ուրկէ շրջանաւարտ ելած է բարձրագոյն նիշով։ Յետոյ վերադարձած է Սուրիա եւ մէկ տարուան համար Սէուտական Արապիա գացած, որպէս վերակացու ծանր մեքենաներու վերաշինութեան գործին։

1969-ին կը հաստատուի Նիւ Եորք եւ կը կազմէ իր ընտանիքը, բախտաւորուելով աղջիկ եւ մանչ զաւակներով։

Կ'աշխատակցի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին, ստորագրելով սրամտութիւններով համեմուած պատմուածքներ, որոնց նիւթերը կը քաղէ առօրեայ իրական կեանքէն։ Կու տայ նաեւ իր յուշերը, հարազատօրէն պատկերացնելով իր երբեմնի կեանքէն տպաւորիչ դէպքեր՝ խօսակցութիւնները համեմելով խարբերդի հայոց բարբառով[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։