Խաչատուր Կեչառեցի

Խաչատուր Կեչառեցի
Ծնած է 1260[1]
Մահացած է 1331[1]
Մահուան վայր Կեչառիսի Վանքային Համալիր, Ծաղկաձոր, Հայաստան
Տեսակ բանաստեղծութիւն
Մասնագիտութիւն գրագէտ, բանաստեղծ

Խաչատուր Կեչառեցի (շուրջ 1260 - 1331, Կեչառիս, Ծաղկաձոր, Հայաստան), հայ բանաստեղծ, մշակութային գործիչ։

Եղած է Կեչառոյքի միաբանութեան վանահայր, հայ ազգային աւանդներու ջատագով ու պաշտպան՝ մոնկոլական արշաւանքի շրջանին։ Հեղինակ է քնարական բանաստեղծութիւններու, նշանաւոր պատմա-քաղաքական «Վասն աւերման տանս արեւելեան» ողբին, հոգեւոր շարք մը երգերու, ինչպէս նաեւ «Վասն գալստեան մոգուցն» պարականոն զրոյցին։

Իր ջանքերով վերականգնած է Սուտ-Կալիսթենեսի «Վարք Աղեքսանդրի» հայերէն թարգմանութեան բնագիրը՝ իր իսկ կազմած 18 օրինակով, ներածութեամբ ու համապատասխան պատկերազարդումներով։

Խաչատուր Կեչառեցիին բանաստեղծական ժառանգութիւնը մեծ չէ, բայց բազմաբովանդակ է։ Ձեռագիրներուն մէջ պահպանուած «Վասն աւերման տանս արեւելեան» ողբը ժամանակի հրատապ հարցերու արձագանգն է։

Խաչատուր Կեչառեցիին միւս ստեղծագործութիւնները նոյնպէս ժամանակի արձագանգն են, որոնց մէջ առաւել ցայտուն են բանաստեղծին անձնական ապրումներն ու խոհերը։ Խ. Կեչառեցիին յատուկ է խօսքի հակիրճութիւնն ու որոշակիութիւնը։ Ան կը մտածէ աշխարհի ունայնութեան եւ վերջին դատաստանի մասին, կ'անդրադառնայ հոգիի եւ մարմինի պայքարին, կեանքի մէջ մարդու ընելիքին, խրատներ կու տայ։ Սակայն Խաչատուր Կեչառեցիին խրատները ոչ միայն ժամանակի ըմբռնումներէն բխող, քրիստոնէական բարոյախոսութեամբ ներծծուած քարոզներ են, այլեւ՝ առօրեայ, կենցաղային անհրաժեշտ մարդկային խորհուրդներ։ Խաչատուր Կեչառեցիին բնորոշ են գեղարուեստական պատկերաւորման հետաքրքրական ու զուսպ հնարքները, միջին հայերէնի մտածուած օգտագործումը, հայրեններու տաղաչափութեան կիրարկումը։ Միջնադարեան շատ բանաստեղծներու նման անոր նոյնպէս յատուկ է «հողեղէն մարդու» անկատարութեան ողբերգութիւնը։

Հին ու նոր մտայնութիւններու իւրօրինակ շաղախ է «Աղեքսանդրի պատմութեան» վրայ կատարած անոր աշխատանքը, որ արտայայտութիւնն է ժամանակի քաղաքական նկրտումներու, երկիրին անկախութեան գաղափարի եւ «պսակաւոր արքայի» գեղագիտական իտէալի։ Առասպելական յատկանիշներով օժտուած Աղեքսանտր Մակեդոնացին թերեւս ամէնէն նշանաւոր կերպարն էր նշուած խնդիրներու արծարծման համար։ Անոնք արտայայտութիւնն են նաեւ «Աղեքսանտրի պատմութեան» հարստութիւնը ներկայացնող Խաչատուր Կեչառեցիին չափական դրուագները, որոնք քառեականերու ձեւով տեղադրուած են արձակ պատմութեան մէջ։ Ի տարբերութիւն միջնադարուն տարածուած գերազանցապէս խոհա-խրատական բնոյթի այս ոտանաւոր-շարքը կը պահպանէ պատմողական գիծը։ Խաչատուր Կեչառեցիին բանաստեղծութիւնները քնարական են, անմիջական, անոնց բնորոշ է ժողովրդական պարզ մտածողութիւնն ու տաղաչափութիւնը։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Տաղեր (աշխատասիրութիւնը՝ Ա. Դոլուխանեանի), Երեւան, 1988։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]