Jump to content

Կարօ Մահսերեճեան (Տօքթ. Կարօ)

Կարապետ Սահակ Մահսերեճեան (Տօքթ. Կարօ, 17 Մայիս 1940, Դամասկոս, Սուրիա-5 Մարտ 2020, Պէյրութ, Լիբանան): Լիբանանահայ բժիշկ եւ հասարակական գործիչ:

Ծնած է Դամասկոս, Սուրիա, 1940-ին: Հայրը՝ Սահակ եւ մայրը՝ Մայրենի, իրենց բազմանդամ ընտանիքին զաւակը՝ Կարօն (չորս մանչ եւ չորս դուստր) ուղարկած են Թարգմանչաց Վարժարան, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը:

  • 1958-1961՝ Եղած է Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ մշակութային պարախումբին պարուսոյցը, ինչպէս նաեւ երգչախումբին անդամ (օրուան պատասխանատուն եղած է Տ. Անդրանիկ վրդ. Կռանեանը):
  • 1958-1962 աշխատակցած է Սուրիոյ ազգային հեռատեսիլի կայանին՝ իբրեւ դերասան եւ ազգագրական պարերու մեկնաբան:
  • Փոքր տարիքէն, մինչեւ 1962, անդամակցած է Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական շարքերուն, հետագային մաս կազմելով խմբապետական կազմին, ուր բեղուն գործունէութիւն տարած է:
  • 1962-ին, աւարտած է Կաթողիկէներու Պատրիարքութեան Քոլէճը (Catholic Patriarchal College):
  • 1962-1963 եղած է Դամասկոսի Սահակեան դպրոցին տնօրէնը։
  • 1963-ին Դամասկոսէն մեկնած է Երեւան, ուր մասնագիտացած է իբրեւ բժիշկ՝ Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանին մէջ։
  • Վերադառնալով Պէյրութ, Ապրիլ 1975-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին սկիզբին, կամաւոր կերպով դարմանած է հարիւրաւոր վիրաւորներ ու հիւանդներ՝ անձամբ այցելելով պատերազմի վայրերն ու արկածեալներուն տուները[1]:
  • 1 Սեպտեմբեր, 1975-ին, Հաճընի Տատրեան դպրոցին առաջին յարկին մէջ հիմնած է Հաճընի Դարմանատունը, ուր մինչեւ 1978 ընդունած է մեծ թիւով հիւանդներ, միաժամանակ «Շտապօգնութեան դասընթացքներ» կազմակերպած է, ներառելով շրջանի հայորդիները:
  • Յունիս 1980-ին աւարտած է Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանը:
  • 1980-1994 եղած է Հաճընի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ, ինչպէս նաեւ Սահակ Մեսրոպեան- Տատրեան վարժարանին հոգաբարձու:
Կարօ Մահսերեճեան, Թարգմանչաց Վարժարանի Մանկապարտէզի հանդէսին, 1946:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1980-ին, Պէյրութի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, տօքթ. Կարօ, իբրեւ երիտասարդ նոր շրջանաւարտ բժիշկ, Երեւանէն Պէյրութ հասնելով, անմիջապէս լծուած է աշխատանքի։ Ան հիմնած է իր անձնական դարմանատունը՝ Նոր Հաճընի մէջ: Մէկդի դնելով ամէն տեսակի խտրութիւն, ամէն տեսակի գաղափար ու նախասիրութիւն, ան իր սպիտակ ձեռնոցներով նուիրուած է իր առաքելութեան, յաճախ առանց փոխհատուցում ստանալու, սակայն միշտ քայլ պահելով բժշկական ոլորտէն ներս յառաջադէմ մօտեցումներուն։

Շատերու վկայութեամբ՝ «Ան համեստ եղած է իր նկարագիրով, բայց ոչ համեստ՝ իր վաստակով եւ ծառայութեամբ»[2]:

Մեծ նուիրումով եւ գորովագութ ու ամուր ձեռքերով օգնութեան հասած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին տարբեր փուլերուն ընթացքին վիրաւոր հայորդիներուն ու արաբ հարեւաններուն, որուն իբրեւ երախտագիտութիւն, Արարատ օրաթերթը մեծարանքի երեկոյով մը պատուած է զինք՝ 20 Դեկտեմբեր 2019-ին, Նոր Հաճնոյ ՀԿԲՄ-ի դարմանատան սրահին մէջ:

Խրոխտ եւ ամուր նկարագիրով, վեհանձն եւ համեստ, չափազանց համբերատար ու ծառայասէր, կեանքի բոլոր դժուարութեանց դիմաց պայքարող բժիշկ մը եղած է Կարօ Մահսերեճեան:

Ան իր պարտականութեան գիտակից բժիշկ մը ըլլալէ անդին, ազնիւ, ազգասէր եւ նուիրեալ հայորդի մը եղած է։ Իրեն համար սրբութիւն սրբոց եղած է հայրենիքը՝ Հայաստանը, ուրկէ ալ վկայուած էր: Ընկերային կառոյցներէ ներս, միշտ ալ հանրութեան համակրանքը վայելած է:

Ան մեծ սէր ունեցած է երաժշտութեան եւ հայ գրականութեան հանդէպ:

  • 20 Դեկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի Բժշկական Սենտիքային կողմէ արժանացած է գնահատանքի յուշատախտակի:
  • 20 Դեկտեմբեր 2019-ին, արժանացած է Լիբանանի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք.-ին օրհնութեան գիրին:
  • 20 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի, Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Կողմէ Պատուոյ յուշատախտակի արժանացած է՝ «Առ ի երախտագիտութիւն 50 տարիներու բժշկական եւ ընկերային ծառայութիւններուն համար»:

Անձնական Կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

22 Փետրուար, 1981-ին Ամուսնացած է Սիլվա Իսկիկեանին հետ, ունի երեք զաւակ՝ Սեւակ, Շողակ եւ Դալար:

Մահ

Մահացած է 5 Մարտ 2020-ին, Պէյրութ, Լիբանան:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Խօսնակ», Պաշտօնաթերթ Հ.Բ.Ը. Միութեան, 62-րդ Տարի, թիւ 12, Դեկտեմբեր 2019