Jump to content

Կարմիր Կամուրջ (սահմանային)

Կարմիր Կամուրջ (ադրբ.՝ Qırmızı Körpü , վրացերէն՝ წითელი ხიდი, Tsiteli Khidi), կամուրջ է, որ կը բաժնէ Վրաստանը եւ Ազրպէյճանը։ Տեղաւորուած է Թիֆլիս եւ Գանձակ քաղաքներու միջեւ։

Կամուրջը ստացած է կարմիր անունը, որովհետեւ կառուցուած է կարմիր տուֆ քարէ։ Կառուցուած է Խրամ գետին վրայ՝ սահմանային չէզոք գօտիին։ Կամուրջը հիմնուած է ԶԷ. դարուն, սակայն յայտնի է, որ գոյութիւն ունեցած է ԺԱ. դարէն։ Գործած է մինչեւ 1998 թուականը, երբ «TRACECA»ի ծրագրով կառուցուած է նոր կամուրջ, որ աւելի լայն էր։

1990 թուականէն կամուրջին վրայ կը գործէր մեծ շուկայ: Անոր հսկողութիւնը յանձն առած էին Վրաստանի Մարնելի քաղաքի եւ հարակից գիւղերուն, գիւղակներուն ազրպէյճանցիները։ Շուկան փակուեցաւ 2006 թուականի գարնան։[1]

Ծանոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Երեւանի Կարմիր Կամուրջի մասին