Jump to content

Կարգ ու Կանոնի Բաժանմունքէն Ներս (գիրք)

Կարգ ու Կանոնի Բաժանմունքէն Ներս
Խմբագիրներ Ռոպէր Քոփթաշ, Robert Koptaş
Հեղինակ Իւմիթ Քուրթ, Ümit Kurt
Կողքի պատկերազարդող Մէլիսա Արսենեան, Melisa Arsenyan
Երկիր Թուրքիա, պատմական Հայաստան
Լեզու Թրքերէն
Հրատարակող Արաս հրատարակչատուն
Հրատարակչական թուական
Հոկտեմբեր 2023
Գիրքի տեսակ Պատմութիւն
Էջ 256 Էջ
ISBN 9786257460354


Կարգ ու Կանոնի Բաժանմունքէն Ներս կամ ամբողջական անուանումով՝ Կարգ ու Կանոնի Բաժանմունքէն Ներս․ Պետական ​​գործիքակազմը Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ հանրապետութիւնը՝ Ցեղասպանութեան թեքնոկրատ Մուսթաֆա Ռէշաթ Միմարօղլու-ի հետքերով, (թրքերէն՝ Kanun ve Nizam Dairesinde։ Soykırım Teknokratı Mustafa Reşat Mimaroğlu’nun İzinde Osmanlı’dan Cumhuriyet’e Devlet Mekanizması) գիրք մըն է պատմաբան Իւմիթ Քուրթի գրիչով։

Գիրքին բովանդակութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մուսթաֆա Ռէշաթ Միմարօղլու
Մուսթաֆա Ռէշաթ Միմարօղլու

Այս գիրքին մէջ Իւմիթ Քուրթ կը շարունակէ ուսումնասիրել ու յստակեցնել թրքական պետութեան կողմէն իրագործուած՝ Հայոց Մեծ Եղեռնին մէջ թուրք վերնախաւերու եւ սովորական դերակատարներու ուղղակի եւ/կամ անուղղակի մասնակցութեան ծաւալն ու շարժառիթները։ Գիրքը կ՚անդրադառնայ Մեծ Եղեռնի դիւանակալային (անգլերէն՝ bureaucratic) եւ վարչական (անգլերէն՝ administrative) կողմերուն, գործածելով Մուսթաֆա Ռէշաթ Պէյ-ի (թրքերէն՝ Mustafa Reşat Mimaroğlu կամ Mustafa Reşat Bey) օրինակը, որ թէ՛ օսմանական կայսրութեան եւ թէ՛ թրքական հանրապետութեան ժամանակաշրջաններուն գիտարուեստավար (անգլերէն՝ Technocrat) եւ քաղաքական վերնախաւի երեւելի դէմքերէն էր։[1]

Գիրքը ցոյց կու տայ ցեղասպանութիւնը իրագործած յանցագործներու, այսպէս կոչուած՝ «Կարգ ու Կանոնի Բաժանմունք»-էն (թրքերէն՝ Kanun ve Nizam Dairesinde) ներս աշխատող հրոսակին մտածելակերպն ու գործողութիւնները, որոնք նախապատրաստեցին եղեռնի ու ցեղասպանութեան ենթակառուցուածքը (անգլերէն՝ infrastructure), հողն ու մթնոլորտը։ Միաժամանակ կը բացահայտէ պետական գործիքակազմի եւ գործողութիւններու շարունակականութիւնը Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ Թրքական հանրապետութիւնը։ Իւմիթ Քուրթ այս գիրքին մէջ կը կեդրոնանայ Մուսթաֆա Ռէշաթ Միմարօղլուի կենսագրութեաեն վրայ։ Ռէշաթ Պէյը, ըլլալով ծանրակշիռ դիւանակալ մը (անգլերէն՝ bureaucrat) կատարեց 1915 թուականի Ապրիլ 24-ի ցերբակալութիւններն, եւ ինչպէս կըսուի իր մասին, "աշխատասեղանին նստած" հսկայական դերակատարութիւն ունեցաւ Մեծ եղեռնը ի կատար ածելուն մէջ: Գիրքին մէջ նաեւ լուսարձակի տակ կառնուի անոր հանդիպումը Շաւարշ Միսաքեանի հետ երբ անոր կը հարցաքննէ։[1]

Գիրքը շարադրելուն դրդապատճառը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իւմիթ Քուրթ կ՚ըսէ թէ գիրքին ամբողջ պատմութիւնը սկսաւ Ատոլֆ Այշմանի (գերմաներէն՝ Otto Adolf Eichmann) կենսագրութենէն։ Վերջինս «Սութցշթաֆէլի» սպայ (գերմաներէն՝ Schutzstaffel, SS), հրեաներու ողջակիզութեան (անգլերէն՝ Holocaust) կազմակերպիչներէն մին էր[2]։ Ան խստիւ կը հետեւի հարիւր հազարաւոր հրեաներ մահուան վրանողք (ճամբարներ) ղրկելու հրամաններուն։ Ըստ պատմաբան Քուրթ-ի յանցագործ Այշման պատմութեան մէջ կը ճանչցուի իբրեւ՝ «աշխատասեղանի սպաննիչ» (անգլերէն՝ desk killer), հակառակ անոր որ ան երբէք զէնքով չէ կրակած, եւ իր ձեռքերով ոչ մէկ հրէայ սպաննած է։ Գերմանաամերիկացի պատմաբանուհի եւ իմաստասիրուհի (անգլերէն՝ Philosopher) Հաննա Արենտթ (գերմաներէն՝ Hannah Arendt)․․․[3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 «Kanun ve Nizam Dairesinde - Aras Yayıncılık»։ Kanun ve Nizam Dairesinde - Aras Yayıncılık (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2024-02-17 
  2. Encyclopedia of the holocaust / 2, [E - K]։ Internet Archive։ New York : Macmillan։ 1990։ ISBN 978-0-02-897164-3 
  3. «Şavarş Misakyan’ın Mimaroğlu’na yönelttiği tarihsel soru»։ Agos (թուրքերեն)։ 2024-04-01։ արտագրուած է՝ 2024-02-17