Jump to content

Կանկատունկ (Քաքթիւս)

Կանկատունկ (Քաքթիւս), կանկատունկերը բոյսեր են, որոնք կ'ապրին եւ կ'աճին անապատներուն մէջ:

Բոյսերուն մեծ մասը աճելու համար պէտք ունի ջուրի եւ սնունդի: Սակայն կանկատունկերը կ'աճին անապատներու մէջ, ուր ջուրը միշտ կը պակսի, եւ ուր օդը շատ տաք է: Կանկատունկերը կ'ապրին եւ կ'աճին ինչպէս միւս բոլոր բոյսերը` շնորհիւ արեւու լոյսին:

Կանկատունկերը «կը շնչեն»: Անոնք առաւելագոյն ձեւով կ'օգտագործեն իրենց շրջապատին հարստութիւնները: Այս բոյսը տերեւներ չունի, այլ, անոնց փոխարէն, փուշեր: Անոնք կրնան «որսալ» ջուրը, խոնաւութիւնը եւ պահեստներ ամբարել իրենց արմատներուն մէջ` իրենց փուշերուն շնորհիւ: Այս ձեւով, երբ անոնք ջուրի պէտք ունենան, կրնան այդ պահեստներէն օգտուիլ:

Տերեւներուն եւ բոյսերուն տարբերութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տերեւները մեծ են եւ լայն. անոնք արեւուն ճառագայթներուն կը պարզեն ընդարձակ մակերես մը, հետեւաբար բոյսը ջուրի մեծ կորուստ պիտի ունենայ, եթէ արեւուն «հրամցնէ» այդքան ընդարձակ կանաչ մակերեսներ: Ուրեմն կանկատունկը գիտցած է յարմարիլ այդ միջավայրին: Ան իր կեանքը կ'ապահովէ փուշերուն ընդմէջէն, շատ քիչ «քրտնելով»:

Կանկատունկերուն փուշերը շատ գործնական են նաեւ պաշտպանուելու համար բոլոր անոնց դէմ, որոնք պիտի ուզեն զիրենք խածնել:

Անոնք կը բուսնին աւազին վրայ, եւ անոնց արմատները շատ քիչ հողի պէտք ունին աճելու համար: Ուրիշ ոչ մէկ բոյս կրնայ նման շատ  չոր վայրերու մէջ բուսնիլ:

Եթէ պայմանները շատ վատ դառնան, կանկատունկը կը դանդաղեցնէ իր կենսագործունէութիւնը: Անիկա կարճ միջոցի մը համար կը դադրի աճելէ` սպասելով խոնաւութեան վերադարձին, իր կեանքը շարունակելու համար[1]:

Հետաքրքրական գիտելիքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Սակուարօ Քաքթիւսին (կանկատունկ) ճիւղերը  կը սկսին անոր կոճղին վրայ բուսնիլ, երբ բոյսը 75 տարեկան կ'ըլլայ: Սակուարօ քաքթիւսը աշխարհի ամէնէն նշանաւոր քաքթիւսն է: Հիւսիսային Ամերիկայի անապատային այս խորհրդանիշը կրնայ ապրիլ մինչեւ 200 տարի. անոր ծանրութիւնը կ'անցնի 5000 թոնը, եւ կրնայ պարունակել մինչեւ 3000 լիթր ջուր[2]:
  • Մեքսիքոյի մէջ աճող մամիլարիա էլոնկոթա քրիսթաթա կանկատունկի տեսակը տարօրինակ բոյս մըն է, որուն ձեւը կը յիշեցնէ մարդկային ուղեղը[3]:
  • Կանկատունկերուն տեսակները բազմաթիւ են։ Անոնք կ'ըլլան ծառանման, թփանման, խոտանման։ Կան 1սմ բարձրութեամբ ու քանի մը կրամ կշիռքով կանկատունկեր եւ 25 մ բարձրութեամբ քանի մը թոն կշռող կանկատունկեր։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։