Կայուն Զարգացում
Կայուն զարգացում (անգլ.՝ sustainable development), փոփոխութիւններու գործընթաց է, որ բնական պաշարներու շահագործումը, ներդրումներու ուղղուածութիւնը, գիտա-տեխնոլոգիական զարգացման կողմնորոշումը, անհատի զարգացումը եւ էական փոփոխութիւնները, որոնք համաձայնեցու՚ մէկը միւսով, կ՚ամրապնդեն ներկայի եւ ապագայի ներուժը մարդկային կարիքներու եւ ձգտումներու բաւարարման համար։ Հիմնականին խօսքը մարդկային կեանքի որակի ապահովման մասին է։
Թարգամանութեան նրբութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զանազան հեղինականեր բազմիցս նշել են օտարերկրեայ արտայայտութիւններու ոչ ճիշտ կերպով ռուսերէն թարգմանութիւնները։ / անգլ . sustainable development, ֆր. developpement durable, գերմ. Nachhaltige Entwicklung/. Ի հարկէ, «կայուն զարգացում» եզրը կողմնորոշումը, կը նշանակէ ուղղակի հաստատուն, կայուն, մշտական աճ։ Միաժամանակ եւրոպական լեզուներուն մէջ հետեւեալ բառերու թարգմանութիւնները կը տրուին ինչպէս՝ sustainable – օժանդակում, development - զարգացում, վերամշակում, ստեղծում, ձեւաւորում, կառուցում, կատարելագործում, ընդլայնում, տեղաբաշխում, բարելաւում, ծրագրաւորում, աճում, առաջացում, հանգամանքներ, գործառնական զարգացում, գործարան, նախապատրաստական աշխատանքներ, նոր կառոյցներ, ծննդավայրի նախապատրաստում, եզրակացութիւն, մշակուող հողակտորը, շինարարութիւն, ծննդավայրի շրջանառում, գերմ. Nachhaltige – հաստատուն; Entwicklung-զարգացում, առաջացում, վերամշակում, ստեղծում, ծրագրաւորում, բարելաւում, փոփոխում, կոնստրուկտաւորում, արդիականացում, ծրագիր։ Develeopment - Զարգացում, Durable / ածական / - ուժեղ, երկարաժամկէտ, երկարատեւ, երկարատեւ օգտագործում, երկարակեաց, ապահով։ Համապատասխան համատեքստին մէջ այդ թարագմանութիւնը պէտք է ունենայ աւելի նեղ իմաստ։ «Շարունակական» զարագացումն է, աւելի շուտ, որ արգելք չի հանդիսանար մարդկութեան յետագայ գոյութեան եւ զարգացման նախկին դիրքով։ Ռեսուրսներու օգտագործման մոդելներու կայուն զարգացումը, որ ուղղուած է մարդու կարիքներու հոգման շրջակայ միջավայրի պահպանման պարագային, որ այդ կարիքները կրնան լուծուիլ ոչ միայն ներկայի այլեւ ապագայ սերուդներու համար։ Պրունտլանտի յանձանաժողովը եղած է այս եզրի առաջ քաշողը, այդ կայուն զարգացման աւելի յաճախ դիտուող կը բնութագրէր իբրեւ զարգացում, որ «ներկայ սերունդի կարիքներու հոգման եւ ապագայ սերունդներու կարիքներու հոգման համար արգելք չի հանդիսանայ»: Պրունտլանտի յանձնաջողովը, որ պաշտօնապէս յայտնի է իբրեւ Շրջակայ միջավայրի եւ / WCED / զարգացման աշխարհիկ յանձնաժողով, գումարուեած է ՄԱԿ- ի կողմղ 1983-ին։ «Յանձնաժողովը ստեղծուած է «շրջակայ միջավայրի վիճակի արագ վատթարացման, մարդկային եւ բնական ռեսուրսներու եւ արդիւնաբերական եւ ընկերական զարգացման ուղղութեան վատթարացման» աճող մտահոգութիւններու արդիւքնով»: ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ասսամբլեան յանձնաժողովի ստեղծման ժամանակ ընդունեց, որ այդ էկոլոգիական խնդիրները կը կրեն խոր բնութագիր եւ կը պարզաբանեն, որ այն կը համապատասխանէ բոլոր երկիրներու տհետաքրքրութիւններու կայուն զարգացման քաղաքական վերամշակման։ Դեռ 1970-ականներուն «կայունութիւնը» օգտագործուած է արդիւնաբերութեան «հիմնական բնապահպանական աջակցութեան համակարգերու հետ հաւասարակշռութեան» նկարագրման համար։ Բնապահպանները կը նշեն «Աճի սահմանները» եւ «էկոնոմիկայի կայուն զարգացումը» կը ներկայացնեն այլընտարնքային որակաւորմամբ՝ բնապահպանական խնդիրներու լուծման նպատակներով։ «Աճի սահմանները» աշխարհի բնակչութեան արագ աճի եւ ռեսուրսներու վերջնական առաքման հետեւանքներու մոդելաւորման գիրք է։ Գիրքի հեղինակներն են Տոնելլա Ն. Մետոուսը, Տեննիս Լ. Մետոուսը, Եորկն Ռանտերսը եւ Ուիլիամ Վ. Պերենս երրորդը։ Գիրքին մէջ աշխարհի եւ մարդու փոխազդեցութան արդիւքնով մոդելաւորման փորձ կատարուած է, ներկայացնելով՚ որոշ խնդիրներ եւ կանխատեսումներ ինչպէս Թոմաս Ռոպերտ Մալտուսի «Բնակչութեան օրէնքներու մասին ակնարկին մէջ» / 1789 /: Սկզբնական մոդելին մէջ վերանայուած էին հինգ կատարուած փոփոխութիւնները։ Այդ փոփոխականներն էին՝ աշխարհի բնակչութիւնը, ճարտարարուեստականացումը, շրջակայ միջավայրի աղտոտութիւնը, ռեսուրսներու սպառումը, սննդամթերքի արտադրութիւնը։ Հեղինակները կը ծրագրին դիտարկել հակառակ կայուն կաղապարի հնարաւորութիւնը, որ հնարաւոր էր ձեռք բերել հինգ փոփոխականներու միջեւ աճի ուղղութեան փոփոխման ճանապարհով։ Վերջին նորացուած տարբերակը հրատարկեց 1 Յուլիս 2004-ին «Աճի սահմանները` 30 տարի» անուամբ։ Տնելլա Լուգան, Եորկան Ռանտերսը, եւ Տեննիս Մետոուսը նորացուցին եւ ընլայնեցին սկզբնական տարբերակը։ 2008-ին Կրեմ Դեները գիտական եւ արդիւնաբերական հետազօտութիւններու համագործակցութեան մակարդակով /CSIRO/ Աւստրիալիոյ մէջ հրատարակեց «Աճի սահմաններու համեմատութիւնը» անուամբ յօդուածը։ Անոր մէջ քննարկած է վերջին 30 տարուան իրականութիւնն ու կանխատեսումները, որոնք առնուած են 1972-ին։
Կայուն զարգացման հասկացութիւնն ու որոշումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փաստօրէն խօսքը ոչ թէ ընդհանրապէս տնտեսական աճի անյապաղ դադարեցման, այլ առաջին փուլին մէջ, շրջակայ միջավայրի պաշարներու ոչ իրաւացի օգտագործման աճի դադարեցման մասին է։ Վերջինս, աշխարհի մէջ աճող մրցակցութեան, յաջող տնտեսական գործունէութեան ժամանակակից այնպիսի ցուցանիշներու աճի պայմաններուն մէջ, ինչպիսին են արտադրողականութիւնը եւ շահոյթը, դժուար է պատկերացնել։ Միեւնոյն ժամանակ «ոչ տեղեկացուած հասարակութեան» անցումը տնտեսութեան մէջ ոչ նիւթական ֆինանսներու հոսքի՝ տեղեկութիւններու, հաղորդագրութիւններու, իմացական սեփականութեան, կը բերէ այսպէս կոչուած տնտեսական գործունէութեան «աննիւթակացման». արդէն հիմա ֆինանսական գործարքներու ծաւալը 7 անգամ կը գերազանցէ նիւթական ապրանքներու առեւտուրի ծաւալին։ Նոր տնտեսութիւնը կը շարժէ ոչ միայն նիւթական պաշարներու ( եւ բնական) պակասը, այլեւ առաւել մեծ չափով տեղեկութիւններու եւ գիտելիքներու պաշարներու աւելցուկը։ Տնտեսական գործունէութեան տեսակարար էներգաունակութիւնը կը շարունակէ ցածնալ, չնայած ընդհանուր էներգաօգտագործումը դեռեւս կ՚աճի։ ՄԱԿ համակարգի միջազգային կազմակերպութիւններու մեծ մասը իր գործունէութեան մէջ ներառած է էկոլոգիական բաղկացուցիչը՝ կողմնորոշուած դէպի կայուն զարգացում։ Համաշխարհային դրամատան փորձագէտները կայուն զարգացումը բնութագրած են որպէս գործերու կառավարման գործընթացներու ամբողջութիւն (փաթեթ)՝ ուղղուած մարդոց մօտ եղած հնարաւորութիւններու պահպանման ու ընդլայման։ Այդպիսի բնութագրմամբ ակտիւները ոչ միայն աւանդական ֆիզիկական հիմնականն է, այլեւ՝ բնական ու մարդկային սիւնագլուխը։ Կայուն ըլլալու համար զարգացումը պէտք է ժամանակի ընթացքին ապահովէ այդ բոլոր ակտիւներու աճը ( ծայրահեղ պարագային ոչ փոքրացում ) : Երկրի տնտեսութեան իրաւացի կառավարման համար կիրառելի է այն տրամաբանութիւնը, որ կ՚օգտագործուի անձնական սեփականութեան իրաւացի կառավարման համար։ Կայուն զարգացման բերուած բնութագրման համապատասխան Համաշխարհային դրամատան կողմէ մշակուած կայունութեան գլխաւոր ցուցանիշը երկրին մէջ «խնայողութիւններու իրական քայլերը ( չափորոշիչները) են» կամ «ներդրումներու ճշգրիտ չափորոշիչները»: Հարստութեան կուտակման չափման այժմ ընդունուած մօտեցումները հաշուի չեն առներ բնական ռեսուրսներու սպառուիլը եւ քայքայումը, ինչպիսին են անտառները եւ նաւթային պաշարները մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ մարդոց ներդրումները՝ ցանկացած երկրի ամենաարժէքաւոր գործերը։ Խնայողութիւններու իրական քայքայման հաշուարկման ժամանակ այդ թերութիւնը կ՚ուղղուի խնայողութեան ժամանակ աւանդական մեթոդներով հաշուարկներու մօտաւորութիւններու միջոցով. փոքրացնելով՝ գնահատելով բնական պաշարներու մաշուածութիւնը եւ շրջակայ միջավայրի աղտոտուածութեան վնասները (բնական դրամագլուխի կորուստները), եւ այն մեծցնելով՝ հաշուի առնելով մարդկային դրամագլուխի աճը (ամէնէն առաջ կրթութեան եւ բժշկական սպասարկաման ներդրումներու պատճառով) :
Տարածքներու կայուն զարգացում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]20-րդ դարը, որ քաղաքներու եւ բնակավայրերու համակարգի աննախադէպ աճի ժամանակաշրջան դարձաւ, առաջացուց ԿԶ սկիզբունքերու մշակման եւ քաղաքաշինութեան եւ տարածքային ծրագրաւորման բնագաւառին մէջ ներդրման պահանջմունք։ Համապատասխան մտապատկերը ստացաւ «տարածքներու կայուն զարգացում» անուանումը, ենթադրելով քաղաքաշինութեան գործունէութեան իրականացման ժամանակ անվտանգութեան ապահովումը եւ մարդու կենսագործունէութեան բարենպաստ պայմանները, շրջակայ միջավայրի վրայ տնտեսական եւ այլ գործունէութեան բացասական ազդեցութիւններու սահմանափակումը, ժամանակակից եւ ապագայ սերունդերու շահերէն ելլելով՝ բանական պաշարներու պահպանումը եւ իրաւացի օգտագործման ապահովումը։
Տարածքներու կայուն զարգացման սկիզբունքները
1. Քաղաքի նոր բնակավայրերուն մէջ կամ թաղամասերուն մէջ կը կառացուին բնակելի շէնքեր / 5 յարկէ ոչ բարձր /, ծրագրաւորուած որոշումները հաշուի կ՚առնուին յարմարաւէտ երթեւեկութեան ենթակառուցուածքներու ստեղծումը, վարչական, գործարար եւ առեւտուրի կեդրոններու, ընկերական հաստատութիւններուն հեշտ հասանելի ըլլալը։
2. Շէնքը կը կառուցուի բջիջային սկիզբուքնով, այսինքն՝ կը կառուցուին կանաչ բացատներ, մանկական հրապարակներ, բարձր կառոյցներով գործնական թաղամասեր, որոնք մեկուսացուած են բնակեցուած կանաչ շրջաններէ։
3. Երթեւեկութեան ենթակառուցուածքի ստեցծման պարագային կը նախընտրուի բնապահպանական տեսանկիւնէ աւելի ընդունելի երթեւեկութեան միջոցը /տրոլեյբուսներ, տրամուայներ, ֆունիկուլյորներ, վերգետնեայ եւ ստորգետնեայ ելելկտրական գնացքներ/, լուրջ ուշադրութեան կ՚արժանանան հասարակական երթեւեկութեան զարգացում, կը քաջալերուի եւ կը խթանուի հեծանիւի օգտագործումը։
4. Կը կատարուի աւտոկանգառներու հաւաստի հաշուարկ բնակելի տարածքներու եւ վարչական - գործարար կեդրոններու մօտ՝ շրջանի ժողովրդական եւ տնտեսական զրագացման հետ կապուած։
5. Մեծ ուշադրութիւն կը դարձրուի տարածքներու բարեկարգման, այիսնքն՝ կը ստեղծուին արհեստական ջրամաբարներ, այգիներ, մարգագետիններ եւ այլն։
6. Կը հաշուարկուի իւրաքանչիւր թաղամասի պաշտօնի նշանակութիւնը՝ հաշուի առնելով ժողովրդական հեռանկարը / ակնկալիքները /, շրջանային տնտեսական իւրայատկութիւնները եւ նոյնիսկ մակրոտնտեսութիւններուն մէջ/ օրինակ՝ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու պարագային հաշուի կ՚առնեն քամիները/:
7. Ճարտարագիտական ենթակառուցուածքի ստեծման ժամանակ հաշուի կ՚առնուին իւրաքանչիւր թաղամասի մէջ վերականգնող ներուժի տեղային աղբիւրներու օգտագործման հնարաւորութիւնները։
8. Շրջանային էներգոյ համակարգի հետ կապուած կը քննարկուի ներտնային էներգոխնայողական տեխնոլոգիաներու օգտագործման հնարաւորութիւնը /յարմարանք բնական օդափոխման եւ լուսաւորման ապահովման համար/:
9. Կը ստեղծուին ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման արդիւնաւէտ համակարգեր /նախքան ջրամբարի բացթողումը կոյուղի, կ՚ենթարկուի առաւելագոյն առաջնային մաքրման /:
10. Կը ստեղծուի կոշտ կենցաղային թափոններու առանձին հաւաքման համակարգ, երկրոդային նիւթերու մաքսիմալ շրջանառութեան, կը վերամշակուին բնակչութեան համար յարմար նախագիծեր ոչ կոշտ կենցաղային թափոններու ուղղութեամբ։
11. Շէնքի ճարտարապետական տեսքը կը համաձայնեցուի տեղական տեսարանի առանձնայատկութիւններուն, որ ունի ազգային ճարտարապետական աւանդոյթներ։
12. Ընկերական ենթակառուցուածքային օբյեկտներու ստեղծում, որոնք անհրաժեշտ են առողջ, ստեղծագործական առումով աշխոյժ հասարակութեան ուսումնա - մշակութային եւ հոգեւոր զարգացման համար, նաեւ տարիքային խումբերու տարբերութիւններու հաշիւով եւ հասարակութեան խթանումը՝ իրարու հետ աշխոյժ փոխգործունէութեան ժամանակ։
13. Աղբի տեսակաւորման եւ վերամշակման համագործակցութեան հետ կապուած խնդիրներու ամբողջական լուծումներ։
14. Ոչ մեծ համագործակցութեան եւ փոքր գործերու շրջանակներուն մէջ տեղային տնտեսութեան լիարժէք զարգացում, որ կ՚ապահէ բազմազանութիւնը, ինքնագնողունակութիւնը եւ ինքնաբաւարարուածութիւնը։
15. Յարաբերութիւններու խթանում, որոնք կը հանգեցնեն հասարակութեան կեանքի շարժին՝
- գործնական յարաբերութիւններ հասարակութեան շրջանակներուն, տեղական շուկաներուն մէջ իրենց փոխանակութեան փոխյարաբերութիւններու համար
- համատեղ միջոցառումներ, համագործակցութեան անդամներու համար նոր տուներու կառուցում, համագործակցութեան անդամներու նախագիծերու զարգացման շրջանակներուին մէջ ֆոնդերու հաւաքում, առանձին անդամներուն բժշկական օգնութեան շրջանակներուն մէջ ֆոնդերու հաւաքում, տարածքներու համատեղ մաքրութիւն / շաբաթօրեակներ / ծառերու տնկում, փառատօներ, տօնավաճառներ, տօներ
- համայնքի անդամներու մշտական ժողովներ ընդհանուր ռազմավարութեան մշակման համար
- տեղական ինքնակառավարման ժողովրդավարութիւն։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Бобылев С. Н., Гирусов Э. В., Перелет Р. А. Экономика устойчивого развития. Учебное пособие. Изд-во Ступени, Москва, 2004, 303 сс., ISBN 5-94713-046-7
- Гвишиани Д. М. Мосты в будущее. Институт системного анализа, УРСС, Москва, 2004
- Р. Перелет. Экологическая дипломатия. Международная жизнь, 10, 1988 http://www.xserver.ru/user/ekobp/
- Устойчивое экологобезопасное развитие: Курс лекций/ Под ред. А. Д. Урсула. - М.: Издательство РАГС, 2001
- «Наше общее будущее»: Доклад Международной комиссии по окружающей среде и развитию (МКОСР)": Пер. с англ./Под ред. и с послесл. С. А. Евтеева и Р. А. Перелета/—М.:Прогресс, 1989
- Перелет Р. А. Выявление показателей устойчивого развития // Проблемы окружающей среды и природных ресурсов. ВИНИТИ —1995. — № 6
- Миркин Б. М., Наумова Л. Г. Устойчивое развитие. Учебное пособие. Уфа: РИЦ Баш ГУ, 2009, — 148 с, ISBN 987-5-7477-2312-1
- Яблоков А. В. и др. Охрана живой природы: проблемы и перспективы. Под ред. Н. Ф. Реймерса. Москва, 1983.
- Розенберг Г. С. Волжский бассейн на пути к устойчивому развитию. Тольятти. 2009. 477 с.
- О некоторых вопросах поддержания качества воды и ее самоочищения // Водные ресурсы. 2005. т. 32. № 3. С. 337—347.
- Указ Президента РФ от 1 апреля 1996 г. N 440 «О Концепции перехода Российской Федерации к устойчивому развитию»http://ecowiki.ru/index.php?title=Sustainable;