Jump to content

Կայծ (հանդէս)

Կայծ
Կայծ
Տեսակ հանդէս
Լեզու արեւմտահայերէն
Խմբագիր Ա. Ղարիպ
Հիմնադրուած է Մարտ 1943[1]
Հրատարակիչ Հայ մարմնամարզական միութեան
Երկիր  Լիբանան
Հրատարակման վայր Պէյրութ

«Կայծ», մարզական, գրական-գեղարուեստական, հասարակական հանդէս, Հայ մարմնամարզական միութեան (ՀՄՄ) հրատարակութիւն։

Լոյս տեսած է 1943-1947 թուականներուն, Պէյրութի մէջ, անկանոն պարբերականութեամբ։ Խմբագիր՝ Ա. Ղարիպ։ Նպատակն էր լուսաբանել ՀՄՄ-ի մասնաճիւղերու գործունէութիւնը, համախմբած Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ երիտասարդներուն, դաստիարակել ֆիզիկապէս եւ հոգեպէս առողջ, հայրենասէր սերունդ։ Նպաստած է հայրենիք-սփիւռք կապերու, հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման։ Լայն տեղ յատկացուցած է Գերմանա-խորհրդային պատերազմի ընթացքի, Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի, գիտութեան ու արդիւնաբերութեան նուաճումները արտացոլող նիւթերուն։

Տպագրած է սփիւռքահայ (հիմնականին լիբանանահայ), ինչպէս նաեւ խորհրդական գրողներու արձակ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւններ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. http://tert.nla.am/archive/NLA%20AMSAGIR/Kayc1942/1943(1).pdf
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։