Jump to content

Աղ, Ծովու աղ

(Վերայղուած է Ծովի աղ-էն)
Աղակոյտեր, Պոլիվիա

Աղ, Ծովու աղ, ծովու ջուրի շոգիացումին հետեւանքով արտադրուած աղ։

Կը գործածուի իբրեւ ուտելիքներու համեմ, խոհարարութեան, արդուզարդի գիտութեան եւ պահածոներու մէջ։

Կ'անուանուի նաեւ՝ արեւու աղ եւ կամ պարզապէս աղ։

Ծովու աղը կ'արտադրուի նախապատմական ժամանակաշրջանէն։

Աղաւազան․ Սալին տը Ժիռօ, Ֆրանսա

Շուկայի մէջ վաճառուած աղի տեսակները կը տարբերին իրենց բաղադրութեամբ։ Սակայն գլխաւոր բաղադրիչը նատրիոն քլորիդն է։ Շուկայի աղի խառնուրդը կրնայ տարբերի տեսակէ տեսակ, սակայն բնական ծովի աղի ելեկտրաբարձ հիւլէին բաղադրութիւնը ընդհանրապէս կայուն է։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծովի աղաւազաններ, Հնդկաստան
Աղի բնական աւազան․ Saline di Margherita di Savoia, Իտալիա

Ծովու աղը յիշատակուած է Պուտտական «Վինայա Փիթաքա» արձանագրութեան մէջ (Ք․Ա․ 5-րդ դար)։ Արտադրութեան կերպն է ծովու աղջուրի շոգիացումը։ Տաք եւ չոր կլիմաներուն, շոգիացումը կը կատարուի բնական ձեւով՝ արեգակնային կենսուժով։ Իսկ տարբեր կլիմաներով շրջաններու մէջ կը գործածուին վառելանիւթի աղբիւրներ։ 

Ծովի աղի արդի արտադրումը ամբողջութեամբ կը գտնուի Միջերկրականի աւազանը, ինչպէս նաեւ կարգ մը տաք եւ չոր կլիմայով շրջաններ։ Այսպիսի տեղեր այժմ կը կոչուին աղի աշխատանոցներ եւ փոխարինած են հին՝ աղարան կամ աղահանք անունը։

Հին եւ միջնադարեան աղարան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Միջնադարուն այն երկիրները, ուր աղի պաշարները քիչ էին, մէկ քիլոկրամ աղը համազօր էր մէկ քիլոկրամ ոսկիի: Աղը ամէնուրեք կը համարուէր առեւտուրի եւ փոխանակման արժէքաւոր եւ շահեկան միաւոր[1]:
Ծովի աղ հաւաքող, Ռեթպա լիճ, Սենեկալ

Հին եւ կամ միջնադարեան աղարան մը կը հիմնուէր հոն, ուր՝

  • Աղի շուկան հասանելի էր
  • Բաց ծովէն պահպանուած խորշ էր
  • Աժան եւ դիւրին գործածելի կենսուժի յարմարութիւնը կար, եւ կամ պարզապէս արեւը
  • Ուրիշ առեւտուր մը կար որ աղէն կ'օգտուէր, ինչպէս օրինակ անասնաբուծութիւն եւ կամ կաշեգործութիւն

Այս ձեւով աղաւազաններն ու արօտավայրերը մէկը միւսին տնտեսապէն նեցուկ կը կանգնին։

Հիմալայեան աղ

Կարգ մը խոհաբաններ (gourmet) կը հաւատան, թէ ծովու աղը աւելի համով է քան սեղանի աղը։

Ծովու աղը իր համի բազմազանութիւնն ու գոյները կը պարտի տեղական կաւի եւ ջուրի լօռիի, ուրկէ ան կ'արտադրուի, ինչպէս նաեւ մետաղի պարունակութենէն։ Ինչպէս օրինակ, Քորէա եւ Ֆրանսա՝ վարդագոյն-մոխրագոյն, Հնդկասդանի կարգ կը տեղեր՝ սեւ, Հաուայ՝ սեւ եւ կարմիր, Հիմալայաներ՝ վարդագոյն։ Սակայն, կարգ մը շրջաններու մէջ բնական գոյնին կ'աւելցնեն քիմիական գոյն, օրինակ՝ Հաուայի մէջ կ'աւելցնեն սեւ լաւայի փոշի եւ եփած կարմիր կաւ։

Մեսոլոկիի աղաւազան, Յունաստան

Յունաստան հարուստ է բնական ծովու աղով։ Քիթիրա, Մեսոլոկի, Լեսվոս (Քալոնի) շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ուրիշ կղզիներու մէջ ծովու աղը կը տրամադրուի բնական արտադրուած ձեւով։ Հարուստ է բնական փոքրաքանակ տարրերով, յատկապէս մակնեզիոմ, կրածին, փոթասիոմ, պրոմ, ֆոսֆոր եւ ուրիշ։

Առողջապահութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծովու աղը կենարար է։ Հիփոքրաթիս (Իփոքրաթիս) առաջիններէն էր, որ հասկցած է անոր բուժարար յատկութիւնները։ Կը պարունակէ 92 կարեւոր փոքրաքանակ տարրեր։ Անոր գլխաւոր բաղադրիչները նատրիոն քլորիդը (NaCl) եւ մանիշը (Ionide) անհրաժեշտ են մարդուն առողջութեան համար։

[2] [3] [4][5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13]

Հնագոյն ժամանակներէն ի վեր տարբեր մշակոյթներու մէջ աղին վերագրած են մոգական եւ առասպելական յատկութիւններ: Աղը համարուած էր այն օգտակար հանածոն, առանց որուն` կեանքը կանգ կ'առնէր: Աղը հին աշխարհի սպիտակ ոսկին էր եւ ամէնուր` հարստութեան խորհրդանիշ:

Աղի բուժիչ յատկութիւններէն մէկն է անձաւաբուժութիւնը: Անիկա տարածուած է ոչ միայն ամբողջ աշխարհի, այլեւ՝ Հայաստանի մէջ: 1987-ին Հայաստանի մէջ բացուած է առաջին անձաւաբուժական կեդրոնը, որ կ'օգնէ յաղթահարելու բազմաթիւ հիւանդութիւններ:

Աղին Խորհուրդը Հայերուն Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հայերուն եւ աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու մէջ, աղուհացը եղած է յարգանքի, հարստութեան, առատութեան, բարեկամութեան, հաւատարմութեան եւ բարեյաջողութեան խորհրդանիշ:
  • Հայերուն մէջ հին սովորութիւն էր հիւրը դիմաւորել աղուհացով: Հացը կը համարուէր սրբութիւն, իսկ աղը ունէր մաքրագործող յատկութիւն:
  • Հին հայերուն մէջ տարածուած սովորութիւն էր նորածին երեխային վրայ աղ ցանել` անոր կեանքը, առողջութիւնը ապահովելու նպատակով:
  • Աղը օգտագործուած է հարսանեկան արարողութիւններու ընթացքին` իբրեւ հարստութեան եւ առատութեան խորհրդանիշ:
  • Հայ նահապետական գերդաստանին ամբողջ տարուան համար օգտագործուելիք աղը պահպանուած է հսկայ կաւէ աղամաններու մէջ, այս աղամանները ունէին յղի կնոջ կերպարանք: Աղի եւ աղամաններու հետ կապուած սովորութիւնները կու գան հաստատելու կապը` Անահիտ աստուածուհիին, պտղաբերութեան եւ կեանքի շարունակութեան հետ: Այս աղամանները կը պահպանուէին տան ամէնէն կարեւոր անկիւնը` թոնրատան մէջ:
  • Հայ ժողովուրդը աղուհացով կը դիմաւորէր յաղթանակով վերադարձող թագաւորը, բանակը, որոնք իրենց կարգին նախքան թշնամիի դէմ մարտնչիլը եւս կ'երդուէին աղուհացով:
  • Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին Կողբի, Նախիջեւանի եւ Կաղզուանի աղի հանքերը օգտագործուած են շատ վաղուց: Աղի հանքերով հարուստ էին նաեւ Տուրուբերանի, Վասպուրականի եւ Աղձնիքի նահանգները:
  • Աղը ունեցած է բուժիչ յատկութիւններ, ուրկէ եկած է նորածիններուն մարմինը աղով պատելու սովորութիւնը: Աղով կոփած են երեխան, որպէսզի ան դիմանայ կեանքի դժուարութիւններուն:
  • Երբ ջերմաստիճանը զերոյի մօտ աստիճաններու հասնի, ճամբաները սառոյցով կը ծածկուին, եւ քշելը շատ վտանգաւոր կը դառնայ: Ճամբաները ապահով դարձնելու համար, գետինը աղ կը սրսկուի[14]: Աղը կարելիութիւնը կու տայ պայքարելու ձիւնին եւ անձրեւէն գոյացած սառած խաւին դէմ: Այս երեւոյթը կը բացատրուի ջուրին լուծուելու յատկութեամբ: Այսինքն այն ջերմաստիճանին, որմէ սկսեալ ջուրը կ՛անցնի իր հեղուկ վիճակէն հաստատուն վիճակի: Այս կերպարանափոխումը տեղի կ՛ունենայ 0 սելսիուս աստիճանին: Այս ջերմաստիճանին է, որ ջուրը սառի կը վերածուի: Սակայն այս 0 աստիճանը կը կիրարկուի ջինջ ջուրի պարագային, ջուր մը, որ ուրիշ ոչինչ կը պարունակէ: Այս հանգրուանին է, որ կը միջամտէ սոտիոմ քլորայտը, այսինքն ճամբաները սրսկուած պարզ աղը: Ասիկա նոյն աղն է, որ կը գտնուի ճաշի սեղաններուն վրայ: Երբ խառնուի աղը ջուրին հետ, աղը կազմող երկու բաղադրիչները` սոտիոմը եւ քլորայտը, իրարմէ կը բաժնուին: Ասիկա փոփոխութեան կ'ենթարկէ ջուրին յատկութիւնները: Աղը կ'իջեցնէ ջուրին ձուլումի ջերմաստիճանը: Իբրեւ արդիւնք, ան կը սառի 0-էն աւելի ցած աստիճաններու` ճամբաներուն վրայի սառոյցը հաստատուն վիճակէն դարձեալ հեղուկ վիճակի վերածելով: Որքան աղ աւելնայ, այնքան լուծուելու աստիճանը 0-էն աւելի վար կ'իջնէ: Ինչպէս ծովուն մէջ է ջուրին վիճակը, 3 առ հարիւր աղով ջուրը կը սառի մօտաւորապէս -1,8 սելսիուս աստիճանին: 20 առ հարիւր աղով ան կը սառի -16,2 սելսիուս աստիճանին:

Նախապաշարումներու առարկայ եղած է  աղը[15]:

Բազմաթիւ ժողովուրդներու մէջ, աղը կը հանդիսանայ յաւիտենականութեան խորհրդանիշը` իբրեւ չնեխող եւ միաժամանակ ուրիշ նիւթեր ալ որոշ ժամանակի համար նեխումէ զերծ պահող նիւթ:

Երբ աղը մարդոց ձախ ուսին վրայ ցանեն, կը մտնէ սատանային աչքը ու կը չէզոքացնէ զայն:

Հին ժամանակներուն Եգիպտոսի մէջ կը կարծէին, որ աղը կիրքեր կը գրգռէ: Շատ մեծ անպատուութիւն էր, երբ այր մը պատուաւոր կնոջ մը աղ տար:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Աղին խորհուրդը
  2. Աղ ընելու արուեստը․․․Ուիլիամ Պրաունրինկ, 5-12-2014(անգլերէն)
  3. Հին ճարտարարուեստի ուսումնասիրութիւններ, էջ 169, R. J. FORBES(անգլերէն)
  4. Ծովու աղի գլխաւոր բաղադրիչ տարրերը(անգլերէն)
  5. Ուտեստեղէն եւ խմիչք Ք․Ա 800 - Ք․Ա․300, Om Prakash, Հնդկաստանի մշակութային պատմութիւն(անգլերէն)
  6. Անգլիական ծովեզր․ պատմութիւն եւ․․ - Աղ, էջ 37, (անգլերէն)Peter Murphy
  7. «Worth One's Salt», Dan Crane, 2005
  8. Խոհանոցի գիտութիւն What Einstein Told His Cook, Օգոստոս 14, 2008 Wolke, Robert L.(անգլերէն)
  9. Ծովի աղ եւ սեղանի աղ․ տարբերութիւնը, Katherine Zeratsky (2019)(անգլերէն)
  10. Ծովի աղը աւելի օգտակա՞ր է քան սեղանի աղը, ABC Everyday(անգլերէն)
  11. «Բնութեան արտադրութիւններ․ ինչո՞ւ զատել յունական բնական ծովի աղը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-08-01-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-03 
  12. «Մեսոլոկիի բնական ծովի աղ(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-07-03-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-03 
  13. Ժայռերու ծովի աղը, Քիթիրա, 27-5-2021(յունարէն)
  14. [ https://www.aztagdaily.com/archives/603758Ճամբաները Աղ սրսկել, երբ սառ կապէ]
  15. Հաւատալիքներ

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Վինայա Փիթաքա(անգլերէն)