Jump to content

Խորէն Աւագ Քհնյ. Ներսէսեան

Խորէն Ա. Քհնյ. Ներսէսեան
Ծնած է 1911
Ծննդավայր Քիլիս
Մահացած է 18 Նոյեմբեր 1976
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Քահանայ
Ամուսին Արշալոյս
Ծնողներ Կարուճ եւ Ակիւլինէ
Երեխաներ Կարապետ, Սեդրակ, Վարդուհի, Նուարդ եւ Ալիս

Խորէն Ա. Քհնյ. Ներսէսեան, աւաղանի անունով Անդրանիկ, որդի Կարուճի եւ Ակիւլինէի։ Ծնած է Քիլիս, 1911-ին։

Հազիւ չորս տարեկան, կը հնչէ հայ ժողովուրդի Մեծ Եղեռնի մահագոյժ փողը, 1915-ին։

Թուրքերը կը ղդկեն Քիլիսի հայերը Գաթմայի հայարանը, ուրկէ խումբ առ խումբ կ'առաջնորդուին անյայատ վայրեր բնաջնջուելու համար։ Երկար ճամբորդութենէ ետք, 300 Քիլիսցի գաղթականներուն հետ, Անդրանիկի ծնողքն ալ կը հասնի Մաան կոչուած շրջանը, ուր կ'ապրին երեք տարիներ։ Պատերազմին վերջին տարին, քիլիսցի հայ գաղթականներուն հետ Անդրանիկ կը գաղթէ Դամասկոս, ուր կ'ապրի 6 ամիս ծանր պայմաններու մէջ։

Հարկադրուած ընտանեօք կը վերադառնայ Դամասկոս եւ կը բնակի գաղթականաց զէմփերուն մէջ։ 1918-ին, զինադադար հաստատուած ըլլալով, կը գաղթէ Հալէպ ու անկէ ալ անգլիական ինքնաշարժներով կը փոխադրուի քիլիս:

Խորէն Ա. Քհնյ. Ներսէսեան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ էվէրէկցի Սեդրակ աղա Թէրզեանի դուստրը՝ Արշալոյսը, որուն հետ կը պսակուի 25 Յունիս 1939-ին, Զահլէի մէջ եւ կ'ունենայ հինգ զաւակներ՝ Կարապետ, Սեդրակ, Վարդուհի, Նուարդ եւ Ալիս։

1972-ին ան կը փոխադրուի Պէյրութ եւ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդին ու կրօնական ժողովին տնօրինութեամբ հովիւ կը նշանակուի նախ Ս. Վարդան եկեղեցւոյ եւ ապա Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդին։ Բայց հազիւ 4 տարի քահանայագործած, կը հիւանդանայ ու կ'ենթարկուի վիրաբուժական գործողութեան ու կարճ ժամանակ մը ետք կը մահուան 18 Նոյեմբեր 1976-ին, 65 տարեկանին[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 214։