Jump to content

Խոսրով Արտոնց

Խոսրով Արտոնց
Ծնած է 23 Յունուար 1872(1872-01-23)
Ծննդավայր Սեբաստիա
Մահացած է 5 Մայիս 1951(1951-05-05) (79 տարեկանին)
Մահուան վայր Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն
Մասնագիտութիւն լրագրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ

Արտոնց Խոսրով, (23 Յունուար 1872(1872-01-23), Սեբաստիա - 5 Մայիս 1951(1951-05-05), Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն), որդի Սեբաստիոյ համբաւաւոր Լուսաբեր Ընկերութեան հիմնադիրներէն Խաչատուր Գարապաճագեանի, ծնած է Սեբաստիա, 23 Յունուար 1872-ին, ուսած տեղւոյն Ս. Թարգմանչաց Մայր վարժարանի մէջ։ 15 տարեկանին ուսուցչութեան կը կոչուի թէ՛ թարգմանչաց եւ թէ՛ Արամեան վարժարաններուն մէջ միանգամայն: Կահագործութիւն կը սորվի ու յետոյ գրագրութեան կը հրաւիրուի:

1888-ին կը կազմակերէ Ուսումնատենջ ընկերութիւնը, որուն քաջալերութեամբ կ’իրականանայ 1893-ին Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական վարժարանը մտնելու երազը: Մասնաւո դասաւանդութեանց միջոցաւ իր ապրուստը ճարելով կ’ումանի հոն մինչեւ «պանքայի ցոյց»ը: Բարեբախտաբար այդ տարի 1895-ին արդէն վկայագիրն ստացած էր:

1895-ին գաղափար կը յղանայ կազմել Ուսանողաց Ընկերութիւնը՝ տարուէ տարի 1-2 ուսանող Եւրոպա ղրկելու նպատակաւ:

«Պապ Ալիի ցոյց»ին ամիս մը կը բանտարկուի եւ հայ ու օտար ազդեցութեանց շնորհիւ 1896 Սեպտեմսերին Ֆրանսա կ’ապաստանի, շաբաթ մը ետք Անգլիա կը հրաւիրուի մարդասաէր պ. Ֆր. Թրէտկոլտի կողմէ: Երկուքը միասին Maidstoneի մէջ կը բանան հայ տարագիր Ուսանողաց Տունը:

Ապրուստը կը ճարէ Kent գաւառի զանազան քաղաքներու բազմաթիւ դպրոցներու մէջ 30 տարիի չափ գերմաներէն, իտալերէն, ֆրանմերէն, սպաներէն, անգլիերէն լեզուները, իսկ զինուորականներուն՝ թուրքերէն ուսուցանելով:

1896-ին Ժիւլ Վէրնի 1875-ին հիմնած Société Internationale de philologie, Sciences et Feaux Artի անդամակցութեան կը հրաւիրուի եւ իրաւունք կը ստանայ իր անուան կցելու M.S.Pռ տիտղոսը:

Զինադադարին (1919) կը հրաւիրուի ատենադպրութեանը Lord քաղաքապետի նախագահութեամբ կազմուած հարիւրաւոր յանձնախումբերէն միոյն, նպաստելու համար պատերազմէն արկածեալ գաղթականներու եւ անտէրունջ որբերու:

1894-ին սկսած են երեւնալ իր յօդուածներն ու քերթուածները հետեւեալ թերթերուն մէջ.— Հայրենիք (Արփիար-Փաշալեանի, վերջինս եղած է Արտոնց անուան կնքահայրը, Խոսրովի մտերիմ եւ ազգական Արտաւանէն կազմելով զայն), Փունջ, հին եւ նոր Արեւելք, Բիւզանդիոն, Շարժում, Սուրհանդակ, Շեփոր, Միութիւն, Փիւնիկ,Բանասէր, Անահիտ, Այգ (Պալագեան Սրբայանի), Ժողովուրդի Ձայնը, Արտեմիս, Արձագանգ Փարիզի, Պայքար: 1894-ի Ծաղիկ, Պատանի, Նոր Սեբաստիա, Փիւնիկ (Պոստոն), Բանասէր, Պատանի (Լոնտոն), Անդրանիկ, Հողդար եւ այլն թերթերու եւ հանդէսներու եւ հանրածանօթ Տարեցոյցներու: Երեւցած է նաեւ իր ի նպաստ հայ դատին գրած յօդուածներով Araratի, Daily Chronicleի, Kent Messengerի, John Bulliի, Sunday Timesի եւայլն մէջ:

Գրական անուններն եղած են Խ. Սմբատ, Խոսրով: Իր յօդուածներէն իբր տասնեակ մը անծանօթներու կողմէ թարգմանուած եւ հրատարակուած են թուրքերէն եւ գերմաներէն լեզուներով:

Երկասիրութիւններն են.— Մտքիս Խառնարանէն, Աւուր պատշաճի Քերթուածներ, Մեծ վեպը (տաղաչափեալ եւ երգախառն), Խոսրովային կամ ՀԵյ Տարագրի Երգարանը (19 երգեր, խօսք եւ եզական ինքնատիպ), Այգեստան (երկու մեծադիր հատոր), Ծիրանի Արեւելքը, (տաղաչափ. թարգմ. William Watson անգլ. Բանաստեղծին The Purple Fast տաղերուն, հայկական կոտորածոց առըիւ գրուած): Turkey and the Turk եւ The Holocaust at Adana (Այս երկուքը նահատան Տքթ. Ն. Տաղաւարեանի աշխատակցութեամբ եւ Ս. Սվաճեանի (Բարիզ) օգնութեամբ տպուած): Reveries Son tormy Seas, (անգլիերէն արձակ եւ ոտանաւոր քերթուած,) Գ. տպագրութիւնը սպառած, «Անգլ. գրականութեան վսեմութիւնը յիշեցնող հատոր մը» գրեցին անգլիական ինը թերթեր:

Հայկական հարցի շուրջ կատարած է շատ մը բանախօսութիւններ, գրած է յօդուածներ, թղթակցած է պետական անձերու հետ:

Ամուսնացած է ողբ. Սեդրակ ճարտարապետ Բապուճեանի լեզուագէտ դստեր Աղաւնիի հետ:

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 310: