Jump to content

Խաչիկ Ճանոյեան

Խաչիկ Ճանոյեան
Ծննդավայր Մուսուլ, Իրաք
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան ատենապետ
Մասնագիտութիւն Լեզուագիտութիւն՝ Սպաներէն, Հայագիտութիւն:
Աշխատավայր Ուսուցիչ, Ղեկավար Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանին
Երեխաներ երեք զաւակ եւ հինգ թոռնիկ:

Խաչիկ Ճանոյեան (Ծնած է Մուսուլ, Իրաք): Համայնքային գործիչ, խմբագիր, Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան ատենապետ եւ հիմնադիրներէն մէկը: Հիմնադիր եւ ղեկավար Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանին:

Խաչիկ Ճանոյեան շատ փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ մայրն ու հայրը: 1956-ին կը տեղափոխուի Պաղտատ, Իրաք:1966-ին կ'աւարտէ Պաղտատի պետական համալսարանը, վկայուելով լեզուագիտական քոլէճի սպաներէնի բաժինէն:

Պաղտատի մէջ եղած է գործօն անդամ ՀԲԸՄ-ի:

1968-ին անցնելով Պէյրութ,, Լիբանան հայագիտական ուսումը կը ստանայ Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկէն:

1972-ին կը վերադառնայ Պաղտատ, որպէս հայերէնի ուսուցիչ:

1973-ին կ'անցնի Արժանթին, ուր կը վարէ ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրեսի մասնաճիւղի վարիչ քարտուղարի պաշտօնը:

1975-էն ի վեր կ'ապրի եւ կը գործէ Լոս Անճելըսի մէջ:

35 տարի շարունակ հիմնած եւ ղեկավարած է անվճար Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանը:

1979թ. Ապրիլին հիմնուեցաւ Իրաքահայերու Միութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ։ Միութեան գլխաւոր նպատակն էր եւ մինչեւ այսօր կը գործէ նոյն համոզումով, ծառայել հայ ժողովուրդին, ուր որ կարիքը կայ, մեր նիւթական եւ բարոյական միջոցներով, որովհետեւ մենք խորապէս կը հաւատանք, որ հայկական միութիւնները կեանքի կը կոչուին եւ իրենց կեանքը կ'իմաստաւորեն ծառայութիւններ մատուցանելով: Այսպէս, 1979թ.էն ի վեր միութիւնը կը պահէ ԱՆՎՃԱՐ շաբաթօրեայ վարժարան մը: 38 տարիներու ընթացքին 1600-է աւելի փոքրիկներ մեր դպրոցը յաճախած են եւ հայերէն լեզու, երգ, պար եւ ասմունք սորված են:
- Խաչիկ Ճանոյեան

Մեծապէս նպաստած է գաղութահայ մշակութային եւ գրական կեանքին:

Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչիկ Ճանոյեան հիմնադիրներէն է եւ ատենապետը 1979-ին հաստատուած Իրաքահայերու միութեան:

2010-ին, Խաչիկ Ճանոյեան, որպէս Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան ատենապետ յատուկ պատուոյ գիր մը կը ստանայ Հայաստանի կառավարութեան սփիւռքի նախարարութենէն, անոր եւ միութեան հայրենաշէն գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելուն համար:

Ան նաեւ արժանացած է շարք մը այլ գնահատագիրներու:

Պատուոյ քաղաքացիութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1996-ին, Հայաստանի իշխանութիւնները, Խաչիկ Ճանոյեանի 60րդ տարեդարձին առիթով, անոր շնորհած են Հայաստանի պատուոյ քաղաքացիութիւն:

Անդամակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1969էն ի վեր անդամակցած է ՌԱԿին: Ան նաեւ անդամ է ՀԲԸՄին: Խաչիկ շատ գործօն տարր մըն է Լոս Անճելըսի մէջ։ ՀԲԸՄ-էն, ԹՄՄ-էն եւ ՌԱԿ-էն ներս տարած է եւ կը տանի բազմաբեղուն աշխատանք:

Ուսուցչական ասպարէզ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1968-ական տարիներուն, Խաչիկ Ճանոյեան Պէյրութի մէջ կը զբաղի ուսուցչութեամբ:

Եղած է ՀԲԸՄ վարժարաններուն մէջ ուսուցիչ ու հայկական բաժինի պատասխանատու:

Ան ատենապետն է «Թէքէեան»ի Հայ ընտանեկան միութեան Շաբաթօրեայ վարժարանի հոգաբարձութեան:

1972-ին, Պաղտատի մէջ կը պաշտօնավարէ որպէս հայերէնի ուսուցիչ:

1973-ին Խաչիկ Ճանոյեան մաս կը կազմէ Արժանթինի Մարի Մանուկեան վարժարանի հիմնադրման, դառնալով անոր հիմնադիրներէն մէկը:

Տարիներով պարապ մնացած եռայարկ դպրոցաշէնքը հիմք դարձաւ, որ 1973-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի շրջանակը իր գործունէութեան օրակարգի նիւթ դարձնէր «Բարեգործականի միջոցաւ ամէնօրեայ դպրոց մը բանալու հարցը», ինչպէս վկայած է ՀԲԸՄի օրուան վարիչ քարտուղար Խաչիկ Ճանոյեանը: Նիւթական ու կազմակերպական մտահոգութիւններով ընդդիմացող շրջանակին առարկութիւնները յաղթահարելէ ու կազմակերպական անհրաժեշտ աշխատանքներէ ետք, Մարտ 1975-ին իր դռները բացաւ ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան Կրթական Հաստատութիւնը՝ երկրորդական բաժնով, որուն յետագային կցուեցան մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժինները: Այսպիսով Պուէնոս Այրեսի համայնքը ունեցաւ երկու՝ նոյն փողոցին վրայ ու դէմ դիմաց գտնուող հայկական ամբողջօրեայ վարժարաններ:
- ՀԲԸՄի օրուան վարիչ քարտուղար Խաչիկ Ճանոյեան

Խմբագրական աշխատակցութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչիկ Ճանոյեան խմբագրած է Հարաւային Ամերիկայի, Պուէնոս Այրեսի ՀԲԸՄ միութեան եռամսեայ «Լուսաբաց» պաշտօնաթերթը: Ան կ'աշխատակցի «Նոր Օր» եւ «Նոր Կեանք» թերթերուն:

Ան եղած է «Նոր Օր»ի վարչական պատասխանատու, խմբագիրի օգնական եւ խմբագրական կազմերու անդամ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչիկ Ճանոյեան մաս կը կազմէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին:

1979-ին հաստատուած Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութիւնը, ղեկավարութեամբ Խաչիկ Ճանոյեանի, միշտ օժանդակութեան ձեռք երկարած է Հայաստանին, ներառեալ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին: