Jump to content

Խաչատուր Ոսկանեան

Խաչատուր Ոսկանեան
Ծնած է 23 Ապրիլ 1818(1818-04-23)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1 Օգոստոս 1895(1895-08-01) (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Նիւ Եորք Համալսարան
Նիւ Եորք Համալսարան
Մասնագիտութիւն դիւանագէտ, լրագրող, գրագէտ
Ստորագրութիւն

Խաչատուր Ոսկանեան (23 Ապրիլ 1818(1818-04-23), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1 Օգոստոս 1895(1895-08-01), Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ գրող, լրագրող։ Յիշատակուած է որպէս 19-րդ դարուն Միացեալ Նահանգներ գաղթած առաջին հայը[1]։

Ծնած է Կ․ Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է անձնական ուսուցիչներէ։ Սորված է տարբեր լեզուներ։

Ոսկանեան բարձրագոյն ուսում ստանալու նպատակով 1834-ին մեկնած է Նիւ Եորք:

1834-40 թուականներուն ուսանած է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ։

1840 թուականին Կ.Պոլսոյ մէջ խմբագրած է «Ազգարար Բիւզանդական»[2] պարբերականը։

1854 թուականին հաստատուած է Նիւ Եորք։ Արեւելքի մասին յօդուածներով աշխատակցած է «Նիւ Եորք Հերալտ» եւ այլ պարբերականներու՝ Օսքան Քրիստափոր անուամբ։

1857 թուականին հրատարակած է «Սուլթանը եւ իր ժողովուրդը» գիրքը՝ Օսմանեան կայսրութեան մասին։

Նիւ Եորքի Քաղաքային քոլէճը աւարտելէ ետք ան պաշտօնավարած է որպէս «New York Herald»-ի գլխաւոր գրողներէն մէկը: Ծառայած է նաեւ որպէս Նիւ Եորքի Մամլոյ Ակումբի նախագահ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. studio 5165m։ «Anunner.com - Խաչատուր Ոսկանեան»։ www.anunner.com։ արտագրուած է՝ 2023-08-14 
  2. «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ԱԶԴԱՐԱՐ ԲԻՒԶԱՆԴԵԱՆ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-13