Jump to content

Խանիա

Քաղաք
Խանիա
յուն․՝ Χανιά
Խանիա
Երկիր  Յունաստան[1]
Տարածութիւն 12,56 քմ²
ԲԾՄ 13 մեթր
Բնակչութիւն 53 910 մարդ
Հեռախօսային ցուցանիշ 2821
Փոստային ցուցանիշ 73100, 73131, 73132, 73133, 73134, 73135, 73136, 73200 և 73300
Պաշտօնական կայքէջ chania.gr

Խանիա (յուն․՝ Χανιά), վենետիկեան անուանումը՝ Գանիա (իտալերեն՝ La Canea), հիւսիս-արեւմտեան Կրետէի քաղաք-նաւահանգիստ։ Կը գտնուի Ռեթիմնոյէն մօտաւորպաէս 70 քմ․ դէպի արեւմուտք եւ Իրաքլիոնէն 145 քմ․ դէպի արեւմուտք։ Նաւահանգիստը կը գտնուի Կրետէի ծովու ափին։ Խանիա քաղաքը համանուն շրջանային միաւորին վարչական կեդրոնն է։ Բնակչութիւնը՝ 110 646 մարդ կը հաշուէ (2021-ի մարդահամար)։ Մեծութեամբ կղզիին երկրորդ քաղաքն է։ Տարածքը 12,564 քմ² է։

Հնադարուն քաղաքի տարածքին կը գտնուէր Քիտոնիա քաղաքը (Մինոասեան քաղաքակրթութիւն)։

Վենետիկեան տիրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչակրութեան չորրորդ արշաւանքէն յետոյ (1204), Կրետէին տիրացած էր Պոնիֆաթիոյ Մոնֆերադիքոսին։ Ան ալ կղզին վաճառեց վենետիկցիներուն 1000 արծաթ մարքի դիմաց։ 1263-ին Ճենովային մալթացի կոմս Էնրիքօ Բեսքաթորէի առաջնորդութեամբ եւ տեղի բնակիչներուն աջակցութեամբ անոնց դուրս մղեցին վենետիկցիները կղզիէն։ Ճենովան կղզիի վրայ իր իշխանութիւնը պահպանեց մինչեւ 1285, երբ վենետիկցիները վերադարձան։

Վենետիկցիներուն օրով, Խանիա քաղաքը դարձաւ կղզիի վարչակազմի ղեկավարին՝ ռեկտորին նստավայրը։ Քաղաքը տարածաշրջանի զարգացող գիւղատնտեսական կարեւոր առեւտրական կենդոնն էր։ Սկիզբը վենետիկեան կառավարութիւնը խիստ էր եւ ճնշող, սակայն աւելի ուշ կրետացիներուն եւ վենետիկցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւուեցան։ Վենետիկի հետ շփումով կրետական եւ վենետիկեան մշակոյթները իրարմէ ազդուեցան։ Սակայն յոյները պահպանեցին ուղղափառ դաւանանքը։ Քաղաքը կոչուեցաւ Լա Քանիա։ Քաղաքային ամրութիւնները ամրապնդուեցան, իսկ քաղաքին սահմանները ձեռք բերին ժամանակի ուրուագիծերը։

1453-ին Կոստանդնուպոլսոյ անկումէն ետք, շարք մը հոգեւորականներ, վանականներ եւ նկարիչներ ապաստան գտան Կրետէ կղզին։ Յետագայ ժամանակաշրջանին Խանիա քաղաքին մէջ ձեւաւորեցաւ բիւզանդական, վենետիկեան եւ դասական յունական մշակոյթներու խառնուրդը։ Այդ ընթացքին կառուցուեցան կարգ մը կարեւոր շինութիւններ, զարգացան գրաւոր մշակոյթը, երաժշտութիւնն եւ կրթութիւնը։

Օսմանեան տիրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուրքերը քաղաքը գրաւեցին 1645-ի Օգոստոս 2-ին՝ երկամսեայ պաշարումէն ետք։ Պաշարման ժամանակ բազմաթիւ զոհեր եղան, յատկապես թուրքերէն։ Թուրք հրամանատարը Պոլիս իր վերադարձին, մահապատիժի ենթարկուեցաւ 40 000 մարդու կորուստի պատճառով։

Քաղաքի եկեղեցիների մեծ մասը վերածուեցան մզկիթներու։ Թուրքերը ընդհանրապէս կ'ապրէին քաղաքի արեւմտեան թաղամասերուն մէջ՝ Քասթելի եւ Սբլանծիա, ուր անոնք Դոմինիկեան Սուրբ Նիկոլայի եկեղեցին վերածեցին գլխաւոր մզկիթի («Houghiar Tzamissi»)։ Կառուցեցին նաեւ նոր մզկիթներ, ինչպէս «Kioutsouk Hassan Tzamissi»-ն նաւահանգիստի շրջանը։ Քաղաքին մէջ կառուցեցին նաեւ թրքական բաղնիքներ եւ շատրուաններ։ Կրետէի թուրք փաշայի նստավայրը եւս կը գտնուէր Խանիա։

1821-ին հակաթրքական ապստամբութեան ժամանակ, քաղաքին մէջ բախումներ տեղի ունեցան յոյներուն եւ թուրքերուն միջեւ։ Երկու կողմերն ալ զոհեր ունեցան։ Զոհուածներուն մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ էր։ Մելհիսեդեկ Դեսպոտաքիս եպիսկոպոսը ապստամբութեան մասնակցելուն համար ծառի վրայ կախաղան հանուեցաւ։

Խանիա

Հալեպի համաձայնագրէն յետոյ (1878, Սեպտեմբեր 30) քրիստոնեայ բնակչութիւնը աւելի շատ իրաւունքներ ստացաւ։ Սակայն 1889-ին հակաթրքական ելոյթներէն յետոյ յոյներու ստացած արտօնութիւններուն մէկ մասը 26 Հոկտեմբերի հրովարտակով չեղեալ յայտարարուեցաւ։ Սակայն խռովութիւնները շարունակուեցան նաեւ 1890-ական թուականներու ընթացքին։ 1898-ին Օսմանեան կայսրութիւնը Կրետէին ինքնավարութիւն շնորհեց, իսկ 1913-ին կղզին պաշտօնապէս ներառուեցաւ Յունաստանի կազմին մէջ։ Այդ ժամանակաշրջանին բազմաթիւ թուրքեր իրենց ընտանիքներով Թուրքիա վերադարձան։ Մնացած թուրք բնակչութիւնը մնաց Խանիա մինչեւ 1923, երբ Լօզանի դաշնագրով տեղի ունեցաւ յոյն-թրքական բնակչութեան փոխանակութիւնը։

Ժամանակակից շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խանիա քաղաքը բաժնուած է երկու մասի՝ հին քաղաք եւ նոր քաղաք։ Հին քաղաքը կը գտնուի հին նաւահանգիստի կողքին։ Շրջապատուած էր վենետիկեան հին ամրութիւններով, որոնք կառուցուած են 1538-ին։ Այսօր պահպանուած են արեւելեան եւ արեւմտեան մասերը։ Ժամանակակից քաղաքին կեդրոնը կը գտնուի հին քաղաքին եւ հարաւային հատուածին։

Հակառակ անոր թէ Խանիան ռմբակոծուած էր Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, հին քաղաքը կը համարուի Կրետէի կղզիի ամէնագեղեցիկ քաղաքային շրջանը, յատկապէս վենետիկեան նաւահանգիստի մնացորդները։ Հին քաղաքի կեդրոնական մասը կոչուած է Քասթելի (միջնաբերդ)։ Այն տեղակայուած է փոքրիկ ժայռի վրայ, ծովափին մօտ։ Նաւահանգիստի ափին կը գտնուի Խանիայի եզակի մզկիթներէն մէկը՝ Քիւչուկ Խասան մզկիթը, ինչպէս նաեւ վենետիկեան արսենալը։

Խանիա քաղաքի նաւահանգիստին կը գտնուի աշխարհի ամէնահին փարոսներէն մէկը։ Այժմ ան քաղաքի «այցեքարտն» է եւ խորհրդանիշը։

Ժամանակակից Խանիայի տնտեսութեան հիմքը կը կազմեն գիւղատնտեսութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը։ Քաղաքը կը սպասարկէ «Իոաննիս Դասկալոյեաննիս» օդանակայանը։

Քաղաքին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը Կրետէի բազմարուեստից համալսարանն է, ուր կ'ուսանին մօտաւորապէս 2.200 ուսանող։ Խանիա կը գտնուին նաեւ Միջերկրածովեան գիւղատնտեսական համալսարանը ու կարգ կը գիտական հաստատութիւններ։

•Է. Վենիզելոսի անուան ազգային հետազօտական հիմնադրամ

•Միջերկրածովեան ճարտարապետական կեդրոն

•Ձիթապտուղի եւ մերձարեւադարձային մշակոյթի ակադեմիա

•«Խրիսոստոմոս» գրական միութիւն

Տարի Բնակչութիւն, մարդ
1991 51 710
2001 55 838
2011 53 910

Տեսարժան վայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

•Հին քաղաքին Վենետիկեան արսենալը

Սամարիա կիրճ, աշխարհագրական կառոյց Կրետէ կղզիի արեւմուտքը։ Կը գտնուի Խանիայէն 43 քմ․ հարաւ՝ Օմալոս բարձրավանդակին։ Կիրճը եւ անոր շուրջը գտնուող տարածքը ներառուած են Լեֆքա Օրի ազգային պուրակին։

•Խանիայի մայր տաճար

•Սուրբ Երրորդութեան տաճար, կը գտնուի քաղաքէն ոչ հեռու։

•Գուվերնետօ վանքը, Աքրոտիրի թերակղզին մէկ ուրիշ վանք է։

•Քիւչուկ Խասան մզկիթ

•Հնաբանական թանգարան

•Բանահիւսութեան թանգարան

•Պատմական արխիւ

•Կրետէի ծովային թանգարան

•Քաղաքային գեղարուեստական պատկերասրահ

•Բիւզանդական եւ հետբիւզանդական հաւաքածոյ

•Էլեֆթերիոս Վենիզելոս տուն

•Ռազմական թանգարան

Յայտնի բնակիչներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

•Նանա Մուսխուրի՝ յոյն երգչուհի

•Էմանուիլ Անտոնիադիս (1791-1863), յունական յեղափոխութեան յայտնի մասնակից, յունական պատմագրութեան մէջ յայտնի է որպէս «անկախ լրագրութեան մարտիկ» եւ լրագրող, որ կանգնած էր յունական անկախ մամուլի ակունքներուն

•Նիքոլաոս Գունելաքիս (1829-1869), յոյն նկարիչ, մեծցաւ եւ ուսանեցաւ Ռուսաստան

•Էլենի Դանիլիդու (1982), յոյն թենիսիստուհի[2] [3][4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]