Լրաբեր (թերթ, Նիւ Եորք)
Արտաքին տեսք
«Լրաբեր», հասարակական֊քաղաքական շաբաթաթերթ (սկիզբը՝ երկօրեայ, ապա՝ եռօրեայ)։ Ստեղծուած է Ամերիկահայ առաջադիմական միութեան նախաձեռնութեամբ։ Լոյս կը տեսնէ 1938 -էն Նիւ Եորքի մէջ, 1979-էն՝ Լոս Անճելըսի մէջ՝ հայերէն եւ անգլերէն։ Խմբագիրներ՝ Պ. Մելեան, Մ. Մարտենց, Վ. Ղազարեան (1967-էն), Լ. Թաբակեան (1979-էն)։ Կարեւոր «Լրաբեր» շաբաթաթերթի գլխագիրը դեր կը կատարէ ազգապահպանման օժանդակման, սփիւռք-հայրենիք կապի ամրապնդման գործին մէջ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն սատարած է Խորհրդային Միութեան։ Յետպատերազմեան շրջանին զգալի աւանդ ներդրած է ներգաղթը յաջողութեամբ կազմակերպելու գործին մէջ։ Կը լուսաբանէ ՀԽՍՀ տնտեսութեան եւ մշակոյթի նուաճումները, կ՚արտատպէ հանրապետական մամուլի նիւթեր, կը տպագրէ հայ սովետական գրողներու ստեղծագործութիւնները։