Jump to content

Լուի Տարթիժ Տիւ Ֆուռնէ

Լուի Տարթիժ Տիւ Ֆուռնէ
ֆրանսերէն՝ Louis Dartige du Fournet
Ծնած է 2 Մարտ 1856(1856-03-02)[1][2]
Ծննդավայր Փութանժ
Մահացած է 16 Փետրուար 1940(1940-02-16) (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Փերիկէօ
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Մասնագիտութիւն Officer of the French Navy

Լուի Ռընէ Չարլ Մարի Տարթիժ Տիւ Ֆուռնէ (ֆրանսերէն՝ Louis René Charles Marie Dartige du Fournet, 2 Մարտ 1856(1856-03-02)[1][2], Փութանժ - 16 Փետրուար 1940(1940-02-16), Փերիկէօ), Ֆրանսական ծովուժի սպայ, ծովակալ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ֆրանսայի Հիւսիս-Արեւմտեան Նորմանտիի Լ’Օռն շրջանի Փութանժ քաղաքին մէջ: 1872 թուականին ընդունուած է ֆրանսական բանակի ծովուժի սպայական վարժարան եւ աւարտած հազարապետի աստիճանով:

Սիամի արշաւանքի ընթացքին ան եղած է «Լա Կոմէ» մարտանաւի հրամանատարը: Իսկ 1893-ին, մասնակցած է Պանքոքի (Թայլանտ) ազատագրման մարտերուն: Յետագային, Լուի Տարթիժ կը ստանցնէ «Փոթօ» մեծ ռազմանաւի հրամանատարութիւնը, ապա Հիւսիսային ծովի ֆրանսական նաւատորմին մաս կազմող «Սուրքուֆ» մարտանաւի հրամանատարութիւն:

1909-ին ան Ենթածովակալ է: Պալքանեան պատերազմի ժամանակ (1912-1913), ան կը ղեկավարէ Միջերկրական ծովի դաշնակից ուժերու նաւատորմը եւ փոխ-ծովակալի պաշտօն կը ստանայ:

1915-ին կը ստանձնէ ֆրանսական նորաստեղծ երրորդ նաւատորմի հրամանատարութիւնը, նպատակ ունենալով ազատագրել թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիայի ծովեզերեայ շրջանը:

Տիւ Ֆուռնէն ու Մուսա Լերան ժառանգորդները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1915-ի Սեպտեմբերին Մուսալեռցի հայ փախստականներու նաւ նստիլը

1915-ի Սեպտեմբեր 10-ին, հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրին դէմ զէնք բարձրացուցած եւ Մուսա Լերան լանջերէն հաւաքաբար լերան գագաթը բարձրացած եւ անառիկ ամրոց հաստատած մուսալեռցիները 40 օր ինքնապաշտպանական մարտեր մղելէ ետք առանձին էին։ Փամփուշտն ու սնունդը հատնելու վրայ էր, իսկ ոսոխը՝ անընդհատ կը վերանորոգէր իր շարքերը՝ ինկողներուն տեղ նոր ուժեր կը հասցնէր եւ լեռն ի վեր յարձակումը անընդհատ կը շարունակէր։ Օգնութեան եւ փրկութեան միակ յոյսը Միջերկրական ծովն էր՝ ֆրանսական մարտանաւերը: Դաշնակից ռազմանաւերու անձնակազմի օգնութիւն ստանալու յոյսով, Մուսա Լերան ինքնապաշտպանութեան ղեկավարները կանգնեցուցին սաւաններով պատրաստուած երկու դրօշ, որոնցմէ մէկուն վրայ գծագրուած էր կարմիր խաչը, իսկ միւսին վրայ անգլերէն գրութիւն մը՝ «Քրիստոնեաները վտանգուած են: Օգնութիւն» բառերով:

Տիւ Ֆուռնէ տեղեակ ըլլալով իրավիճակի ծանրութեան, անմիջապէս հեռագիր կ’ուղարկէ Ֆրանսա՝ ներկայացնելով կացութիւնը: Յստակ պատասխան մը չստանալով, իր անձնական պատասխանատուութեամբ՝ իր պաշտօնը կորսնցնելու վտանգն իսկ յանձն առնելով, Սեպտեմբեր 12-ին, 4080 հայեր, «Jeanne d’Arc» և այլ ռազմանաւերով կը տեղափոխէ դէպի Եգիպտոսի Պոր Սաիտ նաւահանգիստը:

Պատմական իրադարձութիւններուն ընթացքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երրորդ նաւատորմի առաքելութեան ընթացքին, 5 Սեպտեմբեր 1915-ին, «Կիշեն» յածանաւը (Թշնամին լրտեսող մարտանաւ) Ռա էլ Մինայէն Մուսա Լերան բարձրունքին կը նշմարէ կարմիր խաչի դրօշ կանգնեցուցած խումբ մը մարդիկ: Ծովակալ Ժան Ժոզէֆ Բրիսոն նաւ մը կ’ուղարկէ «Հայերու ափ» կոչուող ծովեզերքը եւ կապ կը հաստատէ հայ ղեկավար Փիէռ Տիմլաքեանին հետ: Համաձայնութեան գալով, ծովակալներ՝Տիւ Ֆուռնէն եւ Գաբրիէլ Տարիոսը կը միջամտեն ու խիզախ որոշումը կ’առնեն Կիպրոս տեղափոխելու հայերը, սակայն անգլիական ղեկավարութեան ժխտական տրամադրութեան հետեւանքով Եգիպտոսի Սաիտ նաւահանգիստ կը հասցնեն գաղթականները:

Միայն երեք ամիս յետոյ Տիւ Ֆուռնէ հեռագրով մը պատասխան կը ստանայ Ֆրանսայէն, թէ՝ «Ու՞ր կը գտնուի Մուսա Լեռը»: Այսպիսով, եթէ Տիւ Ֆուռնէն չանսար իր խղճի ձայնին, Մուսա Լերան ժառանգորդները այսօր գոյութիւն չէին ունենար:

1916-ի Դեկտեմբերին ան իր զինուորական պաշտօնը կը կորսնցնէ եւ կ’ամուսնանայ այրի կնոջ մը հետ: Կը հրատարակէ քանի մը յուշագրութիւններ, որոնցմէ մէկը՝ «Ծովակալի մը Պատերազմական Յիշատակները» (Փարիզ, 1920), որուն մէջ ամբողջ գլուխ մը նուիրած է Մուսա Լերան հերոսամարտին եւ հայերու փրկութեան մանրամասնութիւններուն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]