Jump to content

Լոռիի Այր Մարդոց Տարազներ

Լոռիի այր մարդոց տարազներ - Լոռիի այր մարդոց զգեստները ունէին կովկասեան տարազներու ոճ եւ երանգ, սակայն կերպասներու ընտրութեամբ ու ձեւուածքով տեղական էին: Այր մարդոց տարազի բաղկացուցիչ մասերն էին վարտիքը, շապիկը, ելակը, արխալուղը, կաշիէ գօտին եւ չուխան:

Չուխան կովասեան տարածաշրջանի այր մարդոց յատուկ առանց օձիքի վերարկուն է, որ կը կարուի մահուդ կտորով։ Ունի այնպիսի ձեւուածք, որ կ՛ընդգծէ տղամարդուն լայն թիկունքը եւ նեղ մէջքը։ Չուխային տակէն կը հագնէին արխալուղ վերնաշապիկը։

Լոռեվի տղամարդիկ ձմեռը կը հագնէին լայն մուշտակ՝ առանց գօտիի։

Տարածուած ոտնամանի տեսակը կաշիէ սրածայր տրեխն էր։

Գլխայարդարանքի համար կը գործածէին աւանդական փափախը՝ կարուած ոչխարի կամ գառնուկի մորթիով:

Մէջքին կը կապէին կաշիէ կամ կտորէ գօտի։