Jump to content

Լոյս (հանդէս, Պոսթըն)

«Լոյս», գիտական, բարոյագիտական, իմաստասիրական կիսամսեայ, ապա՝ միամսեայ (1904-էն) հանդէս, 1907-էն՝ գիտական, գրական եւ բարոյական ամսաթերթ։ Հրատարակուած է 1901-1908-ին, Քեմպրիճի եւ Պոսթընի մէջ, 1925-էն վերահրատարակուած Պերկլիի մէջ իբրեւ ազգային, գրական, գիտական ամսաթերթ, իսկ 30-ականներուն լոյս տեսած է իբրեւ կիսամսեայ հանդէս՝ հայերէն եւ անգլերէն բաժիններով։ Բոլոր տարիներուն խմբագիր էր Մ. Մինասեանը։ Նպատակն էր «ընթերցողական զգացումներ ազնուացնել եւ խորհուրդներ լայնացնել»։ Ծանօթացուցած է ժամանակի գիտական նորոյթներուն, թարգմանաբար օտար գրականութիւնը ներկայացնել հայ ընթերցողին (Կէօթէի, Հայնէի, Լամարթինի, Հիւկոյի, Էմրսոնի, Թենիսոնի եւ ուրիշներու գործերը)։ «Լոյսը» երկրորդ շրջանին սատարած է Խորհրդային Հայաստանի օգնութեան գործընթացին։

Տպագրած է «Օտար հեղինակաւոր վկայութիւններ Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ թուրքերու մասին», «Հայաստան բնակավայր աշխարհի քաղաքակրթութեանց», «Բնիկ նախնիք հայոց» եւ այլ արժէքաւոր յօդուածաշարերը։ Հանդէսին աշխատակցած են Մ. Գաբրիէեանը, Մ. Դասապեանը, Մ. Ցարտըմեանը, Ն. Պուճիգանեանը, Մ. Երեմեանը, Գ. Սարաֆեանը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։