Լոյս (հանդէս, Իսթանպուլ)
Լոյս Լույս | |
---|---|
Տեսակ | հանդէս |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | 1874 |
Երկիր |
![]() |
Գրասենեակ | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
«Լոյս», կրօնական, բարոյական եւ ընտանեկան կիսամսեայ հանդէս (յետագային՝ շաբաթաթերթ)։ Լոյս տեսած է 1874-1885 թուականներուն, Կ. Պոլսոյ մէջ։ Խմբագիրներ՝ Հ. Դիմաքսեան, Մ. Գափամաճեան։ Կրօնական քարոզներու, բարոյական եւ այլ խրատներու միջոցով աւանդած է Աւետարանի սկզբունքները։ Տպագրած է յօդուածներ Հայաստանի պատմական անցեալի, ազգային խնդիրներու, երեխաներու դաստիարակութեան վերաբերեալ։ Վերջին շրջանին կարեւոր տեղ յատկացուցած է երգիծանքին որպէս հասարակական կեանքի արատները վերացնելու միջոց։ Տպագրած է նաեւ Կ. Պոլսոյ ազգային վարչութեան, պատրիարքականի, դպրոցներու, ուսումնական խորհուրդներու գործունէութեան մասին, բանաստեղծութիւններ, տնտեսագիտական զրոյցներ։ Աշխատակցած են Յ. Պարոնեանը (1879 թուականից), Գ. Մալեզեանը, Ա. Ֆածէկեանը, Դ. Սթիմարաճեանը եւ ուրիշներ։ 1882 թուականէն հրատարակուած է համանուն շաբաթաթերթ «Գաւառական թերթ» ենթավերնագիրով՝ նախատեսուած գաւառական թղթակիցներու համար[1][2]։
1895-1908 թուականներուն շարունակած է լոյս տեսնել. խմբագիրներն էին՝ Մ. Սուլթանեան, Հ. Մարք։ Ունեցած է կրօնաբարոյախօսական ուղղութիւն։ «Լոյս» հիմնականին տպագրած է դաստիարակչական բնոյթի նիւթեր։ Թարգմանաբար, երբեմն նաեւ բնագրով, ներկայացուցած է նմուշներ եւրոպական եւ թուրք, գրականութենէն։ Ազգային կեանքի վերաբերեալ նիւթերը գերակշռաբար նուիրուած են դպրոցական-կրթական խնդիրներուն եւ սորվողներուն գործնական գիտելիքներով զինելու անհրաժեշտութեան։ Ծանօթացուցած է նաեւ ժամանակի քաղաղաքական անցուդարձին։ Վերջին շրջանին «Լոյս» վերածուած է՝ կանանց նուիրուած պարբերականի, որ բացառապէս անդրադարձած է ընտանիքի մէջ կնոջ դերի բացայայտման ու նոր սերունդի դաստիարակութեան հարցերուն, հրատարակած չափածոյ եւ արձակ գեղ. գործեր։ Աշխատակցած են Զ. Մոմճեանը, Մ. Փափազեանը, Հ. Արշակեանը, Տ. Կիւլպէնկեանը եւ ուրիշներ։
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ «Վիեննայի մենաստանին մամուլին շտեմարանը- ԼՈՅՍ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-26
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»