Աւետարանը Եւ Աւետարանիչները
Աւետարանը Եւ Աւետարանիչներ, Աւետարան կը նշանակէ բարի լուր պարունակող խօսք, պատգամ։ Աւետարանել կը նշանակէ մարդոց օգտակար ըլլալու դիտաւորութեամբ բարի լուրը քարոզել, պատգամել, հաղորդել։ Աւետարանիչ կը նշանակէ բարի լուրը քարոզող, պատմող, հաղորդող[1]։
Ս. Մատթէոս Աւետարանիչ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մատթէոս աւետարանիչ, նախքան Յիսուսի աշակերտ դառնալը, մաքսապետի պաշտօն կը վարէր. Ճանչցուած էր նաեւ Ղեւի անունով․ Մատթէոս կը թարգմանուի Երգ Կենաց կամ փրկութեան, Ղեւիի ցեղէն էր [2]:
Օր մը, Յիսուս Տիբերիոյ ծովուն եզերքը՝ մաքս ընդունելու վայրին մէջ Մատթէոս տեսնելով, հրաւէր ուղղեց անոր, որ իրեն հետեւի:
Մատթէոս անմիջապէս ընդունեց հրաւէրը եւ միացաւ Յիսոուսի աշակերտներու խումբին: Ականատես եղաւ Յիսուսի հրաշքներուն, լսեց անոր պատգամները:
Սուրբ հոգիի էջքէն ետք միւս առաքեալներուն հետ աւետարանեց Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը եւ վկայեց, թէ Ան էր ապասուած մեսիան, որ մարդ արարածը իր մեղքերէն պիտի փրկէր:
Ժամանակ մը Պաղեստինի մէջ քարոզելէ ետք պտըտեցաւ Սուրիոյ, Արաբիոյ, Պարսկաստանի ու վերջին անգամ Եթովպիոյ մէջ եւ հոն ալ նահատակուեցաւ:
Ս.Մարկոս Աւետարանիչ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարկոս աւետարանիչ երուսաղէմի բնակիչ էր. Մօրը անունն էր Մարիամ. Իրենց տան ընդարձակ սրահը տրամադրուած էր հաւատացեալներու ժողովքին համար:Ինք մկրտուած էր Պետրոսի ձեռքով: Իր մօրեղբօր բառնաբասի հետ ընկերակցած է Սուրբ Պօղոսի առաքելական առաջին ճամբորդութեան: Նաեւ օգնական եւ թարգման եղած է Պետրոս առաքեալին՝ անոր աւետարանական ճամբորդութեանց ընթացքին[2]:Գրի առած է Պետրոս առաքեալին խօսքերն ու քարոզները եւ իր աւետարանը պատրասելու ատեն տեղ տուած է անոնց, այլ աղբիւրներու կողքին:
Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու նահատակութենէն վերջ, Մարկոս քարոզած է Եգիպտոսի մէջ եւ եղած է Աղեքսանդրիոյ առաջին եպիսկոպոսը:
Նահատակուած է Աղեքսանդրիոյ փողոցներուն մէջ քաշկռտուելով:
Ս. Ղուկաս Աւետարանիչ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ղուկաս Աւետարանիչ բժիշկ եղած է[2]:Քրիստոնեայ դառնալէ ետք նուիրուած է Աւետարանը քարոզելու: Եղած է Պօղոս առաքեալին գործակից:Պօղոսի առաքելական երրորդ ճամբորդութեան վերջին հանգըրուանին ընկերացած է անոր ու միասին եկած՝ Երուսաղէմ: Նոյնպէս դէպի Հռոմ ճամբորդութեան ատեն միացած է Պօղոս առաքեալին եւ օգտակար եղած է անոր բանտարկութեան ընթացքին:
Պօղոս առաքեալ իր թուղթերուն մէջ քանի մը անգամ կը յիշէ Ղուկասին անունը եւ գովեստով կ'արտայայուի:
Ղուկաս իր աւետարանը գրած ու ղրկած է Թէոփիլէ անունով նշանաւոր ու պատուական անձի մը, որ նախքան իր նիւթին սկսիլը Թէոփիլէին կը գրէ, թէ ինք ճշմարտութեան հաւաքած է Յիսուսի առաքելութեան եւ գործունէութեան մասին ականատեսներու կողմէ պատմուած բոլոր խօսքերը եւ զանոնք կարգի դնելով գրած է իր աւետարանը, որպէսզի իր լսած ու սորված բաներուն ստուգութիւնը տեսնէ եւ իմանայ:
Ղուկաս Պօղոս առաքեալի նահատակութենէն ետք շարունակած է աւետարանել Իտալիա, Գաղիա, Դաղմատիա եւ Մակեդոնիա: Գրած է նաեւ «Գործք Առաքելոց» գիրքը: Նահատակուած է Յունաստանի մէջ:
Ս. Յովհաննու Աւետարանիչ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս եղբայրն է Յակոբոս առաքեալին:Իրենց հօր անունն է Զեբեդէոս:Հայր ու զաւակներ ձկնորս էին:Յիսուս Գալիլիոյ ծովուն եզերքը շրջելու ատեն տեսաւ Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, որոնք իրենց հօրը հետ իրենց ուռկանը կը նորոգէին:Յիսուս երկու եղբայրները կանչեց, որ իրեն հետեւին:Անոնք ալ ուռկանը իրենց հօրը ձգելով Յիսուսի ետեւէն գացին:
Տասներկու աշակերներուն մէջ տարիքով կրտսերագոյնն էր Յովհաննէս եւ շատ սիրելի Յիսուսին:
Խաչելութեան ատեն Յիսուս իր մայրը՝ Մարիամը յանձնեց Յովհաննէսի հոգածութեան ըսելով՝ «Ով կին, ահա քու որդիդ»: Յետոյ Յովհաննէսին ըսաւ « Ահա' քու մայրդ»:Եւ այդ ժամանակէն Յովհաննէս իր քով առաւ Մարիամ Աստուածածինը:
Յովհաննէս առաքեալ Փոքր Ասիոյ մէջ աւետարանած է եւ կառավարած Եփեսոսի եկեղեցին:Դեմետիանոսի հալածանքներուն ընթացքին, զինք տարած են Հռոմ եւ հոն եռացած ջուրի մէջ նետած:Սակայն չէ մեռած:Յետոյ զինք աքսորած են Պատմոս Կղզին:Աքսորէն ազատուելէ ետք վերադարձած է Եփեսոս եւ հոն վախճանած է բնական մահով:
Եփեսոսի մէջ գրած է աւետարանը:Կոչուած է Աստուածաբան Առաքեալ: Գրած է ընդհանրական երեք թուղթեր:Իսկ իր «Յայտնութեան» գիրքը գրած է Պատմոս կղզիին մէջ, մէջ տեսիլք մը ունենալէ ետք:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Աշակերտին Դասացուցակը, 1700 Ամեակ, Տպագրութիւն՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան Տպարան