Լոյս Փարիզի
| Լոյս Փարիզի Լույս Փարիզի և Louys Parisi | |
|---|---|
| Տեսակ | հանդէս |
| Լեզու | հայերէն |
| Հիմնադրուած է | Սեպտեմբեր 1957 |
| Երկիր |
|
| Գրասենեակ | Փարիզ |
«Լոյս Փարիզի», գրական-գեղարուեստական, հասարակական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1957-1959 թուականներուն, Փարիզի մէջ։ Խմբագիր՝ Ա. Ալիքսանեան։ Փորձած է արտայայտել ֆրանսահայ գաղութի զանազան շրջաններու տրամադրութիւնը։ Նիւթերը հիմնականին նուիրուած են գրականութեան եւ մշակոյթի հարցերուն։ Կարեւոր տեղ յատկացուցած է նաեւ Խորհրդային Հայաստանի գիտութեան, արուեստի եւ այլ բնագաւառներուն մէջ ձեռք բերած նուաճումներուն։ Ներկայացուցած է խորհրդահայ հեղինակներու առանձին ստեղծագործութիւնները, տպագրած երաժշտութեան, թատրոնին ու կինոյին, հրատարակչական գործին նուիրուած յօդուածներ։ Լոյս Փարիզի շաբաթաթերթը անդրադարձած է սփիւռքահայ կեանքի իրադարձութիւններուն, զետեղած լուրեր հայ գաղթօջախներու մասին, արձագանգած քաղաքական կարեւոր դէպքերուն։ Հանդես եկած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործունէութեան դէմ։