Jump to content

Լեւոն Ներսէսեան

Լեւոն Ներսէսեան
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս
Մասնագիտութիւն դեղագործ

Լեւոն Ներսէսեան, (, Կոստանդնուպոլիս), հայ դեղագործ։

Ծնած է Կ. Պոլիս, ստացած՝ դեղագործական կրթութիւն։ Փոքր Ասիոյ արեւմուտքի՝ Սիվրիհիսար քաղաքին մէջ, ունեցած է սեփական դեղատուն եւ աշխատած՝ որպէս դեղագործ։

1907 թուականի Նոյեմբերին, ի թիւս 14 հայ մտաւորականներու, ձերբակալուած է Սիվրիհիսարի մէջ։ Ուրբաթ օր մը ոստիկանը մտած է Լեւոնի դեղատունը եւ ըսած, թէ քաղաքապետարանի ժողովը կը փափաքի զինք տեսնել, ուստի կը խնդրէ իրեն հետ երթալ այնտեղ։ Վատ բան չկասկածելով՝ Լեւոնը ոստիկանին հետ կ՛երթայ քաղաքապետարան։ Այստեղ Լեւոնի վաղեմի բարեկամ, գաւառապետ ալպանացի Խայրի պէյը՝ խոժոռ դէմքով կը հարցնէ, թէ՝ արդեօք անոր քով զէնք կամ վտանգաւոր իրեր ու թուղթեր կը գտնուի՞ն։ Լսելով բացասական պատասխան՝ Խայրի պէյը, հրամայած է պարպել գրպանները։ Արդիւնքի չհասնելով՝ ոստիկանին հրամայած է Լեւոնին մեկուսացնել պարապ ու կեղտոտ սենեակի մը մէջ, որ աղօթավայր կը ծառայէր՝ կառավարութեան անդամներուն համար։

Լեւոնն առաւօտեան տեսած է, որ քաղաքապետարանի բոլոր սենեակները հայերով լեցուած են։ Այդ օրը, բոլոր ձերբակալուածներու տուները, խուզարկութեան ենթարկուած են։ Լեւոնին մայրը՝ ոստիկաններուն, դուռը չէ բացած։ Խուզարկուները հրաւիրած են թաղի հայ աղաներէն մէկուն եւ քահանային ու դուրսէն բացատրած, թէ խուզարկութիւնը կ՛ապացուցանէ որդիին անմեղ ըլլալը եւ թոյլ կու տայ, որ անոր ազատեն։ Խուզարկութեան ժամանակ բռնագրաւած են Լեւոնի բոլոր թուղթերը, նամակները, թերթերը եւ այդ բոլորը միացուցած են անոր գործին։ Հետագային պարզուած է, որ անոնց մատնիչները եղած են երկու հոգի՝ Քած Պօղոսը (կեղծ բժիշկ Պօղոս Թէսթիճեանը) եւ ասորահայ Հեքիմ Ապտալլահը։

Երեք օր ետք, ձերբակալուածներուն եւ երկու լրտեսներուն շղթայակապ տեղափոխած են Անգարայի կեդրոնական բանտ։ Մեղադրուած է 7 Օգոստոս 1905 թուականին (Յուլիս 8), Կ. Պոլսոյ Եըլտըզ թաղամասը՝ Ուրբաթ օրուան աղօթքի արարողութեան աւարտին, սուլթան Ապտուլ Համիտ երկրորդին սպանելու մահափորձին մասնակցելու համար։

Մէկուկէս տարի տեւած բանտարկութեան ընթացքին՝ հայ բանտարկեալները, բազմաթիւ հարցաքննութիւններու ենթարկուած են։ Անոնց հայհոյած, ծեծած, անոնց վրայ սառած ջուր լեցուցած, չարչարած են եւ այլն։ 1909 թուականի Մայիսին, իւրաքանչիւր բանտարկեալէ՝ 500-ական ոսկեդրամ վերցնելով, փաստաբաններու օգնութեամբ, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի միջնորդութեամբ, բոլորը ազատ արձակուած են՝ նիւթապէս, ֆիզիքապէս ու հոգեպէս քայքայուած վիճակի մէջ։

  • Տէր Յովհաննէսեան Գրիգոր, Պատմագիրք Սիվրի-Հիսարի հայոց, Պէյրութ, 1965։

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։