Jump to content

Իրմա Աճէմեան

(Վերայղուած է Իրմա Աճեմեան-էն)
Իրմա Աճէմեան
թրք.՝ İrma Acemyan
Ծնած է 1938
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Մահացած է 1990
Մահուան վայր Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Մայրենի լեզու թրքերէն
Մասնագիտութիւն բանաստեղծուհի
Երեխաներ Տարօն Աճէմօղլու

Իրմա Աճէմեան (1938, Պոլիս, Թուրքիա - 1990, Փարիզ), բանաստեղծ, կրթական մշակ[1]։

Աւարտելէ ետք Էսաեան Վարժարանը, Իրմա Թոքաթ-Աճէմեան հետեւած է Պոլսոյ համալսարանի մանկավարժական եւ հոգեբանական ճիւղերուն։ Աշակերտական տարիքէն բանաստեղծական ու արձակ փորձեր կատարած է։ Աշխատակցած է օրուան թերթերուն եւ յատկապէս «Մարմարա» օրաթերթին, ուր շրջան մը վարած է նաեւ անոր խմբագրութիւնը:

Աճէմեանի զբաղած է ուսուցչութեամբ։ 1966-1976-ին վարած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։

1966-ին խմբագրած է «Կամար» պարբերականը:

1975-ին աւելի քան 130 քերթուածներ մէկտեղած է իր առաջին հաւաքածոյին մէջ՝ «Տալ միայն»։ Անոնք բերած են դէպի աշխարհ բացուելու ընդունակ մտքի մը անժխտելի վկայութիւնը[2]:

Իրմա Աճէմեան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կ'անդրադառնայ սիրոյ, բնութեան, մարդու ներաշխարհին եւ ազգային թեմաներուն։

Արրժանացած է Սարգիս Պօղոսեանի հաստատած «Իսթանպուլահայ Բանաստեղծներ» մրցանակին:

1984-էն սկսեալ տառապած է անբուժելի հիւանդութենէ:[3]

Ամուսինը՝ Գէորգ Աճէմօղլուն, բացի առեւտրային իրաւունքի փորձագէտ ըլլալէ, 1960-ականներուն Հրահանգի հռչակագրի ստորագրողներէր էր։ Ան մայրն էր Նոպէլեան մրցանակակիր Տարօն Աճեմօղլուի (Աճէմեան)[4]։

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անոր գործերէն են՝

  • «Տալ Միայն» 1975 - Իրմա Աճէմեանի «Տալ Միայն» գիրքը հայ գրականութեան մեջ նշանակալի տեղ կը զբաղեցնէ եւ կ'արտայայտէ հեղինակային իւրահատուկ ոճը։ Այս գիրքը կը ներառէ բանաստեղծութիւններ, որոնք կ'ուսումնասիրեն սիրոյ, կորուստի, ինքնագիտակցութեան եւ մարդկային յարաբերութիւններու թեմաները։ Աճէմեանի լեզուն պարզ, բայց խորազգացմունքային է, ինչ որ թոյլ կու տայ ընթերցողին դիւրութեամբ կապուիլ բանաստեղծութիւններուն։ «Տալ Միայն» գիրքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք խորհրդանշական պատկերներու, որոնք կը բացայայտեն աւելի խոր իմաստներ եւ զգացմունքային շերտեր։ Գիրքը կրնայ հետաքրքրել այն մարդոց, որոնք կը փնտռեն զգացական եւ մտածողութեան խորութիւն, ինչպես նաեւ անոնց, որոնք կ'ուզեն հասկնալ մարդու ներաշխարհը եւ անոր զգացմունքներու բարդութիւնը։
  • «Իմ Տողերս» 1985 - Իրմա Աճէմեանի «Իմ Տողերս» գիրքը հայ գրականութեան մեջ կ'առանձնանայ իր խորութեամբ եւ զգացմունքային բովանդակութեամբ։ Գիրքը կը ներկայացնէ հեղինակային բանաստեղծութիւններ, որոնք կ'արտայայտեն սիրային, ընկերային եւ անձնական թեմաներ։ Աճէմեանի ոճը պարզ է, բայց ազդեցիկ լեզուով, որ թոյլ կըւ տայ ընթերցողին զգալ բանաստեղծութիւններու զգացական ծանրութիւնը։ «Իմ Տողերս» գիրքը միաժամանակ նաեւ ինքնազգացողութեան որոնման, ինքնաիմաստաւորման եւ ներաշխարհի ուսումնասիրութեան մասին է։[5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]