Իրաւունք (թերթ)
Իրաւունք | |
---|---|
Պատկեր:Իրավունք (թերթ).JPG | |
Տեսակ | թերթ եւ հանդէս |
Լեզու | հայերէն, ֆրանսերէն |
Խմբագիր | Յակոբ Մաւիեան |
«Իրաւունք», քաղաքական եռօրեայ թերթ։ Լոյս տեսած է 1885 թուականին, Վառնայի մէջ՝ հայերէն, ֆրանսերէն։ Խմբագիր՝ Յ. Մաւի (Յակոբ Մաւիեան)։ Կոչ ըրած է հայերուն ինքնապաշտպանութեան, որպէս ազատագրութեան ուղի մատնանշել Պուլկարիոյ օրինակը։ Պաշտպանած է հայերու իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ, քննադատած օտարերկրեայ դիւանագիտութեան մօտեցումը Հայկական հարցի նկատմամբ։ Լայն տեղ յատկացուցած է միջազգային քաղաքական անցուդարձին։ Նիւթեր արտատպած է ժամանակի հայ մամուլի էջերէն[1][2]։
1896-1911 թուականներուն լոյս կը տեսնէր որպէս եռօրեայ թերթ, ապա՝ շաբաթաթերթ Վառնայի մէջ։ Խմբագիր՝ Հ.Գուրպեթեան։ Պայքարած է յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, հայ ազատագրական շարժումներու միաւորման, ներկայացուցած եւրոպական դիւանագիտութեան եւ մամուլի դիրքորոշումները Հայկական հարցի վերաբերեալ, քննադատած անոնց շահադիտական մօտեցումները, հարցի լուծման ուղի համարած է ռուսական կողմնորոշումը։ Անդրադարձած է Կ.Պոլսոյ հայկական մամուլին, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ հայ համայնքներու պաամութեան։
Դառնալով շաբաթաթերթ՝ լայն տեղ յատկացուցած է թատերական կեանքին։ Գրական բաժնին մէջ յօդուածներ տպագրած է «Հայը պուլկարական գրականութեան մէջ» թեմայով, ներկայացուցած հայ եւ պուլկար հեղինակներու երկեր։ Ունեցած է հայատառ թրքերէնով քաղաքական լուրերու բաժին։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Վիեննայի մենաստանին մամուլին շտեմարանը- ԻՐԱՒՈՒՆՔ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-26
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»