Jump to content

Ինքնասպանութիւններու Կանխարգիլման Միջազգային Օր

Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օր (ՄԱԿ-ի լեզուներով. անգլերէն՝ World Suicide Prevention Day, սպ.՝ Día Mundial para la Prevención del Suicidio, ռուս.՝ Всемирный день предотвращения самоубийств, ֆրանսերէն՝ Journée mondiale de la prévention du suicide), միջազգային օր է, որ սկսած 2003-էն կը նշուի ամէն տարի 10 Սեպտեմբերին։ Նպատակը ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման աշխատանքներու համակարգումն է[1]։

Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օրը սկսած է նշուիլ Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային կազմակերութեան նախաձեռնութեամբ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան աշխոյժ օժանդակութեամբ եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) հովանաւորութեամբ[2]։

Ինքնասպանութիւններու քանակը 2014-ի տուեալներով կազմած է մօտ 800 հազար անձ տարին[3]։ Համաձայն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան վիճակագրութեան, երրորդ հազարամեակին ինքնասպանութիւնից աւելի շատ մարդ կը մահանայ քան բոլոր պատերազմներու զոհերը եւ բռնի մահերը միասին վերցուցած։ Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օրուան նպատակն է միջազգային հանրութեան եւ կառավարութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրել այս իրավիճակին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]