Jump to content

Երիտասարդ Թուրքերու Յեղափոխութիւն

Երիտասարդ Թուրքերու Յեղափոխութիւն

Երիտասարդ Թուրքերու Յեղափոխութիւնը, շարժում մըն էր կազմելու համար Նոր Թուրքիան:

Ապտիւլ Համիտի վարչակարգը,- «Սարսափէն խենթեցած այս բռնակալ»ին, ինչպէս որակած է զինք Անաթոլ Ֆրանս,- անհանդուրժելի էր ոչ միայն հայոց, այլեւ Օսմանեան կայսրութեան ոչ թուրք միւս ազգերուն: Սուլթանը իր բռնակալութեամբ, լրտեսութեան եւ ճնշումի վարչակարգով իր դէմ կը հանէր նմանապէս թուրք մտաւորական տարրերը:

Ժամանակի ընթացքին թուրք քաղաքական արտագաղթ մը սկսաւ դէպի արտասահման: Գաղթողները Փարիզի մէջ համախմբուեցան Ահմէտ Ռիզա պէյի շուրջ, Երիտասարդ Թուրքերու կուսակցութեան մը ձեւին տակ, ինչպէս նաեւ Ազատական կուսակցութեան պետ Սապահէտին իշխանի: Այս երկու դէմքերը իրենց լայն գաղափարներով եւ իրենց պատուախնդիր կեանքով շուտով հայ հայրենասէրներու վստահութիւնը շահեցան: Երիտասարդ Թուրքերու գործունէութիւնը շօշափելի դարձաւ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կոչուած մարմնի ստեղծումով, որուն կեդրոնը կը գտնուէր Սելանիկ եւ որ հետզհետէ աճող հետեւողներ ունեցաւ թուրք սպաներու, պաշտօնեաներու եւ մտաւորականներու շարքերէն: Պալքանեան յեղափոխական կուսակցութիւնները ընդունեցին գործակցիլ Երիտասարդ Թուրք կուսակցութեան հետ՝ համիտեան բռնակալութեան դէմ պայքարելու համար: Երկրին մէջ օրինազանց արարքները առաջ տարուեցան համագործակից ոգիով:

Խաթաբալա

1908 Յուլիսին Երիտասարդ Թուրքերը, Մակեդոնիոյ թրքական բանակի օգնութեամբ, տապալեցին Ապտիւլ Համիտի վարչակարգը, հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները անոնց կողքին էին եւ գործօն աջակցութիւն ցոյց տուին անոնց: Երիտասարդ Թուրքերը հրապարակային խոստովանութեամբ ընդունեցին ատոր կարեւորութիւնը: 1908-ի յեղափոխութեան հետեւանքով Սուլթանը ստիպուեցաւ վերահաստատել 1876-ի ազատական սահմանադրութիւնը, որ հռչակուած էր 1877-1878ռուս թրքական պատերազմի նախօրեակին, բայց մեռեալ տառ մնացած: Օսմանեան կայսրութիւնը այսպէսով կը դառնար սահմանադրական միապետութիւն, ուր անհատական ազատութիւնները ճանչցուած եւ երաշխաւորուած էին:

1909 Ապրիլին, Ապտիւլ Համիտ, յետադիմականտարրերու աջակցութեամբ, փորձեց հակայեղափոխութիւն մը իրագործել: Սակայն Երիտասարդ Թուրքերը, Մակեդոնիոյ բանակին շնորհիւ, վերագրաւեցին մայրաքաղաքը եւ գահընկեց ըրին զայն: Սակայն այս դէպքերուն զուգընթաց, գաւառին մէջ Կիլիկիա՝ տեղի կ'ունենար հայերու նոր կոտորած մը: Այդ ջարդերը, որոնց ընթացքին մահացան 15.000 մարդ, անկեալ վարչակարգին վերջին արարքն էի՞ն արդեօք, թէ ընդհակառակ, Նոր Թուրքիոյ առաջին գիտակից շարժումը: Վիկտոր Պեռարի նման արեւելեան աշխարհին լաւատեղեակ դիտող մը անվիճելի համարած է «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կոմիտէի կարգ մը տարրերուն մեղսակցութիւնը այս դէպքերուն հետ:

Ահմէտ Ռիզա

Բայց հայ կուսակցութիւնները, մասնաւորաբար Դաշնակցութիւնը, կամենալով գործակցիլ թրքական նոր իրաւակարգին հետ, որուն իրենք զիրենք կապուած կը զգային՝ համիտեան վարչակարգին դէմ իրենց մղած հասարակաց պայքարով, նախընտրեցին այս արիւնալի սպանդը վերագրել մահացող հին վարչակարգին: Մինչ կայսրութեան ոչ թուրք միւս ազգութիւնները վերապահութեամբ եւ աճող կասկածով կը դիտէին Երիտասարդ Թուրքերու իրաւակարգը, ամբողջ հայ բնակչութիւնը, իր ազգային կուսակցութեանց ղեկավարութեամբ, որ հոգւով ու մարմնով նետուեցաւ Նոր Թուրքիոյ հետ սերտ գործակցութեան մը մէջ:

Համիտեան դաժան լուծէն ետք, Երիտասարդ Թուրքերու յեղափոխութիւնը անոր կը թուէր կարծես ճակատագրի առաջին ժպիտը: Համագործակցութեան այս քաղաքականութիւնը անցողակի գործելակերպի մը նկատումներուն ցոլացումը չէր արդէն, այլ կը համապատասխանէր հայ ղեկավարներու խոր հայեցակէտին, որ հետեւեալ ձեւով կարելի է խտացնել.- Արդիական կայսերապաշտութեանց ձգտումներուն դէմ, մասնաւորաբար Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ, ցարական այն Ռուսիոյ, որ այնքան դաժանօրէն կը խեղդէր հայկական ձգտումները Անդրկովկասի մէջ: Հայերը կը խորհէին, թէ վերածնած Օսմանեան Կայսրութիւն մը տակաւին մեծ դեր ունէր կատարելիք: Այս կայսրութեան արդարցումն ու գոյութեան իմաստը դաշնակցային կապերով կապ մը ստեղծելն էր թուրքերուն եւ կայսրութեան ոչ թուրք միւս ազգութեանց միջեւ, ինչպէս՝ ալպանցիներ, արաբներ, հայեր, յոյներ, քիւրտեր, լիբանանցիներ, մակեդոնացիներ, սուրիացիներ:

Այս ազգութիւններէն իւրաքանչիւրը առանձին առած՝ շատ տկար էր դիմադրելու օտար կայսերապաշտութեան նախաձեռնութիւններուն, բայց բաւականին զօրաւոր՝ կայրութեան մէջ պաշտպանելու համար իր անհատականութիւնն ու ազատութիւնը: Թուրքերու հովանաւորութեան ներքեւ ազգերու արեւելեան միութեան մը մէջ միաձուլուած՝ անոնք պիտի կրնային կազմել վերանորոգուած Օսմանեան հզօր կայսրութիւն մը, ուր իրենցմէ ամէն մէկը պիտի կրնար զարգանալ ազատօրէն, համաձայն իր սեփական հանճարին: Այս էր տեսակէտը Թուրքիոյ մէջ հայ ղեկավարներուն, տեսակէտ մը՝ խորապէս ազդուած անշուշտ Զուիցերիոյ քաղաքական կառոյցէն, որ իրենցմէ շատեր ստացած էին իրենց ուսումը: Երիտասարդ Թուրքերը զէնքի ընկերներ, անոնց կողքին կռուած ըլլալով նոր վարչակարգի հաստատման եւ պաշտպանութեան համար, անոնք իրենց յոյսը կը դնէին իսկական Օսմանեան Կայսրութեան մը վրայ, որ իբր թէ պիտի յարգէր զինք բաղադրող ժողովուրդներու անհատականութիւնը:

Հայոց Պատմութիւն, Հրանդ Փաստրմաճեան, Դ. Տպագրութիւն, Պէյրութ-2007, էջ 117-118-119